ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԱՇՏԻ ՄԵԾ ՀԱՐՑԱԿԱՆԸ ԱՅՍՕՐ

0 0
Read Time:2 Minute, 18 Second

turkey

Կարօ Արմենեան

Կը գտնուինք Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին։ Յունիսի 7-ին յստակ պիտի դառնայ, թէ ի՞նչ ձևաւորում կրնայ ստանալ Թուրքիոյ ներքին քաղաքական դաշտի կառոյցը և թէ ի՞նչ ապագայ վերապահուած է Թուրքիոյ այժմու նախագահական համակարգին և Նախ. Էրտողանի քաղաքական յաւակնութիւններուն։ Ի տարբերութիւն բոլոր նախորդ ընտրութիւններուն, Յունիսի 7-ը կոչուած է ըլլալու շրջադարձային հանգրուան մը երկրի կեանքին մէջ և յղի է ծանրակշիռ հետևանքներով։

Էրտողանի ներկայ գրաւն է քաղաքական դաշտը առնել իր կուսակցութեան (AKP) ամբողջական հակակշռին տակ՝ Ազգային Մեծ Ժողովէն դուրս պահելով Տեմիրթաշի նոր կուսակցութիւնը (HDP)։ Պարզ խօսքով, ընել այնպէս՝ որ Տեմիրթաշ չկարողանայ հաւաքել 10%-ի նուազագոյնը և հետևաբար չկարողանայ տեղ գրաւել յառաջիկայ խորհրդարանին մէջ։ Եթէ Էրտողանի ռազմավարութիւնը յաջողի, AKP-ի դիրքերը լայնօրէն ամրապնդուած պիտի ըլլան և Էրտողան հնարաւորութիւնը պիտի ունենայ իրագործուած տեսնելու սահմանադրական փոփոխութիւններու իր ծրագիրը զգալիօրէն ընդլայնելով իր իրաւասութիւնները երկրի քաղաքական բեմին վրայ։

Էրտողանի մեծ մարտահրաւէրը այս խաղին մէջ Կիւլէնեան շարժումն է։ Կիւլէնի կազմակերպութիւնը (Ճեմաաթ) կուսակցական կառոյցի հանգամանք չունի այսօր և հետևաբար ուղիղ մասնակից մը չէ ընտրութիւններուն։ Որպէս ուժեղ իսլամիստ շարժում մը սակայն՝ ան մեծ վտանգ մը կը ներկայացնէ AKP-ի միասնականութեան և ներկուսակցական ճակատի վրայ տևաբար կը հարուածէ Էրտողանի հեղինակութիւնը։ Դժուար է գուշակել նոյնիսկ այս յառաջացած ժամուն, թէ ի՞նչ չափով Կիւլենականները պիտի յաջողին յառաջիկայ ընտրութիւններուն պատկերը յեղաշրջել։

Ըստ թրքական հարցախոյզներու, մեծ է հաւանականութիւնը, որ Տեմիրթաշ կարողանայ ճեղքել10%-ի մոգական սահմանը։ Ամերիկացի դիտորդներու համաձայն սակայն, Էրտողան ի վիճակի է վերջին պահու խիզախ քայլերով կանխելու այս վտանգը։ Եթէ Էրտողան ձախողի և չկարողանայ իրագործել իր «հրաշք»ը, հաւանական է, որ AKP-ի ղեկավար կառոյցէն ներս Վարչապետ Ահմէտ Տաւութողլուի արժեթուղթերը զօրանան…որ նաև այսօր կը համընկնի Արևմուտքի քաղաքական հաշուարկներուն։ Էրտողան անկառավարելի գործակից մը եղաւ Արևմուտքի համար։ Ընդհակառակն Տաւութողլու կը դիտուի որպէս հաւասարակշռուած իսլամիստ ղեկավար մը, որուն հետ կարելի է «գործ տեսնել»…

Իսկ ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ Տեմիրթաշ դուրս մնայ Ազգային Մեծ Ժողովէն…Իր կուսակցութիւնը (HDP) առաջինն է իր տեսակին մէջ, որ կը փորձէ համախմբել բոլոր ազգային փոքրամասնութիւնները։ Իրականութեան մէջ, ան քրտական խմբաւորում մըն է, ծնած՝ Տեմիրթաշի զուտ քրտական միւս կուսակցութենէն, որ յայտնի է  BDP անունով։ Տեմիրթաշի չէզոքացումը կը նշանակէ քիւրտերու քաղաքական ուժի լուծարումը խորհրդարանէն ներս։ Էրտողան գիտէ, որ այդ մէկը այլևս բացառուած է։ Եթէ քիւրտերը ընտրական մեքենայութիւններով դուրս պահուին խորհրդարանէն, Թուրքիա քիւրտերու ներկայութիւնը պիտի զգայ այլապէս և այլու՛ր…Էրտողանի ճիգն է այս մեծ հարցականը չէզոքացնել մէկ կողմէ քաջալերելով քիւրտերու ներգրաւումը ի՛ր կուսակցութեան ցանկերէն ներս և միւս կողմէ օգնութիւն ակնկալելով Իրաքեան Քիւրտիստանի ղեկավարներէն։

Այս բոլորէն կը հետևի մէկ շատ կարևոր երկընտրանք Էրտողանի կուսակցութեան համար։ Ինչպէ՞ս պահպանել իսլամական իր վարկանիշները  միաժամանակ գործակցելով իր քեմալիստ հակառակորդներուն՝ CHP-ի հետ կարենալ տիրելու համար խորհրդարանին։ Պարզ խօսքով, տիրել դաշինքի՞ մը օգնութեամբ։ Տիրել իր հակառակորդները բաժնեկի՞ց դարձնելով երկրի ղեկավարման գործին։ Մեծ հարցականներ են ասոնք միահեծան ուժի վարժ Նախ. Էրտողանին և իր կուսակցութեան համար։ Եւ ի՞նչ կրնայ ըլլալ ներքին քաղաքական դաշտի այս խմորումներուն անդրադարձը Թուրքիոյ շրջանային և առհասարակ արտաքին քաղաքականութեան վրայ։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles