…Արեւածագն է: Ճառագայթները մերթ ընդ մերթ կը փորձեն տիրապետել երկինք կոչուած անվերջնական եւ անծայրածիր անջրպետին վրայ: Գորշ ու թանձր կարմիր ամպեր կ’արգիլեն այս ճառագայթներուն յառաջխաղացքը, խուլ որոտումներու ընկե-րակցութեամբ:…Նռան սերմեր դուրս կը ժայթքեն եւ հեղեղով մը կը պատեն ամէնուրէք՝ քաղաքներ, գիւղեր, աշխարհը վերածելով կարմիր գոյնով ծովի:
…Եւ այսպէս կարկուտը շարունակուեցաւ մինչեւ որ աշխարհը վերածուի վիթխարի նուռի մը:
***
»Կարմիր Կարկուտ« (Red Hail)… այս է երիտասարդ դաշնակահար Տիգրան Համաս-եանի վերջին խտասալիկին անունը, իր կազմին՝ »Aratta Rebirth«ին հետ: Արդէն իսկ նու-ռին ներկայութիւնը կը մատնէ այս գործին պատկանելութիւնն ու արեւելումը: Իսկ աւե-լին եւ կարծէք դիտմամբ, առաջին եւ վերջին (տասերորդ) գործերը կը կրեն՝ »Շողեր Ճան« եւ »Չինար ես« անունները: Հետեւաբար ընթերցողին եւ ունկնդրողին կամ ակնդի-րին եւ ունկնդիրին համար յստակ է թէ երիտասարդ դաշնակահարը անգամ մը եւս կառչած մնացած է իր արմատներուն:
Ներառեալ մնացեալ գործերն ալ կը մատնեն արուեստագէտին հայկականութիւնը:
»Aratta Rebirth«ը կազմուած է Համասեանի նման երիտասարդ արուեստագէտներէ: Ընդամէնը հինգ երաժիշտներ են: Համասեանի կողքին կը գտնուի փողահար Պէն Ուէնտըլ (սաքսոֆոն) որ տարիներէ ի վեր կը գործակցի եւ մասնակցած է երիտասարադ հա-յորդիի առաջին խտասալիկին (World Passion) պատրաստութեան մէջ:
Կիթարի վրայ կÿընկերակցի Չարլզ Ալթուրա, իսկ հարուածային գործիքներու վրայ՝ Նէյթ Ուուտ: Խում-բին բամբ ջութակահարն է Սէմ Մինէյ եւ վերջապէս քնքոյշ մեղեդիներու ձայնը կը պատկանի Արենիին, որ Կոմիտասի գործերը՝ Տաթեւիկի նման կը փոխադրէ իւրայա-տուկ արդի աշխարհ:
Յատկապէս Ֆրանսայի մէջ Համասեանի այս նոր խտասալիկը նռան գոյնի նման հեղեղեց, մեծ յաջողութիւն արձանագրելով տեղւոյն »ճազ« միջավայրէն ներս…յատուկ մասնագիտացած ակումբներ թէ ձայնասփիւռի կայաններ:
Այս խտասալիկը (որ յառաջիկայ Ապրիլ 14-էն սկսեալ պիտի ծախուի Միացեալ Նա-հանգներու մէջ) պատրաստուեցաւ 2008-ին, նախքան Համասեանի Նիւ Եորք փոխադրուիլը: Անցեալ Փետրուարին հրապարակուեցաւ »Red Hail«ը, Loin/Harmonia Mundi ընկե-րութեան հովանաւուութեամբ: Արդէն իսկ հնգեակը սկսած է այս խտասալիկը ներկա-յացնելու համար, ելոյթներ ունենալ Եւրոպայի զանազան քաղաքներէն ներս:
Մինչ այդ ասոր կողքին, արդէն իսկ Համասեան կը շրջագայի եւ բազմաթիւ ելոյթներ կ’ունենայ այլ ծրագրի մը համար…այդ ալ գործակցելով Եւրոպաբնակ, ծագումով թու-նուզցի Տաֆըր Եուսէֆի հետ, ուր հանդիսատեսը կ°ըմբոշխնէ »սուֆի-ճազ« խառնուրդ մը…կովկասեան երագներու ներմուծումով, այդ ալ շնորհիւ Համասեանի դաշնակի ստեղծաբանութիւններուն: Ան այս ծրագիրը ներկայացուց հանրածանօթ ուտահարին հետ, Աւստրալիոյ եւ Պորնէոյի մէջ:
Դեռ երեք տարի առաջ էր, 2006 թուականին որ Համասեան առաջին հանդիսացած էր հռչակաւոր »Թէոլոնիուս Մոնք«ի (Ուաշինկթըն) դաշնակի մրցանքին: Միեւնոյն տարին, ան նաեւ երկրորդ հանդիսացած էր »Մարսիալ Սօլալ« մրցանքին:
Նախքան այս յաջողութիւնները, ան տարի մը առաջ, Մոսկուայի եւ Մոնաքոյի մէջ մասնակցած էր մրցանքներու եւ յաջորդաբար երրորդ եւ առաջին հանդիսացած էր:
Այս մէկը առաջին քայլը եղած էր, որ ան պատրաստէ իր առաջին խտասալիկը՝ տու-տուկահար Ռուբէն Յարութիւնեանի, բամբ ջութակահար Ֆրանսուա Մութէնի, թմբկահար Արի Հէօնիկի եւ վերոյիշեալ փողահար Պէն Ուէնտըլի հետ: Երկրորդ խտասալիկը՝ »New Era«, հայկական երանգներ կը բուրէ, որքան նռան գոյնով պատուած վերջին խտա-սալիկը:
Համասեան ծնած է Գիւմրի…երկրաշարժէն տարի մը առաջ՝ 1987-ին: Հազիւ երկու տարեկան, ան յատուկ սէր ունեցած է երաժշտութեան հանդէպ: Կլասնոսթի եւ Փերեսթրոյքայի օրերուն, ան կ’ունկնդրէր »Պիթըլզ«, »Քուին«, »Տիփ Փըրփըլ« եւ դաշնակին կողքին նստած, կը փորձէր անսխալ ընկերակցէր այդ գործերուն:
Տաս տարեկանին, Երեւան փոխադրուած, ան մուտք գործեց երաժշտանոց եւ դասա-կան երաժշտութեան դասընթացքներու հետեւեցաւ: Սակայն ի յայտ եկաւ թէ ճազն էր իր աշխարհը՝ ապագայի հորիզոնը: …Եւ ան ամենայն դիւրութեամբ կ°ուսումնասիրէր Թէոլոնիուս Մոնքի, Տիւք Էլինկթընի, Չարլի Փարքըրի, Պատ Փաուըլի եւ այլ արուեստա-գէտներու գործերը:
Երեւանի մէջ Ճազի փառատօնները շուտով զինք մղեցին, որ շտապօրէն ճանչցուի ընտրանիին կողմէ: 2000-ին դաշնակահար Չիք Քորէա զինք տեսնալով, ապշահար խրատեց ու քաջալերեց ամէն գնով նետուիլ ասպարէզ:
Հայորդի մը՝ Ստեփան Քոչոյեան օգտակար եղաւ որ »Մեծն Տիգրան« կատարէ իր առաջին արշաւանքները: Ապա, ընթացքը եղաւ հեզասահ: Ելոյթներ, ծանօթութիւններ, հանդիպումներ դաշնակահար Հըրպի Հէնքոքի, փողահար Ուէյն Շորթըրի, թմբկահար Տանիէլ Հիւմէրի, բամբ ջութակահար Ճոն Փաթիթուչիի հետ, մրցանքներու մասնակցու-թիւն եւ յաջողութեան ճեպընթացը շարունակուեցաւ դէպի յաջողութիւն, նուռի կարմրաթաթախ եւ »կարկտոտ« տեղատարափով: