ՊԱՅԹՈՒՄ ԵՒ ՊՈՌԹԿՈՒՄ

0 0
Read Time:1 Minute, 42 Second

1

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

Հոկտեմբեր 11, 2015

Անցեալ շաբաթ օրուայ Անգարայի մէջ իրերաջորդ երկու պայթումները, յար եւ նման էին քանի մը ամիս առաջ…Յուլիս 22-ին Սուրուճի մէջ պատահած պայթումին: Շատ աւելի զոհեր արձանագրուեցան մայրաքաղաքի մէջ պատահած, այս խափանարարական դէպքին, համեմատած Սուրիոյ սահմանամերձ քաղաքին մէջ այդ պայթումին:
Ինչո՞ւ այս բաղդատականը տեղին է կատարել այս երկու դէպքերուն մասին: Յստակ է պատճառը: Թիրախը միեւնոյն է, իսկ դէպքի ետին կանգնող մութ ձեռքերն ալ միեւնոյնը:
Երկու պայթումներուն պարագային ալ թիրախը քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութիւնն էր, իսկ թէ այդ մութ ձեռքերու ետին ո՞վ կը կանգնի…Բաւարար է նշել Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Սալահետտին Տեմիրթաշի մէկ հաստատումը, թէ իշխող ղեկավարներու ձեռքերը արիւնաթաթախ են:
Ան յստակօրէն կ՛այպանէ նախագահ Էրտողանն ու իր մօտիկ շրջանակը, որոնք կանգնած են նման կատարուած եւ կատարուելիք պայթումներու ետին:
Ահազանգայինը այն է թէ, այս խափանարարական արարքները անցեալ շաբաթ սահմանային եւ սահմանամերձ շրջաններէն «ժամանեցին» մայրաքաղաք Անգարա, որ այս դիտակով, բոլորովին տարբեր ոճով պէտք է մօտենալ, համեմատած «կամուրջներ»ու քաղաք, համաշխարհային մայրաքաղաք՝ Պոլսոյ, ուր միշտ ալ արարքներ պատահած են սակայն շատ աւելի քիչ տարողութեամբ եւ արերով:
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10-ին պատահածը, Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան կազմակերպած «Հաւաք՝ աշխատանքի, խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան համար» ձեռնարկին առթիւ էր, որուն կը մասնակցէին ձախակողմեան այլ կազմակերպութիւններ:
Եւ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու առանց մտածելու…եւ ենթագիտակցելու, առաջին հերթին այդ պատահածին ետին, նկատի առած էր ծայրայեղ ձախակողմեան բջիջներ, որոնք ամիսներ առաջ պայթեցուցած էին ամերիկեան հիւպատոսարանի մէկ մօտակայ վայրը: Բնականաբար այս յերիւրածոյ եւ աներեւայելի ենթադրութիւններէն դուրս գալով, ան նաեւ նշած էր թէ այս արիւնալի դէպքերու ետին կը գտնուին Իսլամական Պետութեան մեղսակից կառոյցներ: Բան մը որ շատ աւելի տրամաբանական է, մանաւանդ որ նմանօրինակ արարքով մը, վերջերս արեւմտեան ուժերուն հետ համեմատաբար աւելի գործակցող Էրտողանի ղեկավարութիւնը եւ Սուրիոյ մէջ Իսլամական Պետութեան դէմ ճակատամարտ մղող քիւրտերը ծանր հարուած ստացած կ՛ըլլային եւ դեռ աւելին, իրարու միջեւ ստեղծուած պայքարը աւելի կը սրէր:
Այս պղտոր կացութեան մէջ, արդէն իսկ մինչեւ յառաջիկայ Նոյեմբերեան ընտրութիւններ, Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Սալահետտին Տեմիրթաշ յատուկ հրամանագրով մը ընդհատած է նմանօրինակ հաւաքներ, նշելով թէ անդորրութիւնը խախտած է եւ կացութիւնը երբեք ապահով չէ:
Մինչ այդ պայթումն ու անոր յաջորդող պոռթկումը կը մնան նոյնքան ազդեցիկ որքան նոյնինք ներկայ տիրող կացութիւնը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles