Պոլսոյ Գումգաբու շրջանի «Սուրբ Որդւոց» եկեղեցւոյ մէջ, Յունիս 10-ին տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը, ուր կատարուեցաւ Տիգրան Մանսուրեանի պատրաստած «Եկեղեցւոյ համանուագ՝ Վիոլայի եւ դաշնակի.- Ի յիշատակ Կոմիտաս Վարդապետի» (Sonata da Chiesa for Viola and Piano: In Memoriam Komitas Vardapet):
Պոլսոյ դասական երաժշտութեան փառատօնին ներկայացուած այս կտորը, ամենայն հմտութեամբ նուագեց հանրածանօթ «վիոլահար» Քիմ Քաշքաշեան: Ունկնդիրներուն համար, իւրայատուկ էր այս երեկոն, մանաւանդ որ Քաշքաշեան կրցած էր հարազատութեամբ ներկայացնել Մանսուրեանի այս կոթողային գործը եւ այդ ալ պատմական «Սուրբ Որդւոց» եկեղեցւոյ մէջ:
Read Time:24 Second