ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ.- Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ 57-ՐԴ ԺՈՂՈՎԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 26 Second
Լուսանկարներ՝ ԹՈՄ ՎԱՐԴԱՊԵՏԵԱՆ
Լուսանկարներ՝ ԹՈՄ ՎԱՐԴԱՊԵՏԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը, գումարեց իր 57-րդ ժողովը՝ Պոսթընի մէջ, Յունիս 4էն 6, նախագահութեամբ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանի եւ հովանաւորութեամբ շրջանի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան:

Երեք օրերու վրայ տեւողութիւն ունեցող այս ժողովը քննարկեց Առաջնորդարանին, Կրօնական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան միամեայ աշխատանքներն ու արձանագրուած արդիւնքները: Անցնող տարեշրջանին կատարուած է բեղուն գործունէութիւն:2015-06-04 11.38.062015-06-04 11.40.22

Անցնող տարեշրջանի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը տարբեր առիթներով գտնուած է Անթիլիաս եւ քննարկուած Թեմին կապուած հարցեր։

Պարբերական թղթակցութեամբ ու հայրապետական օրհնութեան գիրերով Արամ Ա. անհրաժեշտ ցուցմունքներ կատարեց, ուղղութիւններ տուաւ մեզի եւ քաջալերեց աշխատանքները։2015-06-04 11.40.262015-06-04 12.08.06

Զանազան առիթներու եւ տօներու նախօրեակին, ինչպէս միշտ, Սրբազան Հայրը համապատասխան շրջաբերականներով իր հրահանգներն ու հայրական թելադրանքները ուղղեց Թեմի հոգեւորականներուն, հոգաբարձութիւններուն եւ համայնքներուն։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յաճախակի կերպով կապ պահեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ. Հայրապետին հետ, քննարկելով Հայ Եկեղեցւոյ դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները եւ ծիսական ու կանոնական հարցերը։ Սրբազան Հայրը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Էջմիածնական Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանին հետ, որոնց ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս հայութեան առնչուող, ինչպէս նաեւ տեղական բնոյթ ունեցող հարցեր: Այս հանդիպումները մեծապէս օգտակար եղան թիւրիմացութիւններ յստակացնելու, փոխադարձ սէրն ու յարգանքը զօրացնելու, ինչպէս նաեւ հնարաւոր համագործակցութեան մարզեր որոնելու։2015-06-04 12.08.412015-06-04 12.28.02

Սրբազան Հայրը, առաջնորդուելով քոյր թեմերու եկեղեցիներու եւ ծխականներու համերաշխ համագործակցութեան հրամայականէն, յաճախ թելադրեց Թեմի հոգեւորականներուն եւ յորդորեց ու քաջալերեց հաւատացեալները, որ իրենց փոխ-յարաբերութիւններուն մէջ ցուցաբերեն փոխադարձ հասկացողութեան ոգի եւ ազնիւ վերաբերմունք։

Մինչ այդ Սեպտեմբեր 6-12-ին Սրբազան Հայրը ընկերացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, մասնակցելով In Defense of Christians (IDC)-ի վեհաժողովին Ուաշինկթընի մէջ: Ան, Նոյեմբեր 10-15-ին մասնակցեցաւ Եպիսկոպոսական ժողովին Սուրբ Էջմիածնի մէջ:

2015-06-04 11.37.082015-06-04 11.43.192015-06-04 11.43.582015-06-04 13.44.15

 

 

 

 

 

 

 

 

Յունուարի 29 – Փետրուար 6 Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դարձեալ Լիբանան էր կեդրոնական զոյգ՝ Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներուն նիստերուն ներկայ ըլլալու համար, ուր քննարկուեցան Կաթողիկոսարանին առաքելութեան առնչուած շարք մը հարցեր, ծրագիրներ ու աշխատանքներ։

Մնայուն յարաբերութիւն մշակուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ենթակայ Թեմերուն հետ, ի մասնաւորի՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան եւ Գանատայի Թեմերուն հետ։

2015-06-04 12.12.462015-06-04 15.57.042015-06-04 17.41.192015-06-04 13.50.29

Ընդառաջելով համայնքներէն եկած հրաւէրներուն, Բարեջան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր այցելութիւններով եւ հայրական յորդորներով լաւագոյնս բաւարարեց գաղութներու պահանջքները։ Այս այցելութիւնները յատուկ առիթներ եղան խանդավառութիւն եւ հոգեւոր վերանորոգութեան ապրումներ ստեղծելու մեր ժողովուրդին մէջ։ Նմանապէս Առաջնորդական Փոխանորդ Անուշաւան Եպիսկոպոս Դանիէլեան, ի հետեւումն Առաջնորդ Սրբազան Հօր թելադրանքներուն եւ ցուցմունքներուն՝ պարբերական այցելութիւններ տուաւ զանազան գաղութներու, այդ առիթով ստեղծելով խանդավառութիւն եւ հաւատարմութիւն Առաջնորդարանիս հանդէպ։

Թեմի  կրօնական եւ դաստիարակչական աշխատանքներն ու ծրագիրները կþիրականացուին Ազգային Առաջնորդարանի Կրօնական Դաստիարակութեան գրասենեակին կողմէ, որուն վարիչ քարտուղարն է Բարեշնորհ Շանթ Աւագ Սարկաւագ Գազանճեանը։2015-06-04 14.33.04

2015-06-04 14.32.35Կրօնական դաստիարակութիւնը կը հանդիսանայ Առաջնորդարանիս կարեւոր առաքելութիւններէն մէկը, որուն համար թէ՛ Առաջնորդարանը եւ թէ՛ մեր բոլոր համայնքները կը գործադրեն ու կþիրականացնեն ծրագրուած բոլոր աշխատանքները։ Աւետարանի ճշմարտութեանց տարածումը եւ այս նպատակով նուիրեալ անձերու պատրաստութիւնը, պատանիներու մէջ հաւատքի ներարկումը եւ գործնական նպատակներով օգտակար գիրքերու հրատարակութիւնը կորիզը կը կազմեն այն կենսական աշխատանքին, որով Թեմս կը ջանայ քրիստոնէական հաւատքը վառ պահել եւ տարածել մեր հաւատացեալներուն մէջ։

Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ, Կրօնական Դաստիարակութեան բաժանմունքի կազմակերպութեամբ եւ Առաջնորդարանի ու Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեանց օժանդակութեամբ, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Մեծ Պահոց դասախօսական շարքը՝ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։2015-06-05 11.36.222015-06-05 11.10.33

Այս տարուան դասախօսական շարքը նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան։ Այս առթիւ, յարմար նկատուեցաւ տարբեր շրջաններէ երիտասարդներ հրաւիրել, որպէսզի իրենց անձնական կեանքին ընդմէջէն խօսին հոգեմտաւոր աճման մէջ իրենց ծնողաց ու մեծ ծնողաց ունեցած դերին, նաեւ միջազգային դիտանկիւնէն Եղեռնի կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի դարերու հարուստ ժառանգութիւնը յաջորդ սերունդներու փոխանցելու գործնական քայլերու մասին։

Առաջնորդարանի Կրօնական Դաստիարակութեան Գրասենեակին կազմակերպութեամբ, Սբ. Գրիգոր Տաթեւացի ամառնային լսարանի 28-րդ տարուան դասընթացքները տեղի ունեցան Յունիս 29-էն Յուլիս 5, 2014-ին, Էլվըրսըն, Փենսիլվանիայի մէջ։ Ուսանողներուն ընդհանուր թիւն էր՝ 41։2015-06-04 18.47.342015-06-05 18.48.17

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմը բծախնդրութեամբ առաջ կը տանին միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններ։ Անցնող տարուան ընթացքին այդ յարաբերութիւնները շարունակուեցան կանոնաւոր կերպով՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ջանքերով ու մանաւանդ Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ` Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Եպիսկոպոս Դանիէլեանի աշխատանքով, որ իր Առաջնորդական Փոխանորդի պաշտօնին առընթեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց ներկայացուցիչն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։2015-06-05 18.54.092015-06-05 18.51.36

Ժողովի աւարտին կատարուեցան կրօնական ժողովի եւ ազգային վարչութեան ընտրութիւնները:

Ազգային Վարչութիւն ընտրուեցան Ստեփան Յակոբեան (ատենապետ), Նուպար Մկրեան (փոխ-ատենապետ), Սուզըն Էրիքսըն (ատենադպիր), Տենի Կիւլպէնկեան (գանձապահ), Յակոբ Անդրանիկեան, Քարէն Ճիհանեան եւ Սարգիս Օհաննէսեան: Կրօնական Խորհուրդի անդամ ընտրուեցան Ներսէս Մանուկեան, Մեսրոպ Լագիսեան եւ Կոմիտաս Պաղսարեան:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles