Թուրքիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

0 0
Read Time:1 Minute, 59 Second
DIYARBAKIR, TURKEY - JUNE 7:   Supporters of the pro-Kurdish Peoples' Democratic Party (HDP) celebrate early election results June 7, 2015 in Diyarbakir, Turkey. Partial results from Turkey's parliamentary election on Sunday put the ruling AK Party on 40.9 percent of the vote, with just under two-thirds of ballots counted, a level which could leave it struggling to form a single-party government. The results, broadcast by CNN Turk, put the pro-Kurdish Peoples' Democratic Party (HDP) at 12.6 percent, just above the 10 percent threshold needed for it to enter parliament. (Photo by Burak Kara/Getty Images)
Photo by Burak Kara/Getty Images

Կիրակի, Յունիս 7-ին տեղի ունեցան Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւնները որոնք աւարտեցան նախագահ Էրտողանի «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութեան նահանջով:
Այս ընտրութիւնները վճռորոշ էին նախագահ Էրտողանի համար,այն առումով, որ Եթէ քուէներու մեխամասնութիւնը հաւաքէր, «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութիւնը կրնար փոխել սահմանադրութիւնը եւ երկիրը խորհրդարանական համակարգէն դարձնել նախագահական հանրապետութիւն:turkey n1
Միջազգային լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ ընտրութիւններու ժողովրդային մասնակցութեան տոկոսը բարձր եղած է, յատկապէս մայրաքաղաք Անգարայի մէջ:
Ընտրութիւններուն պատկերը հետեւեալն էր` քուէներուն հաշուարկէն ետք.- «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութիւնը (AKP) ստացած է քուէներուն 40,81 առ հարիւրը (258 երեսփոխան), «Հանրապետական Ժողովուրդի» կուսակցութիւնը (CHP)` 25,01 առ հարիւրը (132 երեսփոխան), «Ազգայնական Շարժում» (MHP) կուսակցութիւնը` 16,33 առ հարիւրը (81 երեսփոխան) եւ «Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական» կուսակցութիւնը (HDP)` 13,06 առ հարիւրը (79 երեսփոխան):

People wave and shows v-sign on June 3, 2015, in Mardin  during an election rally of the leader of the pro-Kurdish Peoples' Democratic Party (HDP) Selahattin Demirtas, ahead of the legislative election on June 7, 2015. AFP PHOTO/ILYAS AKENGIN
AFP PHOTO/ILYAS AKENGIN

Այս արդիւնքով, 13 տարի շարունակ տիրապետելէ ետք, Էրտողանի կուսակցութիւնը տեղի տուած էր, իսկ քրտամէտ ւ «Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական» կուսակցութիւնը կրցած էր գերազանցել տաս առ հարիւր համեմատութիւնը:
Ընտրութիւններու արդիւնքներուն յայտարարութենէն ետք «Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական» կուսակցութեան համանախագահ Սալահետին Տեմիրթաշ յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք միայն իր ղեկավարած Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը չէ որ յաղթեց, այլ նաեւ յաղթեցին Թուրքիոյ մէջ ապրող բոլոր փոքրամասնութիւնները` ալեուիները, լազերը եւ հայերը: turkey n3«Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը այլեւս Թուրքիոյ մէջ ապրող բոլոր ժողովուրդներուն կուսակցութիւնը դարձաւ: Յատուկ շնորհակալութիւն Ապտուլլա Օճալանին: Շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր լրագրողներուն, որոնք իրենց իրաւունքներէն զրկուած են», նշեց ան:
Նշենք, որ «Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական» կուսակցութիւնը նախապէս խոստացած էր, թէ երբ մուտք գործէ թրքական խորհրդարան, անպայման խորհրդարանին մէջ պիտի բարձրացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը:
Պոլսոյ Սկիւտար շրջանին մէջ քուէարկեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան, որ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ Թուրքիա զգայուն ժամանակաշրջան մը կ՛անցընէ:

Երեք Հայ Երեսփոխաններ` Նորընտիր Խորհրդարանէն ներս
Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք Պոլսոյ մէջ առաջադրուած հինգ հայ թեկնածուներէն երեքը անցած են խորհրդարան:p2-3 Armenians-Turkey-Parliament
Պոլսոյ երկրորդ ընտրատարածքին մէջ, ընդդիմութեան գլխաւոր «Հանրապետական Ժողովուրդի» կուսակցութեան ցանկէն երեսփոխան ընտրուեցաւ Սելինա Էօզուզուն-Տողան:
Ընտրուած երկրորդ Հայը իշխանութեան՝ «Արդարութիւն եւ
Բարգաւաճում» կուսակցութեան թեկնածու Մարգար Եսայեանն է, որ կը ներկայանար նոյնպէս՝ Պոլսոյ Բ. ընտրատարածքէն:
Հայ երրորդ թեկնածուն, որ ընտրուած է՝ համայնքային գործիչ եւ հայկական դպրոցներու վարիչ յանձնաժողովի պատասխանատու Կարօ Փայլանն է: Ան թեկնածու էր քրտամէտ «Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական» կուսակցութենէն, Պոլսոյ Գ. ընտրատարածքէն: «Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական» կուսակցութենէն կային երկու այլ հայ թեկնածուներ եւս՝ Ֆիլոր Ուլուք եւ Մուրատ Մըխճը, որոնք սակայն չընտրուեցան:
Այսպէսով, շուրջ վաթսուն տարուան ընդմիջումէ ետք, Թուրքիոյ Ազգային Ժողով մուտք կը գործեն երեք հայորդիներ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles