ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՒՄ ԵՒ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐ ԶԱՒԱՐԵԱՆԻ ԵՒ ՇԱՀՐԻԿԵԱՆԻ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐԸ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՓՈՔՐ ԱՍԻՈՅ ՄԷՋ

0 0
Read Time:17 Minute, 15 Second

 

m veradzin simonzavarian11Համեմատաբար անծանօթ է Մինաս Վերածինը (ծնեալ՝ Գասագեան, 1882-1945), որ արդէն իսկ 15 տարեկան հասակին, երբ կ՛աշակերտէր իր ծննդավայր Պարտիզակի «Ազգային Ներսէս-Շուշանեան» երկսեռ վարժարանը, արդէն իսկ մեծ տենդով եւ խանդավառութեամբ փարած էր հայ ազգային-ազատագրական շարժման արծարծած ու տարածած յեղափոխական գաղափարներուն:
Մինաս Վերածին Եւրոպայի հայ ուսանողական շարժումներուն մասնակիցը եւ Հայ Դատի քարոզիչը դարձաւ՝ յատկապէս Լոնտոնի մէջ աշխատելու եւ ուսումը շարունակելու տարիներուն։ Ծանօթացաւ եւ սերտ կապեր հաստատեց Լոնտոնի մամլոյ եւ քաղաքական շրջանակներու հետ, ինչ որ հիմք ծառայեց հետագայ իր քարոզչական աշխատանքներուն եւ գործակցութիւններուն։minas veradzin
1908ին, Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, ան վերադարձաւ իր ծննդավայրը եւ լծուեցաւ ուսուցչական ու կազմակերպչական եռուն աշխատանքի։ Դարձաւ սերտ գործակիցը Սիմոն Զաւարեանի, որ այդ շրջանին հայ ազգային վարժարաններու կրթական քննիչի առաքելութեամբ Պարտիզակ այցելած էր։ Սիմոն Զաւարեանի կողքին Յարութիւն Շահրիկեան եւս իր հոգածութեան արժանացուց երիտասարդ գործիչին եւ մղեց Մինասը, որպէսզի աւելի սպառիչ ուսումնասիրութեան արժանացնէ Փոքր Ասիոյ հայաշատ կեդրոնները։
Այդ ուղեւորութեան ընթացքին իր հաւաքած տեղեկութիւններէն պատառիկներ, Ֆարհատ գրչանունով, Մինաս լոյս ընծայեց ժամանակի դաշնակցական մամուլին մէջ։
Այս գրութիւնը, լոյս ընծայուած է «Հայրենիք Ամսագիր»ի Փետրուար 1931-ի (9-րդ Տարի) թիւին մէջ, մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ Սիմոն Զաւարեանի եւ Յարութիւն Շահրիկեան գործունէութիւնը:
Մինաս Վերածին, որ վերջին տարիներուն եղած էր Գալիֆորնիոյ «Ասպարէզ»ի խմբագիրը, մահացաւ Մայիս 26-ին 1945-ին, Սան Ֆրանսիսքոյի Սէնթ Մէյրիզ հիւանդանոցին մէջ, սրտի հիւանդութեան պատճառով, շարունակ չորս ամիս անկողինի ծառայելէ ետք:
Խմբ.
ՄԻՆԱՍ ՎԵՐԱԾԻՆ

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Հ.Յ.Դ. 125-ամեակի բացառիկ

…Ամէնքս անցեալին կը նայինք։ Ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր անցաւ բեղմնաւոր գործունէութիւնը կուսակցութեան մը, որուն նմանը երբեք ունեցած ըլլայ հայ ժողովուրդը։
Եւ որո՞նք էին այդ կուսակցութեան ղեկավար, շարժիչ ուժերը։
Բացայայտօրէն Հ.Յ.Դաշնակցութեան գործի ասպարէզը տարածուեցաւ ամէն տեղ՝ ուր հայ կար։ Գործունէութեան առանցքը՝ հայ բնաշխարհը։ Համահայկական կազմակերպութիւն մը, որուն նպատակը եղաւ, եւ է այսօր ալ, մեր ժողովուրդի ընդհանուր վերազարթումը, Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային վերականգնումը։
Ամէն հայ անհատ եւ հայ հաւաքականութիւն իրեն, եւ իրմով՝ հայ հայրենիքին համար։ Կամ ամէն հայ անհատ եւ հայ հաւաքականութիւն հայ հայրենիքին, եւ ատով՝ իրեն համար։
Այս նշանաբանով ջերմացան եւ ոգեւորուեցան աշխարհի բոլոր ծագերուն ցիրուցան հայերը։ Ամէն ճիգ եւ ամէն քայլ դէպի հայ բնաշխարհը։ Եւ կարծես որքան հեռու լինէր հայն իր հայրենի բնագաւառէն, այնքան աւելի կը զօրացնէր իր զգացումները՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան շունչին ներքեւ։
Բայց որո՞նք ցանեցին գաղափարի այս առողջ սերմերը արդէն խոփ ու արօր տեսած հոգեկան դաշտերու վրայ։ Եւ ինչպէ՜ս յաջողեցան իրենց դժուարին առաքելութեան մէջ։
Եթէ ճիշդ է թէ ժողովուրդներու կեանքի պատմութիւնը, զանոնք առաջնորդող մարդոց պատմութիւն է, ապա Հ.Յ.Դաշնակցութեան ամբողջ գործունէութիւնը՝ ընդհանրապէս կրնանք արտայայտութիւնը նկատել իր ղեկավարներուն։ Ղեկավարներ՝ որոնք ամէն տեղ եւ ամէն առթիւ ջանացին ճանչնալ հայ ժողովուրդին ներքին ընդունակութիւնները. մօտեցան անոր նոր ըմբռնումով եւ նոր եզրերով. խառնուեցան անոր, իջան մինչեւ ամենէն խոնարհ յարկերը, մինչեւ գիւղերը եւ հիւղերը, բուն իսկ հիմէն ու արմատէն ուսումնասիրել կարենալու այն ժողովուրդը, որուն նոր եւ իրական առաջնորդները պիտի ըլլային։
Ո՛չ թէ ճանաչումի եւ ծանօթացումի տկար փորձեր կատարուած չէին նախապէս ուրիշներէ, այլ նոր փորձերն իրենց ծաւալով, իրենց խորութեամբ եւ մեթոտներով կը կրէին արդիական շունչ մը եւ կնիք մը, գրեթէ բոլորովին անծանօթ մինչեւ այն ատեն։
Այս տեսակէտէն, եւ հանգուցեալներէն իմ ուշադրութիւնը գրաւած են երկու ականաւոր Դաշնակցական ղեկավարներ – Սիմոն Զաւարեան եւ Յարութիւն Շահրիկեան։
Երկուքն ալ բուռն ճիգ կը գործէին ճանչնալու հայ ժողովուրդը։
Ճանչնալ բառին մէջ ամբողջական փիլիսոփայութիւն մը կայ։ Հայ ժողովուրդը փաստօրէն
ինքզինքը չէր ճանչնար։ Հայ ղեկավարը ոչ աւելի։ Մեծ գործ մըն էր, Հերքիւլեան աշխատանք մը։
Ինչպէ՞ս պիտի կրնային ճանչնալ հայ ժողովուրդը, յատկապէս Փոքր Ասիոյ ընդարձակ տարածութեան վրայ, եթէ չուսումնասիրէինք անոր բովանդակ եւ բազմապիսի կեանքը։

Յարութիւն Շահրիկեան
Յարութիւն Շահրիկեան

Սիմոն Զաւարեան եւ Յարութիւն Շահրիկեան ինքնաճանաչումի այս քարոզը կարդացին, բանաձեւեցին ու ծրագրեցին, իսկոյն որ թոյլատու պայմաններ ստեղծուեցան Օսմ. Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք։
Երկուքին ալ ծանօթացայ, ապա մտերմանալու համար, 1908¬ի աշնան, երբ Լոնտոնէն վերադարձայ Կ. Պոլիս, տասներկու տարուան բացակայութեան մը կարօտն առնելու ծննդավայրէս, Պարտիզակէն։
Զաւարեանը սկիզբէն իսկ սիրեցի։ Համակրելի, դիւրահաղորդ եւ ժողովրդասէր մարդ մըն էր։ Գիւղը, գիւղացիները, կենդանիները եւ բնութիւնը շատ կը սիրէր։ Իրմէ տարբեր չէի ես ալ։ Զաւարեան կը հետաքրքրուէր պատմութեամբ, աշխարհագրութեամբ եւ հնագիտութեամբ։ Ճիշդ նոյն հակումներն ունէի ես ալ։
Շահրիկեան սկիզբէն պաղ երեւցաւ ինծի, անժպիտ։ Հաւանօրէն ես ալ իրեն թուեցայ այդպէս։ Չոր ամէն խօսքի ու նախադասութեան մէջ բծախնդիր, կը քաշուէի բան մը ըսելէ իրեն, կարծես բառ մը, կէտ մը, շեշտ մը կը փնտռէր քննադատելու եւ վերագրումներ ընելու։ Գուցէ իր նպատակն այդ չէր, բայց այդպէս էր տպաւորութիւնս։ Կը յարգէի զինքը, կþակնածէի իրմէ եւ երբեմն ալ կը մտածէի. «Ահա հաւկիթին մէջ մազ փնտռող իսկական մարդը»։
Հասարակաց քիչ բան կը գտնէի Շահրիկեանի եւ իմ միջեւ։ Շահրիկեանի բուն երակը դեռ շօշափած չէի։ Ի՛նչ ընելու էի, որ Շահրիկը նուազ խստապահանջ ըլլար։ Ժիրայր (Բարթող Զօրեան), Մովսէս Պետրոսեան եւ Յովհաննէս Պէյ Չայեան իր մտերիմներն էին։ Ես ալ պատկանէի այս խումբին, բայց Շահրիկի մտերմութիւնը փարսախներով հեռու էր ինէ։
Զաւարեան պայծառ էր մտքով ու արտայայտութեամբ, ինչպէս արեւելքի երկինքը։ Խնդումերես, սիրալիր, հեզահամբոյր։ Հասկնալի էր, մատչելի ամէնուն։ Իմ խոր ու անվերապահ համոզումով գոմի կենդանիներն ու փեթակի մեղուներն անգամ կը հասկնային Զաւարեանը, անոնց ալ ճշմարիտ բարեկամը։
Շահրիկեանը հասկնալու համար մեծ ճիգ պէտք էր, վերլուծում, ներհայեցողութիւն, վերծանում եւ վերամշակում։ Եւ վա՜յ քեզի, եթէ այս հզօր ճիգիդ մէջ սանդիմ մը պակաս չափէիր։
Զաւարեան կը խօսէր, կը գործէր եւ կը շփուէր բոլոր խաւերուն հետ։
Շահրիկեան մռայլ էր, ընդհանրապէս կը խօսէր, կը գործէր գրասենեակի եւ սրահներու մէջ։ Ախորժ չէր զգար շփում ունենալէ ժողովուրդին հետ։ Թերեւս իր ականջներուն ծանրութիւնն ալ ազդած էր իր տրամադրութեան եւ ապրելակերպին։
Այսու հանդերձ երկու գործիչներն ալ մեծ տպաւորութիւն եւ ազդեցութիւն գործեցին Կ. Պոլսոյ եւ շրջակայ գաւառներուն մէջ։ Զաւարեան՝ ընկերներուն եւ գիւղացիութեան վրայ։ Շահրիկեան՝ ընկերներուն եւ քաղաքացիութեան վրայ։
Երկուքին հետ ալ քանիցս ճամբորդութիւններ կատարած եմ թէ՛ Կ. Պոլիս եւ թէ՛ շրջակաները։ Զաւարեանին հետ քանի մը անգամ պտոյտ ըրած ենք բուն Կ. Պոլսոյ թաղերը եւ շրջած ենք Մարմարայէն Ոսկեղջիւր ամբողջ պարիսպներու գօտին։ Սակայն, անջնջելի կը մնան երկու ուղեւորութիւններ դէպի իմ ծննդավայրս՝ Պարտիզան եւ Նիկոմիդիա ու Ատափազար։
Զաւարեան եւ ես միասին այցելեցինք Պարտիզակ 1909¬ի Բարեկենդանին։ Պարտիզակի մեր եռանդուն ընկերները հրաւիրած էին զինքը։ Զաւարեան անուանի գիւղատնտես էր, իսկ Պարտիզակ գիւղ մը։ Գիւղատնտեսն ու գիւղը կարօտ էին փոխադարձ ծանօթութեան։ Պատահական չէր այս հրաւէրը։ Պարտիզակցին անմիջական պէտք չունէր գրագէտներուն եւ գրողներուն, որոնցմէ բաւական մը ունէր ինքն ալ։ Ճառախօսներու ալ մեծ կարօտը չէր քաշեր, որովհետեւ, բացի իր սեփական արտադրութիւններէն, պերճախօս քարոզիչներ եւ բեմասացներ անծանօթ չէին իրեն թէ՛ Սբ. Յակոբի սեղանէն, թէ՛ Աւետարանական բեմերէն եւ կամ իր լսարաններէն։
Պարտիզակ գիւղ մըն էր, եւ ինչպէս կը հաւաստէին այն ատեն, շուրջ 10.000 բնակիչներով, զուտ հայաբնակ։ Ան կը տառապէր գիւղատնտեսական եւ երկրագործական ցաւերէ։ Ճոռոմ հրապարակախօսութիւնները եւ մեծադղորդ յայտարարութիւնները չէին լուսաբաներ եւ առաջնորդեր գիւղացին, ընհակառակը կþաւելցնէին անոր շփոթութիւնները։ Այդ մեծ հայ շրջանը պէտքն ունէր գիւղատնտես¬ախտաճանաչի մը այցելութեան։
Եւ ճամբայ ելանք Զաւարեանին հետ հայրենի գիւղս եւ համեստ տունս տեսնելու, մեր անապական գինին, պարարտ ու համեղ վարազի միսը, քաղցրահամ մածունը եւ արդար կաթը համտեսելու։ Այլեւս չեմ յիշեր Նիկոմիդիոյ ծոցին եւ մանաւանդ Պարտիզակի հրաշագեղ բնութիւնը չմեղադրուելու համար հայրենագովութեամբ։
Հայտար փաշայէն երկաթուղի առինք առտու կանուխ, կէսօրէն առաջ Նիկոմիդիա հասնելու։ Մեր վակոնին մէջ հանդիպեցանք Տէյիրմէնտերէցի թուրքի մը, որ ծանօթ էր հօրս եւ եղբօրս։
Զաւարեան մօրուք ունէր, զոր քիչ կը խնամէր։ Նաեւ թուրքը։ Ես կը խորշէի մօրուքէ, Անգլիա ապրած մարդոց ընդհանուր հակումներով, բայց Զաւարեանի մօրուքը կը սիրէի, իբրեւ բացառութիւն։ Հակառակ իր անկատար թուրքերէնին, Զաւարեան շուտով մտերմացաւ մեր հայրենակից իսլամին հետ, որ Մէքքէ¬Մէտինէ գացած հաճի էր։ Զաւարեանն ալ Երուսաղէմ Դամասկոս գացած էր ու շարունակ կը խօսէր արաբական կեանքի, պէտէվիներէն, անապատէն, եւայլն։
Երկուքը լուսաղբարներ եղան։ Այլեւս թուրքը սկսաւ «Հաճի Սիմոն Չէլէպի» կոչել զինքը, բնականաբար անունին ծանօթանալէ ետք։ Հայտար փաշայէն մին չեւ Եարըմճա կայարանը, մենք Արաբիայէն անցանք Տէյիրմէնտէրէի համբաւաւոր թարմ կաղինին, երախայրի կեռասին եւ ձմրան խաղողին։ Զաւարեան շատ գործնական թելադրութիւններ ըրաւ թուրքին։
Նիկոմիդիոյ կայարանը դիմաւորեցին մեզ տեղւոյն ընկերները ¬ Վ. Չուլլէրեան, բանաստեղծ Ահարոն Տատուրեան, Անուշաւան Քիւթնէրեան, Յակոբ Սարգիսեան (յետոյ Բիւթանիա) թերթին խմբագիր եւ Կիլիկիա գրատան տէր եւ ուրիշներ։
Այդ օրը մենք չմնացինք Նիկոմիդիա։ Պարտիզակի նաւակներով խաչաձեւեցինք Նիկոմիդիոյ միապաղաղ ու հեզանազ ծոցը եւ դուրս եկանք Պարտիզակի նաւամատոյցը, Սէյմէն, ուր դիմաւորեց մեզ տեղւոյն անմոռանալի ընկերներէն Պըզի Պէս (բուն անունը մոռցեր եմ) նաւամատոյցի գործակալ մը։
Կառքով բարձրացանք գիւղը։ Վարի գերեզմանին մօտ Պարտիզակի երիտասարդ Դաշնակցականները ցոյց մը կազմակերպած էին։ Ատրճանակ եւ հրացան կþազդարարէին Զաւարեանի ժամանումը։ Բայց Զաւարեան ցոյց սիրող եւ եռանդ վատնել տուող մարդ չէր։ Վարի գերեզմանը Պարտիզակի երկրորդ գերեզմանատունն է, դէպի նաւամատոյց տանող խճուղիին եւ ասկէ դէպի Հռոմին գեղը (յոյն Եէնիքէօյ) տանող ճամբայիբ միջեւ։ Գերեզմանատունէն քանի մը քայլ անդին կը սկսին տուները, իսկ քիչ մը վարը, ցած հովիտի մը մէջ՝ Բռաջոլին մալը (Յակոբ Չալըգեանի կալուածը)։
Զաւարեան իսկոյն կառքէն վար իջաւ։ Հետեւեցայ իրեն։ Տեղի ունեցան ընդհանուր ծանօթացումներ ընկերներուն հետ։ Հոն էին Եռուանդուն Յակոբ Չալըգեան (Բրաջոլ), որ Սահմանադրութեան հռչակման առթիւ Պարտիզակի միւտիրին կնիքը առնողներէն մին եղած էր, Օննիկ Պաղտասարեան, Հայ Պոյ կոչեցեալ՝ իր հասակին բարձրութեան համար, համակրելի, անկեղծ ու պատուական երիտասարդ մը, համետագործ եւ քաջ որսորդ, որդին Պարտիզակի քաջերէն՝ Պաղտասար Ակոյի, անմոռանալի Յովհաննէս Խաչերեան, Բոնտոտ կոչեցեալ՝ իր քայլուածքին համար, ընդունակ եւ տաղանդաւոր ընտանիքի մը անդամը, նաեւ Օննիկ Բարաղամեան, Յակոբ Եաքոյեան, բազմավաստակ ուսուցիչ Գրիգոր Սարայտարեան, հայկաբան Մելքոն Յովսէփեան, Յակոբ Խաշմանեան եւ եղբայրը՝ Աշոտ, տաղանդաւոր ուսանող եւ վաղամեռիկ ընկեր Գեղամ Գուշակեան, եղբօրորդին Եգիպտոսի այժմու Առաջնորդ Թորգոմ Արք. Գուշակեանի, եւ բազմաթիւ ուրիշներ, որոնց անունը չյիշելուս՝ մարդիկ եւ Աստուած թողութիւն շնորհեսցեն։
Ջերմ էր Զաւարեանի տուած ընդունելութիւնը, թէեւ մեր տաքարիւն ընկերները չախորժեցան իրենց զգացումին զինային արտայայտութեան արգիլումէն։ Եւ գիւղը մտանք թափօրով։
Զաւարեան այցելեց Պարտիզակի բոլոր կրթական եւ ընկերային հաստատութիւնները։
Այն ատեն բացի գոցի խնդիր չկար եւ յաջորդ օրը, Կիրակի, իր ծրագրուած բանախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Ս. Յակոբ եկեղեցիի բեմէն, սեղաններու գոց վարագոյներուն առջեւ։ Կը նախագահէր մեր ընկեր Մատաթիա քհնյ. Կէօնտիւրեան (Լեւոն Կէօնտիւրեան)։ Հոս, երկսեռ խուռն բազմութեան առջեւ, Զաւարեան խօսեցաւ, ոչ միայն Հ.Յ.Դաշնակցութեան աշխարհահայեացքներու մասին, այլ նաեւ այն հարցերուն, որոնք կը շաղկապեն հայ գիւղացիին խնդիրներն ու կարիքները այդ հայեացքներուն հետ։
Պարտիզակցիին, ամբողջ Նիկոմիդիոյ գաւառին ու թեմին, նաեւ ամբողջ Պրուսայի, Պիլէճիկի, Էսկիշէհրիի եւ շրջաններու մօտ 250.000 ենթադրուող հայութեան գլխաւոր հարցերն էին՝ ծխախոտ եւ րէժի, խոզակ եւ մանարան, երկրագործութիւն եւ հարկում, դրամ, վաշխ եւ տոկոս, անասնապահութիւն եւ երկրագործական անապահովութիւն, գիւղատնտեսութիւն եւ հողերու սակաւութիւն, փայտ, ածուխ, անտառներ եւ պետական բռնագրաւում։ Զաւարեան, վարժ ու ներթափանց միտք, ո՛չ միայ շուտով կþըմբռնէր հարցերը, այլ եւ աւելի լաւ կը պարզաբանէր զանոնք քան իրենք՝ գիւղացիները։
Այս հարցերու նկատմամբ, բանախօսութենէն առաջ եւ ետքը ունեցանք խորհրդակցութիւններ թէ՛ անհատներու եւ թէ՛ պաշտօնական մարմիններու հետ։
Ան մտաւ մեր տուները եւ զննեց եւ Բարաղամեան եղբայրներու Տան մէջ մի անգամ հանդիսաւորապէս սա խօսքերը ըսաւ.
»Եթէ հայ ժողովուրդը պարտիզակցիներու մշակութային եւ տնտեսական վիճակին հասնի, փրկուած է«։
Այս խօսքը այնուհետեւ երբեք չմոռցայ եւ քանի ուսումնասիրեցի հայ ժողովուրդը եւ ուղեւորութիւններ կատարեցի Հայաստանի ու Փոքր Ասիոյ զանազան անկիւնները, ա՛յնքան աւելի համոզուեցայ թէ որքա՜ն ճիշդ բանաձեւած էր Զաւարեան հայ ժողովուրդի վիճակը։
Երբ Պարտիզակի Ամերիկեան Բարձր Վարժարանն այցելեցինք, փրոֆ. Արմենակ Տէր Յակոբեանի բարձր կարգի դասարանին մէջ, նոյն փրոֆեսորին հրաւէրով, Զաւարեան խօսեցաւ Ամերիկեան դաստիարակութեան եւ յատկապէս Աբրահամ Լինքընի գաղափարական մեծութեան նկատմամբ։
Եւ ուր որ հանդիպեցանք, Տոքթ. Ռոպերթ Չէմպըրսի թէ Ազգային Վարժարանի կամ Մխիթարեան վարդապետներուն, Զաւարեան գործնական բան մը գտաւ թելադրութեան։
Պարտիզակի շրջանակները, արեւմտակողմի հայ գիւղերու մօտ, 1878-ի ռուս-թրքական պատերազմէն ետք գաղթած ու հաստատուած կուռճի (վրացի մահմետական) գիւղեր կան։ Ասոնք եկած են Աճարայէն կամ Պաթումի շրջանէն։ Համիտիէ եւ Տէօշէմէ այլ գիւղերէն են։
Ցերեկ մը Զաւարեանի հետ ընկերներով ճաշի պիտի երթայինք ու դուրս կþելլէինք ընթերցատան¬սրճարանէն։ Ճիշդ Պարտիզակի կեդրոնական շուկային մէջ Զաւարեան հանդիպեցաւ քանի մը կուռճիներու։ Սկսաւ վրացերէն խօսիլ անոնց հետ։ Անսահման եղաւ կուռճիներու ուրախութիւնն ու ոգեւորութիւնը։ Կþուզէին իրենց գիւղը տանիլ զինքը, իբրեւ հիւր ամբողջ շրջանի վրացի գիւղերուն։
Բաւական դժուարութիւն կրեց մինչեւ կրցաւ համոզել զանոնք թէ ժամանակ չունէր եւ ստիպուած էր շուտով վերադառնալ Պոլիս։ Կուռճիներուն մօտէն ծանօթ եւ նոյնիսկ անոնց լեզուին քիչ շատ ընտելացած պարտիզակցի ընկերներ նոյնպէս միջամտեցին եւ խոստացան օր մը Զաւարեանը տանիլ Համիտիէ եւ Տէօշէմէ։ Այս խոստումը երբեք չիրականացաւ, որովհետեւ 1909¬ի Բարեկենդանի այս այցելութիւնը դէպի Պարտիզակ Զաւարեանի համար եղաւ առաջինն ու վերջինը։

Սիմոն Զաւարեան
Սիմոն Զաւարեան

Զաւարեանի այցելութիւնը խորին տպաւորութիւն թողուց մանաւանդ մեր այն ընկերներուն վրայ, որոնք գիւղատնտեսութեամբ շահագրգռուած էին։ Պարտիզակի նոր սերունդը կը ձգտէր հիմնել այնպիսի տնտեսութիւն մը, որ նոր ու աւելի շահաւէտ ըլլար իր հայրերու տնտեսութենէն։
Մեղուաբուծութիւնը, պաղամշակութիւնը, անասնապահութիւնը, մանաւանդ այծը, ոչխարն ու կովը ուշադրութիւնը գրաւած էին Պարտիզակի նոր սերունդին։ Տեղեկութիւններ, հրահանգներ, խորհուրդներ, թելադրութիւններ եւ գիրքեր կը պահանջուէին։ Ու Զաւարեան տուաւ ինչ որ կրնար կարճ ժամանակի մը մէջ, մնացեալը թելադրելով Կ. Պոլսէն։
Հետագային, գիւղատնտեսական շատ մը ձեռնարկներ Պարտիզակի եւ շրջակայ հայ գիւղերուն մէջ, անհատական թէ հաւաքական, իրենց արմատները կը տարածեն մինչեւ Զաւարեանի խորհուրդները։ Օննիկ Պաղտասարեանի մեղուները, Օննիկ Ղազարոսեանի բարտիներն ու կաղինի տնկարանները, Եագուպեաններու եւ Բարաղամեաններու կեռասենիի, տանձենիի ու սալորենիի պարտէզները, Յակոբ Չալըգեանի կալուածին վերակենդանացումը եւայլն՝ զարկ ստացան Զաւարեանի թելադրութիւններէն։
Անտարակոյս, Պարտիզակ հասուն գետին մըն էր Զաւարեանի գիւղատնտեսական քարոզութիւններուն համար։ Գիւղին մէջ կային գիւղատնտեսներ եւ տնտեսական կազմակերպիչ ուժեր։ Պ. Յակոբ Սինանեան ունէր անհատական մեծ տնտեսութիւն¬ագարակ եւ աւարտած էր Հալքալըի երկրագործական վարժարանը, թէեւ իր հօրենական կալուածը կը վարէր պրն. Արտաշէս Պաղտասարեան, վարպետ ու տնտեսագէտ երկրագործ¬ծխախոտի փորձագէտ մը։ Պարտիզակ ունէր համեմատաբար խոշոր կոչուելիք անասնապահներ (աղըլ), ինչպէս կապէճները (Միհրան Պօտուսեան, իր Օննիկ եւ Գրիգոր եղբայրներով), Ենովք Քէհեան, նաեւ ուրիշներ։ Տնտեսական կազմակերպիչներէն իրական ուժեր էին պրն. Գառնիկ Պօտուռեան, կարող, ձեռնհաս եւ պատրաստուած ուսուցիչ մը, որ զինադադարէն ետք, դժբախտաբար մեռաւ ի Գահիրէ զոհ ամաճարակի։ Այլապէս ուշագրաւ կազմակերպիչ ուժ մըն էր եւ հետագային փայլեցաւ Գառնիկ Պօտուռեանի հաւասար, պրն. Գրիգոր Մխալեան, բազմավաստակ եւ տաղանդաւոր ուսուցիչը։
Ասոնք մեր շրջանակին չէին պատկաներ, կորդներ էին, բայց հաշուի առնուելիք ուժեր, նոյնիսկ մի քանի կուսակցական հակառակ, որոնց համագործակցութիւնը գրեթէ պայման էր Պարտիզակի գիւղատնտեսական ձեռնարկներու լրիւ յաջողութեան։
Սինանեանները, Պաղտասարեանները, Կապէճներն ու Ենովքները անհատական ուղղութեան ներկայացուցիչ գիւղատնտես¬անասնապահներն էին, նոյնը եւ Օվաճըգի Զաքարեանները։ Բոլորովին տարբեր էին Զաւարեանի ըմբռնումներն ու թելադրութիւնները։ Գիւղացիները, բուն ժողովուրդը պէտք ունէր վերակազմելու իր տնտեսութիւնը նոր եւ արդիական հիմերով։
Այսպէս Զաւարեանի լուսաբանութիւնները փոքր դեր չկատարեցին մեր ընկերներու գործունէութեան թափը զօրացնելու եւ հետագային ընդհանուր երկրագործական¬գիւղատնտեսական գործունէութիւնը հնարաւոր դարձնելու։
Ես պարտաւոր եմ միայն յիշել ու անցնիլ անունները երկու ականաւոր գործիչներու, Սարգիս Սրենցի եւ Խոսրով Պապայեանի, որոնք իբրեւ կէս¬պարտիզակցի, քանի մը տարի ետք լծուեցան մեծ շարժման, որ Պարտիզակը բարձրացուց Արեւմտեան Փոքր Ասիոյ առաջին փայլուն կեդրոնին, ժողովրդական համագործակցութեան տեսակէտէն։
Բարեկենդանի օրերու այս լրումին հետ, Զաւարեանի հետ անցանք Նիկոմիդիա, ուր բանասխօսութիւն մը կազմակերպած էր տեղւոյն Հ.Յ.Դ. կոմիտէն։
Զաւարեանի բանախօսութիւնը տեղի ունեցաւ նոյն իրիկունը Նիկոմիդիոյ Ազգային Շերամատան սրահը։ Այս շէնքը, քաղաքին հայոց համբաւաւոր գեղեզմանատան մօտ, դպրոցի վերածուած էր։ Դաշնակցական առաքեալը լսելու եկած էին քաղաքին ոչ¬դաշնակցական եւ ազդեցիկ տարրերը, ինչպէս Պուլուտեան եղբայրները, Տոքթ. Ճէըրահեան, Գավէզեան եւ շատեր։ Զաւարեան խօսեցաւ հարկումի մասին։
Կարծեմ առաջին անգամն էր, որ հայ ժողովուրդը կը լսէր քաղաքական եւ կուսակցական ղեկավարի մը վերլուծումները Թուրքիոյ հարկային դրութեան նկատմամբ, ձեռնհաս եւ ուսումնասիրուած պարզաբանութեամբ մը եւ եզրակացութիւն դարմաններով։
Գաւառին հայ ժողովուրդը, եւ ներկայ պարագային Նիկոմիդիացին, չէր կրնար երեւակայել թէ կարելի է բանախօսութիւն ընել հարկումի մասին։ Աւելորդ բառեր եւ հռետորական դարձուածքներ չկային Զաւարեանի բանախօսութեան մէջ։ Ինչ բանով կը հետաքրքրուէր Նիկոմիդիացին ¬ ծխախոտ, խոզակ, ձուկ եւ թրանզիթ, չէ՞։ Զաւարեան ըմբռնած էր մնացածը։
Դիոկղետիանոս կայսեր մայրաքաղաքի զանազան վայրերը այցելելէ ետք, յաջորդ օրը վերադարձանք Պոլիս։ Զաւարեան հիանալի տպաւորութիւն ստացած էր Պարտիզակէն եւ այս վերջինը, յանձին իր Դաշնակցական երիտասարդութեան, կողմէ։
Գրեթէ տարի մը ետք Շահրիկեանին հետ միասին շրջագայեցանք Նիկոմիդիա, Պարտիզակ եւ Ատափազար։ 1909 Յունիսին թէ Յուլիսին հայրս յանկարծամահ եղած էր, քանդելով բոլոր տրամադրութիւններս։
Նոյն տարուան աշնան «Լոնտոն Թայմզ»ի մէկ թղթակցին իբր ընկեր ճամբորդած էին դէպի Կովկասեան Հայաստան, Տաճկահայաստան, Լազիստան եւ Սեւ Ծովու ափերը։ Վանի մէջ հանդիպած էի Վռամեանին եւ Իշխանին, իսկ Տրապիզոնի առջեւ՝ Մալխասին։
Ուղեւորութենէս վերադառնալով կը մնայի հայրենական տունս, երբ 1910¬ի ձմրան, կարծեմ Յունուարին, Շահրիկեան տեղեկացուց թէ Պարտիզակ պիտի գար։ Պարտիզակի ընկերները քանիցս խնդրած էին իրմէ անգամ մը այցելել «Պոլսոյ մօտի Հայաստանը»։ Պոլիս երթալուս՝ քանի քանի անգամ միջնորդի դեր կատարած էի։
Բայց Շահրիկեան ցուրտէն կը վախնար, Սագըզ Աղաճի իր յոյն տանտիրուհիին սենեակին պատուհանները ճգնաւորի պէս փակ կը պահէր։ Ցուրտը կը նկատէր իր մեծագոյն թշնամիներէն մին։ Նիկոմիդիոյ ծոցը տաք էր ձմեռը եւ երկու կողմի ծովեզերքները գրեթէ ձիւն չէին նստեր։ Բայց Պարտիզակ կը գտնուէր ձիւնի գօտիին տակ եւ կը նայէր դէպի հիւսիս, մինչ Նիկոմիդիա կը ճակատէր հարաւին, կռնակը դարձուցած հիւսիսին։
Այդ տարին բարեբախտաբար եղանակները շատ լաւ գացին եւ Յունուարին մէջ գտնուեցան ծառեր, որ յանդգնեցան ծաղկիլ, աւելի ուշ զղջալու եւ խաբուելու համար։
Նիկոմիդիոյ (Իզմիթ) կայարանը հանդիպեցայ Շահրիկեանին։ Շրջան մը ըրինք քաղաքին մէջ, գացինք լսեցինք Ստեփանոս Արքեպիսկոպոսի քարոզը, այցելեցինք դպրոցն ու մանկապարտէզը։ Յետոյ միասին նաւակ նստանք դէպի մեր նաւահանգիստը։ Այդ ատեն շոգենաւային ընկերութիւնը եւ «Արարատ»ը չէր ակօսեր Նիկոմիդիա¬Պարտիզակ¬Օվաճըգ ջուրերը 15¬20 վայրկեանէն։ Պարտիզակի ազգային թէ անհատական նաւակները առագաստ պարզելու դէպքին՝ 35¬40 վայրկեանէն կը կտրէին ծոցը, թիավարելու պարագային՝ երբեմն մէկ ժամէն, նայելով թիավարներու թիւին եւ նաւակին։
Երբ Պարտիզակի Սէյմէն (բիւզանդական անունով Սեկպան) նաւահագիստին կը մօտենայինք, Շահրիկեան նայեցաւ Ս. Մինասի ստորոտը թառած լայնանիստ ծննդավայրիս եւ ըսաւ.
¬ «Ի՛նչ գործ ունին հայերն այս ափերուն վրայ»։
¬ Ճիշդ այն գործը, զոր ունեցեր են ուրիշ վայրեր գաղթած հայեր, պատասխանեցի։
Ու Շահրիկեան սկսաւ խօսիլ Թավեռնիէ ֆրանսացի ճանապարհորդէն, որ քանի մը դար առաջ Փոքր Ասիա ու Հայաստան ուղեւորելով, վերին աստիճան շահեկան տեղեկութիւններ կþարձանագրէր այն ատենի ազգագրական դասաւորումներու նկատմամբ։
Նաւամատոյցը մեզի կը սպասէին քանի մը ընկերներ։ Ռուբէն Զարդարեանի, Հայկ Թիրեաքեանի (Հրաչ), Բարթող Զօրեանի (Ժիրայր) եւ Պարտիզակն այցելող մեր պոլսաբնակ ընկերներուն հետագային սիրելի դարձած, արդէն բոլոր պարտիզակցիներուն համակրելի, Պըզի Պէսը հոն էր, իր ծունկի խախտած ոսկորէն առաջ եկած կաղումով։
Պարտիզակի նաւամատոյցին միակ հրապոյրը Դաշնակցական գործիչի մը, Պըզի Պէսին անկեղծութենէն, ընկերասիրութենէն եւ կատակներէն կը բխէր գուցէ։ Բայց Շահրիկեանը դիւրին¬դիւրին Պըզի Պէսին (կարծեմ առաջին անունը Յակոբ էր) կրնա՞ր ընտելանալ։ Հակառակ ակնկալութեանս, անընտել Շահրիկեան, Պարտիզակի նաւամատոյցը ոտք կոխելուն բարեկամացաւ Պըզի Պէսին հետ։
Նստանք սրճարանին առջեւ, կարծեմ Եալպըրին բանեցուցած Ազգային Սրճարանը չէր, այլ Պըզի Պէսինը։ Սուրճ խմելէ ետք կառք նստանք եւ ժամը չլրացած հասանք Պարտիզակ։
Շահրիկեան հիւր մնաց Սարգիս Սրենցին կամ Տոքթ. Տէր Ստեփանեանի տունը։ Սրենց՝ Տոքթ. Տէր Ստեփանեանի քեռայրն էր։
Պարտիզակի ընկերներն ու ընկերուհիները մեծ ընդունելութիւն ըրին Շահրիկեանի, որուն ցուցամատին համբաւը, Պարտիզակը չէր որ պիտի անգիտանար, այն Պարտիզակը, որ Պոլսոյ մէջ հրատարակուած առտուան «Ազատամարտ»ը նոյն իրիկունը կը կարդար։
Յաջորդ երեկոյեան պարտիզակցիները լսեցին Շահրիկեանը։
Ճիշդ օրն ու թուականը դժուար է գտնել։ Այն ատեն »բացի գոցի« խնդիր ստեղծուած էր։ Առանց ատոր ալ Պարտիզակ իրեն քաղաքականութիւն ըրած էր բանախօսութիւնները սարքել Ազգային լսարանը։
Շահրիկեանի սիրելի նիւթերէն էին կրօնի եւ ազգութեան տարբերութիւնները, համագործակցութիւնները, իրերօգնութիւնը եւայլն։ Խուռն բազմութիւն մը եկած էր սրահը։ Հակառակորդներ ալ կը վխտային։ Պարտիզակի հանրային ուշագրաւ գործիչներէն պարոններ Մինաս Ծալեան եւ Գրիգոր Մխալեան, երկուքն ալ ամերիկեան բարձր վարժարանի ուսուցիչ, միեւնոյն ատեն Թաղ. Խորհուրդի ողնաշարը, եկած էին լսելու զինքը։
Բանախօսութիւնը դարձաւ իրերօգնութեան շուրջ։ Յետոյ թոյլատրուեցաւ հարցումներ ուղղելու։ Պ. Գրիգոր Մխալեան մէկն էր հարց տուողներէն։ Մեր ժողովուրդը դեռ նոր կը վարժուէր նման ձեւի մը եւ քիչ կը մնար շփոթութիւն առաջ գար։
Պարտիզակ քանի մը մանարաններ ունէր, ուր կը գործէին հարիւրաւոր կիներ եւ աղջիկներ։ Մանարաններէն երկուքը Պարտիզակի մէջ էին, երրորդը մօտակայ Հռոմին գիւղը։
Շահրիկեան կը շահագրգռուէր անոնց վիճակով։ Խօսեցաւ ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն, բայց գործաւորական միութիւնները միշտ երազ մնացին պարտիզակցիներուն։
Երբ Կիրակի իրիկուն դուրս կþելլէինք շուկայ, երիտասարդ պարտիզակցիները, մանաւանդ լեռնցի, երկրագործ եւ այինկաճի, խռնուած էին Ս. Յակոբի պարիսպին տակ եւ կենդանի կատակներ կþընէին, Շահրիկեան դարձաւ.
¬ Ձեր հայրենակիցները կենսունակ տարր են, կայտառ ու աշխոյժ։
¬ Քանի մը ստնտուի եւ աղախինի պատճառաւ սխալ հասկցուած եւ սխալ ներկայացուած, պատասխանեցի։
¬ Ճիշդ է, եղաւ Շահրիկի պատասխանը, բայց. աւելցուց, ինչո՞ւ պատշաճօրէն չէք ներկայացներ ձեր այինաճիները, որսորդներն ու քաջերը։
Պարտիզակ քանի մը օր մնալէ ետք, Շահրիկեանի հետ անցանք Ատափազար։ Յակոբ Խաշմանեան ալ միասին էր։ Մեզի ընկերացաւ պարտիզակցի եռանդուն երիտասարդ մը, Արամ Գըմպըլեան, որ կը պարծենար թէ Ամերիկայի մէջ գաուպոյութիւն ըրած էր։
Բազմաթիւ ընկերներ կը սպասէին իրեն եւ դիմաւորեցին մեզ կայարանը։ Քաղաք կը գտնուէին Գէորգ Մեսրոպ, Մելքոն Յովսէփեան, Ղեւոնդ Մելոյեան, իբրեւ ուսուցիչ, Գրիգոր Գայեան, Ամասիացի պանդոկապետը, որ յետոյ կախուեցաւ, Յակոբ Կարագեան, Աշոտ Պազպազեան, Յարութիւն Աթանասեան եւ շատեր, որոնց անունները յիշել կարելի չէ։
Ատափազար հայ քաղաք մըն էր, թէեւ ոչ զուտ հայաբնակ։ Քաղաքին հայ բնակչութիւնը կþենթադրուէր մօտ 12.000։
Նոր հաստատուած էր Ատափազարի կեդրոնականը, որուն տնօրէն կարգուած էր Նաւարեան։ Ատափազար վաճառաշահ եւ մեծ կեդրոն մըն էր, Նիկոմիդիոյ գաւառին տնտեսական սիրտը։ Հայերն ամփոփուած էին չորս թաղերու մէջ։ Մենք իջանք Գրիգոր Գայեանի պանդոկը, Գարաղաճ Տիպի։
Ծրագրուած բանախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Ս. Հրեշտակապետ թէ Ս. Կարապետ եկեղեցիին մէջ, սակայն մինչեւ այդ բաւական դժուարութիւններ յարուցուեցան հակառակորդներէն։ Եղաւ պահ մը, ուր կարծեցինք թէ եկեղեցին պիտի չտրամադրուէր։ Ատափազար կրօնասէր եւ պահպանողական քաղաք մըն էր եւ մեր յաւէտ գործունեայ ու քաջարթուն Առաջնորդ Ստեփանոս Արք. Յովակիմեան զայն որակած էր «Աստուածարեալ քաղաք»։
Շահրիկեան դէմք մըն էր բացի¬գոցի մէջ։ Պատրիարքական ընտրութեան մը առթիւ ոտքի չէր ելած Գումգափուի Մայր եկեղեցին։ Աշխարհական պատրիարք ունենալու ջատագովութիւնը կþընէր։ Ասոնք բաւական էին »Ատայ«ի պահպանողականներու դժգոհութիւնն իր վրայ հրաւիրելու։
Բայց եթէ կար պարագայ մը իրեն ի նպաստ, այդ ալ Նիկոմիդիոյ թեմին Առաջնորդ Ստեփանոս Արքեպիսկոպոսի ելոյթն էր հանդէպ բացի¬գոցի։ Ստեփանոս սրբազան հակառակ չէր եկեղեցիները իբր ժողովրդատեղի գործածուելուն եւ անգամ մը պատասխանած էր.
¬ Եկեղեցին չի պղծուիր. կը պղծուի այն՝ որ կþուզէ պղծել զայն։
Մեր ակնկալած բազմութիւնը չեկաւ Շահրիկեանի բանախօսութեան։ Շատեր վախցեր էին թէ կռիւ կը ծագի։
Սակայն աւելի յաջող անցան ընկերական ժողովները։ Ատափազարի ընկերուհիները բաւական թիւ մը կը կազմէին այն ատեն։ Մանարաններու մէջ գործաւորական խնդիրներ կային անլոյծ։
Վարպետ ու ճարտար էր Շահրիկեան գործնական հարցերու նկատմամբ իր արտայայտութեանց մէջ։ Մեր կուսակցութեան տեսական մասը կը բացատրէր, ընկերներու միտքը կը պատրաստէր, իսկ գործնական քայլերու պատասխանատուութիւնը կը թողուր տեղացի ընկերներուն։
Բաւական այցելութիւններ տուինք քաղաքի զանազան հիմնարկութեանց¬Հայուհեաց վարժարան, Կեդրոնական, Ազգային վարժարաններ եւ մանկապարտէզներ, մանարաններ եւայլն։
Հայուհեացին մէջ Շահրիկեան հանդիպեցաւ Տրապիզոնցի օրիորդի մը անուան ¬ Մանուշարեան։ Կանչեց ու հարցուց Մանուշարեաններու մասին, որոնք իր հին բարեկամներն եղած էին Տրապիզոնի մէջ փաստաբանութիւն ընելու տարիներուն։
Ատափազարի մէջ իսկ ես բաժնուեցայ Շահրիկեանէն, դէպի Կէյվէի գիւղերը, ուսումնասիրելու համար Հայ Հոռոմները։ Շահրիկն ալ խումբով վերադարձաւ Կ. Պոլիս։
Այս ուղեւորութիւնը կը կատարէի Շահրիկեանի թելադրութեամբ, հետագային ամբողջ շրջակայ գաւառներու հայութեան ուսումնասիրութեան ձեռնարկելու նպատակաւ՝ Զաւարեանի ծրագրային հիմերով եւ Շահրիկեանի քաջալերութեամբ։
Հիմը դրուած էր Արեւմտեան Փոքր Ասիոյ հայ ժողովուրդը ճանչնալու մեծ ձեռնարկին եւ ես կը ջանայի իմ համեստ բաժինս տրամադրել այս կարեւոր ու անյետաձգելի ինքնաճանաչումին, սկսելով Նիկոմիդիոյ հայաշատ թեմէն։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles