ՔԵՍԱՊԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՆԱԽՕՐԷԻՆ

0 0
Read Time:6 Minute, 27 Second

1

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քեսապ

Յունիս 10, 2015

 

Գրութեանս մելանը հազիւ չորցած, եւ կամ թէ` հազիւ լրատուական միջոցներուն հասած, արդէն կþաւարտի Քեսապի ազատագրութեան առաջին տարեդարձը:

Քեսապը ճանչցողին Քեսապը սիրող ամէն մարդու միտքը չարչրկողը Քեսապի այսօրուան իրավիճակն է, անցնող տարին եւ ապագան` նոյնպէս:

Հազիւ մէկ շաբաթ անցած էր, անցեալ տարի Հայաստանէն վերադարձիս (ուր գացած էի մասնակցելու Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Պատգամաւորական ժողովին), հազիւ Լաթաքիա ոտք կոխած, ականջալուր կþըլլայի զանազան լուրերու, թէ ծանր մարտեր տեղի կþունենան Քեսապ գաւառակի Սըլտըրան լերան լանջերուն, անոր կից Չալմա կոչուած վայրին (պարտէզներ եւ միայնակ գողտրիկ ճաշարան մը, բարձրադիր սառնորակ, զուլալ, սքանչելի աղբիւր մը եւ սօսի հնամենի ծառի մը տակ), ու նաեւ Տափասա` առանձնատուներու բարձրադիր գագաթի մը շրջաններուն մէջ: Քանի մը օր` եւ մարտադաշտը կը փոխադրուէր Էքիզոլուխ բիւրեղ հայաւանի դուռերուն:

Մեր Լաթաքիա եռամսեայ կեցութեան ընթացքին ոչ մէկ րոպէ կասկածած էինք, որ շուտով պիտի վերադառնանք Քեսապ, հիմնուած` մեր պետական, համահայկական եւ միջազգային վերաբերումներէն, Քեսապի համար: Սակայն ազատագրութեան ժամուն այդքան մօտ ըլլալը անհաւատալի կը թուէր, ինչպէս որ երազ թուացած էր Քեսապէն տեղահանութիւնը:

Կիրակի օր, Յունիսին, Լաթաքիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենար նոյն Չալմայի աղբիւրին մօտակայ վայրին մէջ նահատակուած, Գալատուրան գիւղի, Սուլեան թաղի բնիկներէն, երկու զաւակի հայր, աշխարհազօրային Վարդան Անտրեանին, եւ նոյն գիւղէն վաղամեռիկ Մայտա Տեմիրճեան-Մանճիկեանին հոգեհանգիստները: Եւ նախորդող շաբաթ օրուան շրջող լուրերուն կ՛ուզէինք հաւատք ընծայել, թէ Քեսապը ազատագրուած է, սակայն տակաւին ,գործ կար ընելիք… հոգեհանգիստ… Քաֆրուն պտոյտ` կարիքաւոր ընտանիքներու (հոգեկան վերականգնումի ծրագրի ծիրէն ներս)… եւ այլն:

Սակայն լուրերը իրականութիւն էին:

Այո՛, Քեսապ ազատագրուած էր:

Քեսապցի երկտասնեակ մը երիտասարդ տղաք, որոնք մաս կը կազմէին Ժողովրդային ազգային պաշտպանողական բանակին (զինեալ ուժերու զուգահեռ զօրախումբ), մեզի կþիմացնէին, որ մեր ականջներով լսածը իրականութիւն է. եւ կը թելադրէին, որ անպայման եւ անյապաղ բարձրանալ Քեսապ` ,վայելելուե համար ազատագրութեան քաղցր համը, ու նաեւ` անիշխանական քաոսին մէջ տէր կանգնելու տունին, հողին ու գիւղին:

Փոքր խումբ մը կիրակի, Յունիս 14, 2014-ին, շտապած էր Քեսապ բարձրանալ:

Երկուշաբթի առաւօտ կանուխ Լաթաքիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղը խճողուած էր Քեսապի ժողովուրդի ինքնաշարժներով, որպէսզի միասին, մեծ խումբով, շքախումբով, ազատագրուած Քեսապ բարձրանային:

Ի՛նչ հոգ: Քաղաքական ճնշումներու թէ Սուրիական ազգային բանակի նուիրական մարտիկ զինուորներու կրունկներու ճնշումով… կարեւորը Քեսապ վերադարձաւ հայրենիքին գիրկը:

Ճամբան, վաճառատուներէն, հացատուներէն մթերքներով բեռնաւորուած, ինքնաշարժներու խումբը առաւօտեան ժամը 8:00-9:00 հասաւ Քեսապ:

Գաւառակի մուտքին, Էքիզոլուխ գիւղի արուարձաններուն, պատկերը մխիթարական չէր կրնար ըլլալ: Հողաթումբեր, քանդուած ու հրկիզուած տուներ, այրած պարտէզներ… եւ այլն: Սակայն երբ Քեսապ մտանք, իր ծաւալին համեմատ աւերածութիւնը, համեմատաբար, մեր ակնկալածէն նուազ էր:

Մեր ուրախութիւնը եւ արցունքը, խառնուած` ,Միսաքեան Մշակութային կեդրոնիե հրակէզ ծուխին, իրարու վիզ էին կախուած, գրկախառն կու լայինք…

Մեր հոգեկան լոյսի տուները` եկեղեցիները, այրած էին: ,Միսաքեանե կեդրոնը, կարգ մը տուներ, վաճառատուներ կը մխային: Եկեղեցիները առաջին շաբաթներուն, զինեալներու գրաւումէն, պատկերասփիւռային ,բեմադրականե նկարահանումներէն ետք հրկիզուած եւ պղծուած էին:

Հրապարակը ,ստուգումե կատարելէն ետք ամէն մարդ կþուղղուէր իր տունը` ստուգելու, ամրացնելու, պահպանելու, մաքրելու… մէկ խօսքով` վէրքերը դարմանելու:

Յաջորդող օրերուն Քեսապ ,կþարշաւէինե, պետական պատուիրակութիւններ (նահանգապետ, նախարարներ…), լրատուական տեսալսողական միջոցներ, ենթակառոյցի վերականգնումի պատասխանատուներ` համապատասխան թեքնիք անձնակազմերով, ազգային, համայնքային մեր հայկական աւագանին, ժողովրդեան լայն զանգուածներ, բանակային-ոստիկանական ջոկատներու ու նաեւ երբեմն անիշխանական ու պատահական տարրեր:

Մէկ խօսքով, երեք չարաբաստիկ ամիսներու պարտադիր դադարէն ետք, կեանքը վերստին կþեռար Քեսապի մէջ: Ելեկտրականութեան չգոյութեան իրողութեան դիմաց խարոյկներու, մոմերու լոյսերուն տակ Քեսապը սկսած էր ,փայլիլե:

Պետական թէ քաղաքական կառոյցներու եւ ենթակառոյցներու վերականգնումի ճիգերուն զուգահեռ, Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի Քեսապի գործադիր մարմինը իր քով գտնուած խնայուած լումաները կը տրամադրէր ժողովուրդին, որպէսզի տան մէջ երդիք մը սարքելու փող, կամ, ինչպէս օրին կոչուեցաւ, ,տան դուռը, կղպանքը եւ պատուհանը նորոգելուե փող ունենայ:

Ընտանիքները աւելի ուշ բարձրացան Քեսապ:

Երկրորդ շօշափելի նպաստը եկաւ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի վերին մարմինին կողմէ` որպէս պարտէզներու եւ կառոյցներու վերականգնումին նպաստող օժանդակութիւն, երբ առաջին իսկ օրերուն Քեսապ այցելեցին համայնքապետները` ընկերակցութեամբ ազգային պատուիրակութեան մը:

Անոր յաջորդեցին Սուրիական կարմիր մահիկի (ներառեալ` Մ.Ա.Կ.-ի եւ Միջազգային կարմիր խաչի), ինչպէս նաեւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանի ներկայացուցչական` Եկեղեցիներու Միջազգային Խորհուրդի կենցաղային նպաստները (պարէն, մաքրութեան դեղեր, ծածկոցներ, ներքնակներ… եւ այլն):

Եւ կամաց-կամաց Քեսապը եռամսեայ ,սովէնե ետք սկսաւ ,միս եւ ոսկոր կապելե, վերականգնիլ:

Քեսապը ունեցաւ բերքահաւաք, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօն, Նոր Տարի, Ս. Ծնունդ, Ս.  Զատիկ եւ մանաւանդ յաղթականօրէն նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան` Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակը` համաժողովրդային մասնակցութեամբ:

…Քեսապը անցուց ծանր եւ խստաշունչ ձմեռ մը:

Քեսապցին վառելանիւթի դժուարութիւններ շրջանցեց, մերձակայ հրկիզուած անտառի փայտի օգտագործումով, որ նաեւ ջերմացուց պաշտպանողական բանակին վրաններն ու թիթեղեայ տնակները:

Այո՛, ծանր, դժուար տարեշրջանը բոլորուեցաւ եւ այսօր հասաւ առաջին տարեդարձին:

Քեսապի աշակերտութիւնը մասնակցեցաւ 9-րդ եւ 12-րդ կարգի պետական քննութիւններուն:

* * *

Այսօր միամեակի այս հանգրուանը անկիւնադարձային կը թուի ըլլալ:

Միջազգային եւ շրջանային վերիվայրումները յոյսեր կու տան, որ շրջանը կþապրի անկիւնադարձային հանգրուան մը:

Եղեռնի 100-ամեակի տօնակատարութեան օրերուն քեսապահայութիւնը, իմա` սուրիահայութիւնը,  կþապրէր մղձաւանջային պահեր: Հալէպի հայկական թաղերու հրակոծումները քեսապահայութեան սիրտերը թունդ հանեցին, սակայն նոյն ժամանակ անզօրութիւնն ալ զայն սմքեցուց:

Իրարու ետեւ թաւալգլոր տրոհուած քաղաքներու անկումի լուրերը անշուշտ, ինչպէս համայն սուրիացի ժողովուրդին, նոյնպէս ալ քեսապահայութեան հոգիները ցնցեցին:

Հոգեբանական պատերազմի մթնոլորտը կլանեց նաեւ Քեսապի ռամիկ ժողովուրդին վիրաւոր հոգիները:

Պէտք չէ մտահան ընել, որ ամենամօտ կիզակէտը Քեսապէն հեռու չէ, Տիւզաղաճ գիւղին կից, հազիւ 500 մեթր:

Փարատոքսային մթնոլորտ կը տիրէ մեր մօտ: Երբ հայրենի բանակին թնդանօթը կամ հրասայլը գրեթէ առօրեայ հեռակայ հրարձակումներ կատարէ, անշուշտ որ մեր սրտերը թունդ կþելլեն. կիներ, մանուկներ լեղապատառ կþըլլան: Սակայն այն օրը,  որ անոնց սովորական դարձած գոռալը չլսուի, այս անգամ մտահոգութիւնը կը կլանէ մեր մտքերը: Ինչո՞ւ լռած է թնդանօթը:

Արդեօ՞ք ինչ է պատահած: Բնական հարցադրում:

Պէտք է խոստովանիլ, որ ժողովուրդին երեք չորրորդը կառչած է գիւղին: Համեստ թիւ մը, անգործութեան եւ այլ պատճառներով կը գտնուին Լաթաքիա, եւ նոյնքան` Լիբանան եւ Հայաստան: Փոքրագոյն թիւ մըն է, որ մեկնած է, գուցէ անվերադարձ, հեռաւոր ափեր: Հրաշքի համազօր երեւոյթ է այս:

Թէեւ պարտէզներու անցեալ տարուան եռամսեայ անխնամութեան պատճառով (ինչպէս նախատեսած էինք եւ մամուլով արտայայտած) այս տարուան բերքը աւելի քան համեստ է, վրան ալ, ,աղ ու պղպեղիե նման, աւեր գործած կարկուտը, սակայն ասոնց դիմաց հասած են ճիշդ պահուն օգտագործուած նպաստները (ամէն կողմերէն ստացուած), ժողովուրդը կառչած կը պահեն հողին ու գիւղին` հակառակ հորիզոնին վրայ քանիցս պարզուած սեւ ու մրաբեր ամպերու սպառնալիքին:

Քեսապահայութիւնը մտահոգ էր թրքական երեսփոխանական ընտրութեանց քարոզարշաւի օրերուն թրքական դաւադիր արշաւի մը կրկնութենէն, ինչպէս պատահեցաւ 2014-ի Մարտին, երբ քաղաքապետական ընտրութիւններուն (քանի մը ձայն մուրալու համար) Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնը Քեսապը ,մատաղե տուաւ թուրք ծայրայեղական խմբաւորումներուն եւ անոնց գործակից Ճապհէթ նուսրայի եւ միւս խմբակներուն, որ Քեսապի կողոպուտի պատերազմը կոչեցին ,Անվալե-ի պատերազմ (անցեալի կողոպուտի արշաւանքի մը անուանումը):

Նոյն ,կատակըե կրնար կրկնուիլ: Եւ կատուին խաղը մկան համար մահ կը նշանակէ: Եւ այդ վախի սպառնալիքին տակ քեսապցին խուռներամ ներկայութեամբ, վախի ու ցասումի, վրէժի ու ատելութեան հոգեվիճակով նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը, որուն զոհուած էին մեր մեծ ծնողաց երեք չորրորդը, երբ կառափնատ տարուած է 8000-ի հասնող քեսապահայութիւնը (2400-ը վերապրած էր):

Ամուր կառչած գիւղին, ի տես իրեն սպառնացող Թուրքիոյ երեսփոխանական ընտրութեանց արդիւնքին, ուրախանալու, կամ իր վախն ու ահը փարատած ըլլալու խաբկանքը չի կրնար ունենալ քեսապցին:

Թուրքը թուրք է: Էրտողանեան, թէ այլ:

Քեսապցին դրացի Թուրքիոյ քաղաքական հորիզոնին վրայ ոչ թէ խաղաղաբեր աղաւնի տակաւին չի տեսներ, այլեւ չի տեսներ, թէ հորիզոնը սկսած պարզուիլ, կապոյտ դառնալ: Նոյն այդ հորիզոնը տակաւին կը շառագունի ցայսօր թափուող անմեղ սուրիացիներու, մանաւանդ` խաղաղասէր խաւին, արեան գոյնով:

Քեսապցին տակաւին համոզուած կը մնայ, որ թրքական կուսակցութիւններու ամրագրած ազգային ուխտը կը մնայ նոյնը` բնաջնջել հայ ժողովուրդը ի ,սէրե իր փանթուրանական, փանիսլամական ձգտումներուն, սկսած` Կարմիր սուլթաններէն, հասնելով Երիտասարդ թուրքերուն,  քեմալականներուն թէ էրտողաններուն:

Նոյն սելճուքն է: Նոյն թաթարը, նոյն օսմանցին: Գլուխը ֆես հագած, լաչակ դրած, թէ ամերիկեան կամ ,պորսալինօե գլխարկով, եւ կամ` առանց գլխաշորի:

Քեսապցիին մէջ անխախտ կը մնայ մեր պապերուն այն հաստատումը, որ` ,Օսմանցին նապաստակը սայլով կþորսայե (Օսմանլը արապայընտա տաշվան թութար):

Բայց եւ այնպէս ան հողին վրայ է ու կþուզէ այստեղ ապրիլ:

Հիմա որ հայրենի այս աւանի ազատագրութեան առաջին տարեդարձն է, հազիւ այս տողերուն թանաքը չորցած, կիրակի, Յունիս 26-ին, քեսապցին որոշած է ,Ուսումնասիրաց Ճեմարանիե ,Սարդարապատե սրահին դիմաց, բացօթեայ` ,Ուշբաղէնե-ի դաշտին վրայ տօնախմբել այդ տօնը (կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Քեսապի յանձնախումբին):

Ու այդ օրը քեսապցին պիտի պարէ, ոտքը գետին պիտի զարնէ, մինչեւ որ գետինը պատռուի եւ անկէ դուրս գան քաջերը, Տիգրաններն ու Տրդատները, Վարդաններն ու Վահանները, մայիսեան մարտերու եւ Արցախի գոյապայքարի ազատատենչ քաջերը, որոնց ոգիով պիտի պահէ ու պաշտպանէ հայրենի հողը:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles