Նորոյթի բնոյթ սկսած է ունենալ «Արեւմտահայերէնի պահպանութիւնը»: Գրեթէ հագուստի նորաձեւութեան պէս: Մինչդեռ պէտք է առաջադրանք ըլլայ հայերէնի պահպանութիւնը: Անկասկած դրական վերաբերում մը՝ եթէ յաջողինք զայն համազգային առաջադրանք դարձնել, առանց գոհանալու փակ շրջանակներու մէջ զիրար համոզելու փորձեր ընելով:
Ուրեմն աւելի ճիշդ եւ ազգային հեռանկարային պիտի ըլլար ընդհանրապէս խօսիլ «Հայերէնի պահպանութեան» մասին, դուրս գալով սրտցաւութեան խարխափումներէ, այդ «պահպանութիւն»ը դարձնելով ազգային ռազմավարութեան առանցքային հարց, ներսը եւ դուրսը, ինչ որ չէ պարագան, քանի որ յորձանք կայ դէպի օտարախօսութիւն, բանաւոր եւ գրաւոր, օտարախօսութիւնը փոխադրելով երեւութապէս հայերէն խօսքի մէջ, պարզացուած եւ պարզունակ հայերէնի մը մէջ: Այս «երեւութապէս»ը հայերէնի անհետացման միտող նախայարձակում է, օտարաբանութիւններու, վասն արդիականութեան օտար բառերու եւ լատինական տառերու վայրագ ներխուժումը հայերէնի մէջ: Հայաստան եւ սփիւռքներ բնական դարձած է լատինական տառերով հաղորդակցութիւնը, իրապէս չնչին տոկոս կը կազմեն անոնք որոնք կը յամառին հայերէն տառերը գործածել: Եւ կարծէք ոչ ոք կ’անհանգսանայ:
Հայերէնի պաշտպանութիւնը կը սկսի հայերէն այբուբենի պաշտպանութեամբ:
Հայերէնի պաշտպանութիւնը կը սկսի նաեւ օտար բառերու գործածութեան դադարեցումով:
Ո՞ւր կը գործածուին այդ օտար բառերը:
. Հայկական վաճառատուներու ճակատին, Հայաստան եւ սփիւռքներ, օտար բառերը կը ստեղծեն վարժութիւններ, էպիլացիա եւ պասթըրմա կամ սուճուխ, շաուրմա, կոռուպցիա, նախարարութեան մուտքին՝ տրանսպըրտ, ակրարային, պլանտացիա, խիրուրկ, հոսպիտալ եւ հոսպիտալացուած, էլիտար եւ ռեստորան...: Ազգի ինքնութեան պահակ ղեկավարութիւնները ոչ կը հետաքրքրուին ոչ ալ կ’արգիլեն այդ խայտառակութիւնները, Երեւան կամ սփիւռքեան հայաքաղաքի մը մէջ: Խօսի՞նք կրկին հայկական կազմակերպութիւններու օտարագիր նամակներուն եւ ատենագրութիւններուն մասին, որոնք ոչ թէ նահանջի այլ պարտութեան մասին կը վկայեն: Ի՞նչ կը բանին գոյնզգոյն ղեկավարութիւնները, նախագահներ, պետական հանգամանաւորներ: Հայերէնը տէր ունի՞…
. Հայաստան եւ սփիւռքներ, հայկական վարժարաններու, ակումբներու, դպրոցներու եւ պաշտօնատուներու մէջ, առանց նուազագոյն ճիգը ընելու, կը գործածուին օտար բառերը, հեզասահ կերպով, ինտեռնէտ, իմէյլ, քոմփիւթըր, պայոլոճի, մաթեմաթիքա, գրաֆիկա, գիտական բառերը հայերէնով ըսելու ճիգ չ’ըլլար, ինչպէս՝ հատանող՝ տիակոնալ:
Լեզուի առողջութիւնը եւ զտումը անոր պահպանման համար էական են: Այսինքն, արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն պաշտպանութեան կարիք ունին, որպէսզի ամբոխի խառնածին լեզու մը ծնունդ չառնէ, որ սեփական ժառանգութեան շարունակութիւն պիտի չըլլայ, այդ ընթացքին մէջ տանելով ինչ որ մինչեւ այսօր կը կոչենք հայ ազգ: Ղեկավարութիւններու պարտականութիւնն է այս պաշտպանութեան աշխատանքը, աղմկարարութիւններէ, «ձեռք թօթուելներ»է, լուսանկարներէ, տարելիցներով եւ ամեակներով փքուելէ առաջ:
Խորհրդաժողովներ, ուսումնասիրութիւններ, յօդուածներ եւ դպրոցներ միշտ օգտակար են, բայց հայերէնի պաշտպանութիւնը այլ մակարդակ կ’ենթադրէ, որոշումներ եւ գործադրութիւն, որոնց համար անհրաժեշտ է մարդուժ եւ նիւթական միջոցներ: Այլապէս պիտի շարունակենք տրտնջալ, երազել, յուսալ, յուսահատիլ, օր մըն ալ եզրակացնելու համար, որ հայերէնը թանգարանային դարձած է, ուսումնասիրողներու «տոքթորականներ»ու առարկայ:
Հայերէնի պաշտպանութեան համար շաբաթավերջի խօսքի հրավառութիւնները կը նմանին հոգեհանգիստի, երբ լատինատառ գրուած ճառեր կը կարդացուին մեծանուն համարուածներու կողմէ:
Հայերէնի պաշտպանութիւնը կ’իրականանայ եթէ ունենանք «ղեկավարում»ի տեսիլք եւ հարազատի հեղինակութեամբ ղեկավարութիւն, որ ըլլայ վեր«էսթէպլիշմընթ»ային: Իսկ այդ ունենալու համար պէտք է երբեմն գլխիվայր շրջել կացութիւնները, ինչպէս Մարքս ըսած էր Հեկէլի իմաստասիրութեան համար, որ դրուած էր իր գլխուն վրայ եւ հարկ էր կանգնեցնել իր ոտքերուն վրայ, կամ ինչպէս այնքան դիպուկ կերպով ըսած էր Վիքթոր Հիւկօ, որ «կարմիր գլխարկ դրի հին բառարանին»:
Եւ ինչե՜ր ունինք, որոնց գլխուն պէտք է դնել այդ «կարմիր գլխարկ»ը, որպէսզի հայերէնի պաշտպանութիւնը կենսագործուի փոխան խուճապային նահանջի, եւ ընդհանրապէս կանգ առնեն մեր բազմագոյն խուճապները:
Եթէ միայն լսէինք Վիքթոր Հիւկոն… Բայց որքա՞ն կը կշռեն Վիքթոր Հիւկոները…
Վիքթոր Հիւկոն, որ 19րդ դարուն, երբ իր գիրքը հայերէնի կը թարգմանուէր, ըսած էր, որ իր հեղինակի իրաւունքը տրուէր հայ չքաւորներուն…