Հոկտեմբեր 28-30, 2009-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին« տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար մը «Կիլիկեան Աղէտ»ին՝ Ատանայի ջարդին հարիւրամեակին առթիւ: Որպէս իրաւատէրը Ատանայի ու շրջակայ քաղաքներու եւ գիւղերու եկեղեցապատկան կալուածներուն« Արամ Ա. Վեհափառը յայտնեց թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իրաւասութիւնն ու պարտաւորութիւնը ունի« դարձեալ միջազգային օրէնքներու համաձայն« հատուցում պահանջելու Թուրքիոյ պետութե-նէն:
«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը« Ատանայի ու շրջակայ քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ ջարդուած« իր հոգեւոր խնամքին ենթակայ հայ ժողովուրդի զաւակներուն« թոռներուն ու ծոռերուն անունով« բարոյական« հոգեւոր ու իրաւական պարտա-ւորութիւնը ունի միջազգային օրէնքներու համաձայն« մարդկային ու նիւթական վնասներուն համար հատուցում պահանջելու ներկայ Թուրքիոյ պետութենէն», եզրակացուց Արամ Ա., իր փակման խօսքին մէջ:
Read Time:33 Second