ՊՈՒՏԱՓԵՇԹ.- Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, Հ.Յ.Դ. Մամլոյ դիւանը կը տեղեկացնէ, թէ Պուտափեշթի մէջ գումարուող Եւրոպական Ընկերվարականներու Կուսակցութեան (PES) 10-րդ համագումարը հաստատած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամակցութիւնը այդ կազմակերպութեան` իբրեւ դիտորդ անդամ: Նշենք թէ, Եւրոպական Միութեան ոչ անդամ եւ կամ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ոչ թեկնածու երկիրներու կուսակցութիւնները այլ կարգավիճակ չեն կրնար ունենալ:
,Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան Դաշնակցութեան անդամակցութիւնը նոր կարելիութիւններ կու տայ Հ.Յ.Դ.-ին` եւրոպական քաղաքական այդ ընտանիքի անդամներուն հետ աւելի սերտ համագործակցութիւն հաստատելու տեսանկիւնէնե, ըսաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:
Համագումարին կողմէ Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան նախագահ վերընտրուեցաւ Պուլկարիայէն Սերկէյ Սթանիշեւ. միւս թեկնածուն էր Սպանիայէն Էնրիքէ Պարոնը:
Ընդառաջելով Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան նախագահութեան առաջարկին` համագումարը նաեւ հաստատեց անդամակցութիւնը Վրաստանէն (“Վրացական երազ“), Եգիպտոսէն, Մարոքէն եւ Իտալիայէն կուսակցութիւններու: