ՓԱՐԻԶ («Նոր Յառաջ»)Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան Սուրբ Ղազար վանքին մէջ, Յունուար 6ին տեղի ունեցաւ բացումը Շաւարշ եւ Արփիկ Միսաքեանի նուիրուած ցուցահանդէսին, ներկայութեան Վենետիկի զանազան շրջաններէն շուրջ 150 իտալահայերու, միաբաններու, Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան՝ Սարգիս Ղազարեանի, նախագահութեամբ Միաբանութեան վանահայր՝ Հ. Եղիա Վրդ. Քիլաղպեանի։ Ներկաները եկած էին մասնակցելու վանքի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցող Սուրբ ծննդեան եւ ջրօրհնէքի արարողութիւններուն։ Յետ ծիսակատարութեան, բոլոր մասնակիցները հրաւիրուեցան սեղանատուն միասնաբար ճաշակելու կէսօրուան ճաշը։ Աւանդութեան համաձայն տարին քանի մը անգամ տեղւոյն հայութիւնը կը հաւաքուի եւ կը նշէ Սուրբ Ծննդեան, Զատկուան եւ Վերափոխման տօները։
Ճաշի սեղանին՝ Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեան խօսք առնելով հայերէնով եւ իտալերէնով հակիրճ կերպով ներկայացուց Շաւարշ եւ Արփիկ Միսաքեանի կեանքը, հետապնդած նպատակը, հայերէն լեզուի գործածութեան եւ փոխանցումին կարեւորութիւնը։ Ճաշէն ետք ներկաները հրաւիրուեցան ցուցասրահ, ուր Հայաստանի դեսպանին եւ Աբբահօր ձեռամբ կտրուեցաւ ցուցասրահին ժապաւէնը։
Արփիկ Միսաքեան իր մահէն առաջ կապ հաստատած է Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանի հետ եւ անոր յանձնած՝ իր գրադարանը, գեղանկարչական եւ անձնական լուսանկարներու եւ տպագրական իրերու իր հաւաքածոները եւ զանազան գոյքերը, առանց իր պաշտօնական կտակին մասին խօսք ընելու։ Արուեստագէտներու գեղանկարները (Գառզուի գծանկարները, Շարթի գունաւոր փորագրութիւնները…), ինչպէս նաեւ պատմական դէմքերու, մտաւորականներու եւ գրողներու դիմանկարներու տպագրական կաղապարները, տիկին Միսաքեան տարիներու ընթացքին մշակել տուած էր՝ թերթին մէջ զանազան առիթներով տպագրելու նպատակով։
Ցուցադրուած նկարներուն մէջ առաջին հերթին աչքի կը զարնէր Բաբգէն Պոտոսեանի կողմէ նկարուած Շաւարշ Միսաքեանի իւղանկարը, որ անցեալին «Յառաջ»ի խմբագրատան գրասենեակը զետեղուած էր եւ մշտապէս կը յիշեցնէր Շ.ն իբր հիմնադիրը, խմբագիրը, մտաւորականը, հայրը։ Տեղ գտած էր նաեւ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժագ Շիրաքի կողմէ Տիկին Միսաքեանին շնորհուած Պատուոյ լէգէոնի ասպետի տիտղոսը՝ շրջանակուած։ Յատկանշական էին նաեւ տարբեր լուսանկարները, որոնք կը պատկերէին Կարդինալ Աղաջանեանի, Վազգէն Վեհափառի, Բաբգէն Արարքցեանի հետ անոր հանդիպումները…։
Սուրբ Ղազարի Վանքը իր թանգարանին մէջ ունի մեծ ցուցասրահ մը, ուր ներկայացուած են դարերու ընթացքին վանքի տպարանին տպագրական սարքերը եւ լոյս տեսած հրատարակութիւնները, աշխարհագրական քարտէսները։ Արփիկ Միսաքեանի կտակածը կու գար հարստացնելու Միաբանութեան ճոխ հաւաքածոն։
Read Time:1 Minute, 29 Second