Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ Հ.Օ.Մ.-Ի ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 58 Second
photos: Zenop Tomakian
photos: Zenop Tomakian

Յիշատակելի եւ անզուգական երեկոյ մը՝ Շաբաթ, Մարտ 27, 2008…

Վայր՝ Նիւ Եորք – Yale Club…Հայ Օգնութեան Միութեան Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանը մեծ շուքով կատարեց Հ.Օ.Մ.-ի հիմնադրութեան հարիւրամեակի ճաշկերոյթը, շուրջ երկու հարիւր անձնաւորութիւններու ներկայութեամբ:

Երկու տարիէ ի վեր այս աշխատանքը կը կատարուէր, ղեկավարութեամբ, տարիներ շարունակ միութեան ծառայած ընկհ. Անժէլ Մանուկեանի, որ հմտօրէն եւ ամէնայն բծախնդրու-թեամբ կրցած էր յանձնախումբին հետ կազմակերպել այս ձեռնարկը:

Հիւրասիրութիւնը կատարուեցաւ ժամը 7:00էն 8:30, ապա սկսաւ ճաշկերոյթը, որուն բաց-ման խօսքը արտասանեց հարիւրամեակի շքահանդէսի յանձնախումբի ատենապետուհի ընկհ. Սօնիա Պզտիկեան: Ան նշեց թէ դիտմամբ, այս ձեռնարկը կը կատարուի Նիւ Եորքի մէջ, որով-հետեւ այս քաղաքին մէջ է որ հիմը դրուած է սոյն միութեան, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան շէնքին մօտակայքը:

photos: Zenop Tomakian
photos: Zenop Tomakian

«Ժրաջան եւ հետեւողական աշխատանք տարինք, որպէսզի մեծ յաջողութեամբ պատրաստ-ուինք այս ձեռնարկին եւ ամրապնդենք մեր նիւթական կառոյցը», յայտնեց ընկհ. Պզտիկեան:
Յաջորդաբար երեք քայլերգներ՝ Ա.Մ.Ն.-ի, Հայաստանի եւ Հ.Օ.Մ.-ի հնչեցին, մենակատարութեամբ Յուշեր Պզտիկեան-Խալիկեանի:  Յայտագրի վարիչ՝ տոքթ. Հրանդ Մարգարեան արդէն իսկ ստանձնած ըլլալով իր պաշտօնը, հմտութեամբ եւ փորձառութեամբ շարունակեց, կամ աւելի ճիշդը ղեկավարեց երեկոն:

Ան պատմեց կարճ դրուագներ, Հ.Օ.Մ.-ի անցեալէն եւ ներկայէն: Նշելի էր հանրածանօթ բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի մէկ յիշատակելի դրուագը: Իր ուսումը շարունակելու համար, նիւթական օժանդակութիւն ստացած՝ Մուշեղ Իշխան բարոյական պարտաւորութիւն ունեցած էր, պատրաստելու եւ Հ.Օ.Մ.-ին ձօնելու քայլերգ մը, որ ցայսօր կը հնչէ…եւ դեռ քիչ առաջ, ներկա-ները ըմբոշխնեցինվ, Յուշերի մեներգութեամբ:

Ան յետագային կարդաց ցանկը այն անդամներուն, որոնք յիսուն տարի աննահանջ ծառայած ըլլալով, ստացան յատուկ յուշանուէրներ:

Յաջորդաբար խօսք առին հարիւրամեակի յանձնախումբի ատենապետուհի Անժէլ Մանուկեան, Արեւելեան շրջանի ներկայացուցիչներ Անի Աթթար (գանձապահուհի), Քնարիկ Քիլէճեան (ատենապետուհի): Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վար-չութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեան, որ անգամ մը եւս դրուատեց Հ.Օ.Մ.ի հզօրութիւնն  ու հմայքը հանդիսացող ու անոր ազգօգուտ եւ հայանպաստ դար մը ծա-ռայութիւնը եւ շեշտեց որ անցեալի իրագործումները մեզ կը դնեն ծանր յանձնառութեան դիմաց, որպէսզի այս սուրբ գործը միշտ ալ հետեւողականօրէն շարունակուի: Ընկերուհին շեշտեց եւ գնահատեց խաչուհիներու նուիրումի եւ ծառայութեան ոգին, նոր պարտաւորութիւն կը դնէ անոնց առջեւ աւելի խանդով եւ սիրով շարունակելու իրենց վստահուած ազգանուէր ծառայութեան գործը:

Անժէլ Մանուկեան  իր խօսքին մէջ կարեւորեց թէ տակաւին Հ.Օ.Մ.-ը կ’ընդարձակուի հասնելու համար համասփիւռքեան եւ հայրենի ժողովուրդի ծովածաւալ կարիքներուն: Այս բոլորը կ’ենթադրեն տնտեսական հսկայ ներդրում« որուն համար յանձնախումբը լծուած է հանգանա-կային արշաւի« հաւատալով ժողովուրդի առատաձեռնութեան եւ նուիրաբերումին« հասնելու համար թիրախին:

Ներկայացուեցաւ տեսաներիզ մը, որ տասնեակ մը վայրկեաններու մէջ կը ներկայացնէր Հ.Օ.Մ.-ի հիմնադրութեան մասին տեղեկութիւններ եւ կարճ պատմական մը: Խօսք առաւ Մ.Ա.Կ.-ի մօտ ՀՀ լիազօր ներկայացուցիչ եւ դեսպան Արմէն Մարտիրոսեան որ կարդաց Սփիւռ-քի նախարարութեան յղած նամակը:

Օրուայ պատգամը փոխանցեց քոնկրէսի ներկայացուցիչներու տան անդամ Աննա Իշու, որ իր կարգին դրուատեց Հ.Օ.Մ.-ի կատարած աշխատանքը, նշելով այս միութեան կատարած խիստ կարեւոր աշխատանքը, յատկապէս եղեռնի օրերուն, շարունակ օժանդակութիւն կատա-րելով: Բարեջան Առաջնորդ Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան որ նախապէս կատարած էր բացման աղօթքը, կատարեց փակման խօսքն ու օրհնութիւնը: Ան շնորհաւորելով ներկաներն ու Հ.Օ.Մ.-ի յառաջիկայ տարեշրջանին տօնուելիք հարիւրամեակը, եզրակացուց թէ.- «Այս օրերուն մենք ազգովին կարիքը ունինք վերեւ յիշուած առաքինութիւններուն, վերանորոգուելու: Մեծարեալ-ներուն համար ըսուեցաւ թէ, յառաջացած տարիքի մէջ են, ծառայութիւնը տարիք չի ճանչնար, անոնք ծերացած չեն, կը մնան երիտասարդ եւ վերանորոգ կամք ունեցող ազգայիններ»:

Հ.Օ.Մ.ի հարիւրամեայ փորձառութեամբ լիցքաւորուած եւ դար մը ծառայութեան յանձնառութեան գիտակից ներկաներ, այս համախմբումով նիւթապէս եւ բարոյապէս իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Հ.Օ.Մ.ին,անգամ մը եւս հաստատելով իրենց խոստումը՝ ծառայելու ժողովուրդին հետ ժողովուրդին համար: Նշենք թէ, ցարդ հաւաքուած է 250 հազար տոլար:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles