Հայ Օգնութեան Միութեան հարիւրամեակի առթիւ մեր յարգանքի խօսքը ունինք բոլոր այն անձերուն« որոնք ունեցան այս փայլուն գաղափարը՝ հիմնելու Հայ կնոջական բարեսիրա-կան կազմակերպութիւն մը« որ կարենար նեցուկ կանգնիլ հայ ժողովուրդի նիւթական եւ բարոյական գործին:
Ծնունդ առած տարբեր երկիրներու երդիքի տակ« տասնամեակ մը տարբեր անունանում-ներով աշխատեցաւ հայ ազգի ամենէն ծանր պայմաններու ժամանակ:
Այսօր Հայ Օգնութեան Միութեան բոլոր ընկերուհիները մէկ նշանաբան ունին« շարունա-կել բարեսիրական գործերը ու հասնիլ ուր որ կարիքը կայ: Հ.Օ.Մ.-ը ծնաւ հայ ժողովուրդի ծոցէն եւ եղաւ ամենէն ժողովրդական կազմակերպութիւնը:
Հիմնուեցաւ 1910-ին Նիւ Եորք նահանգի մէջ Ընկ. Ակնունիի աշխատանքներով կոչուեցաւ Հայ Կարմիր Խաչ: Այդ շրջանին Ամերիկահայութեան թիւը շատ փոքր էր ու ցրուած մի քանի նահանգներու մէջ: Կեանքի ամենէն ծանր պայմաններուն մէջ« անծանօթ երկրի լեզուին« եկած ազատութեան աշխարհ« բայց եւ այնպէս իրենց ամէնօրեայ կեանքի մաս ըրին օգնել անկարողին« հիւանդին« եւ ուսանողին հիմնելով կրթական ֆոնտեր: Անոնք կրցան աւելին« հասնելով Միջին արեւելքի հայ ժողովուրդի գաղթականներուն« որոնք հայրենի հողէն դուրս լքուած ստիպուած էին նոր կեանք սկսիլ միջին արեւելքի տարբեր քաղաքներու մէջ: Իսկ այս հեռաւոր եւ նոր աշխարհի մէջ չէին կրնար չմտածել հայ լեզուի եւ մշակոյթի մասին. լաւ գիտէին որ առանց երկուքին կարելի պիտի չըլլար հայը հայ պահել:
Հ.Օ.Մ.-ի ընկերուհիները վառ պահեցին գաղութներու մէջ հայ մնալու եւ ապրելու գործե-լակերպը: Լաւ գիտէին« որ օր մը լուսաւոր Հ.Օ.Մ.-ը պիտի վերադառնայ Մայր Հայրենիք:
ինչպէս վերջին քսան տարիներու ընթացքին Հ.Օ.Մ.-ը իր ամբողջ կարողականութիւնը ի գործ դրաւ Հայաստանի երկրաշարժի օգնութեան գործին:
Յաճախ կը հարցնեն« ի՞նչն է որ Հ.Օ.Մ.-ի հզօրութիւնը ցոյց տուաւ աշխարհացրիւ: Հ.Օ.Մ.-ը երկրաշարժի աղետալի օրերուն 80 ամեայ կազմակերպութիւն աշխարհին փաստեց իր ներկայութիւնը հասնելով Հայ ժողովուրդի պէտքերուն:
Տուած իր մարդուժի եւ նիւթական օժանդակութիւնը յօգուտ հայ ժողովուրդին: Սփիւռքի կազմաւորման իր ներկայութիւնը բերաւ:
Մեզի կտակած է բարոյական մեծ ժառանգ մը «անոնք հազարաւոր ուխտեալ Հ.Օ.Մ.-ուհի-ներն են« ու Հայ մայրն է: Մենք ժառանգած ենք վիթխարի հարստութիւն« որն է բարեգործութիւնը ու պիտի փորձենք փոխանցել յաջորդ սերունդներուն:
Հայ Օգնութեան Միութիւնը եղած է այն միութիւնը« որ իր աշխատելաձեւը փոխած է ժա-մանակին յարմարելու« իր ժառանգութեան տէր դառնալու: Սփիւռք եւ հայրենիք շաղկապած« մէկ ամբողջութեան համար յարատեւած:
Հ.Օ.Մ.-ի հարիւրամեակի սեմին մէկ տեսլակէտ ունինք աշխոյժ պահենք մեր շարքերը« ստեղծենք երիտասարդ խումբեր« ամրապնդենք կապը հայրենի հողին հետ:
Այսօր հարիւրամեակի առթիւ մենք մեր սիրոյ եւ յարգանքի խօսքը ունինք մեր այն ընկե-րուհիներուն« որոնք հասցուցին կազմակերպութիւնը հարիւրամեակին.-Ընկերուհիներ Սի-րանուշ Մխիթարեան« Զապէլ Սերոբեան« Շամիրամ Ալան« Արփի Փափազեան« Ալիս Թոռ-նամեան« Լէօլա Սասունի« Չաւօ Շանթ« Արփի Զարխուտեան ու շարքը երկար:
Փառք Հ.Օ.Մ.-ի բոլոր բարերարներուն« որոնք տուին իրենց կեանքի տեսողութիւնը« պա-հած ու պահպանած հարստութիւնը Հ.Օ.Միութեան.-
Մայր Սոֆիա Յակոբեան, Ակնես Երեմեան, Ճորճ եւ Պիաթրիս Լազարեաններ, Սամուէլ եւ Ակնէս Երեմեաններ, Արաքսի Բրուտեան, Գարեգին եւ Վիրճինիա Սիրունեան, Հայկանուշ Կարապետեան, Տորիս Լէնթս Նորեան, Ալիս Նորեան, Արբքէս Քիլէրճեան, Յակոբ «Ժագ« Մուրատեան, Ալիս Հայկազեան Պըրմըն, Ժընեւիեւ Եղիշեան: