Կ’ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԵ՞ՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ(ՆԵՐ)Ի «ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐ»ՈՒ ՄԷԿՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:6 Minute, 12 Second


balianՅ. Պալեան

Մայիս 29, 2015

Քուինզ, Նիւ Եորք

Միշտ պէտք  է յիշել մեծն Սոկրատի պատգամը, որ հարցումները աւելի կարեւոր են քան անոնց տրուած պատասխանները:

Անկեղծութեան պահու մը, դադրելով այլազան զգացականութիւններու սովորական տուրք տալու կամ ազգի միացման յանձնառութիւններէն խուսափումի ճապկումներէն, պէտք է ըմբռնենք ազգի եւ անոր անդամներու իւրօրինակ կացութիւն(ներ)ը: Միամիտ պէտք չէ ըլլալ, որ այդ կացութիւն(ներ)ը հանդիսութեան մը ընթացքին արտասանուած ճառով կամ մեծ կամ պզտիկ ժողովներու ամպագորգոռ որոշումներով յանկարծ պիտի նոյնանան, միատեսակ պիտի ըլլան, այսինքն տարբերութիւնները պիտի չքանան, երազուած միութիւններ պիտի ստեղծուին:

Յաճախ կը լսուի այն միտքը, որ պատմական եւ ընկերային ազդակներու ճնշման ներքեւ «Հայաստանի ժողովուրդը» եւ «սփիւռք(ներ)ի ժողովուրդը» ՏԱՐԲԵՐ են: Ո՞վ չի գիտեր, որ բազմաշերտ տարբերութիւններ յառաջած են, լեզուամշակութային, կենցաղային, բարքերու, զգալու եւ մտածելու կերպերու: Անիրատեսութիւն եւ անիրապաշտութիւն է զգացական անվաղորդայն երեւակայածին բացատրութիւններու հետեւելով, կամաւոր կուրութիւնը առաջադրանք ընդունիլ եւ մէկութեան ճառային կրկներեւոյթներով յուզել եւ յուզուիլ:

Եթէ առարկայական ըլլանք, պիտի հաստատենք նաեւ, որ ոչ միայն ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ կան  Հայաստանի ժողովուրդին եւ սփիւռք(ներ)ի միջեւ, այլ նաեւ «սփիւռքներու» միջեւ, տարբեր զուգահեռականներու եւ միջօրէականներու տակ: Ամերիկայի հայուն եւ Ֆրանսայի հայուն միջեւ հայկական արժէքներու համակարգի նոյնութի՞նը աւելի կը կշռէ, թէ՞ տարբերութիւնը: Նոյնը՝ Պարսկաստանի հայուն եւ Արժանթինի հայուն պարագային: Եւ այդպէս կարելի է շարունակել բաղդատութիւնները:

Հարցը՝ որուն պէտք է պատասխանել հետեւալն է.  ազգի գոյացման եւ տեւականացման համար այս տարբերութիւններու նկատմամբ ի՞նչ պիտի ըլլայ ղեկավարման գաղափարախօսական-քաղաքական վերաբերումը: Այդ տարբերութիւնները նոյնութիւն ստեղծելու տեսակէտէ անյաղթահարելի պատնէ՞շներ դարձած են, թէ՞ ժամանակաւոր եւ եւ կամ մակերեսային են:

Առաջին հերթին, անմիջական եւ յստակ պատասխանի մը բանաձեւումի դժուարութիւնը կը յառաջանայ շատ հասկնալի հայրենիքի եւ ծննդավայրի շփոթէն: Ծննդավայրը, երկու, երեք, չորս եւ աւելի սերունդներու ընթացքին, կը յառաջացնէ աշխարագրական, աշխարհընկալման, քաղաքակրթական, մշակութային, կենցաղային, լեզուական, բարոյական ըմբռնումներու անշրջանցելի եւ յաճախ քարացած սովորութիւններ, վերաբերումներ, հեռացումներ: Այսօր բանավէճ կայ, կարգ մը երկիրներու մէջ,  օրինակ, քաղաքացիութեան եւ ազգի անդամութեան միջեւ: Ժամանակակից ըմբռնումը ինչ կը վերաբերի ազգ հասկացողութեան, նոյնը չէ ինչ որ էր յիսուն կամ հարիւր տարի առաջ:

Առանց գրքունակ գաղափարաբանութիւններու վրայ հիմնուած քննադատութիւններէ սարսափի, լրջօրէն պէտք է հարց տալ, թէ ծննդավայր եւ հայրենիք կը շփոթուի՞ն, հպատակութիւն-քաղաքացիութիւն եւ ազգութիւն կը շփոթուի՞ն: Մանչեսթըրի անգլիացիին կամ Լիմոժի ֆրանսացիին համար այս հարցը գոյութիւն չունի, եթէ իրենց հայրերը եւ անոնց հայրերը բազմաթիւ սերունդներէ ի վեր հոն եղած են, հողով, լեզուով, մշակոյթով եւ պատմութեամբ ինքնութիւն կերտելով, հասարակաց նոյնութիւն ստեղծելով: Ֆրանսան հարցը կ’ուզէ լուծել պարզագոյն ձեւով. հանրապետական կարգերու տակ բոլոր քաղաքացիները հաւասարապէս ֆրանսացի են, համահաւասար իրաւունքներով: Այս ֆրանսացիութիւնը բռնած է ֆրանսական ազգի տեղը: Նոր երկիրներու մէջ եւս վերաբերումը նոյնն է, օրինակ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ, ուր անցեալի հասկացողութեամբ ազգ չկայ: Մարդիկ հաւասարապէս ամերիկացի կամ  Գանատացի են, բայց անոնք չեն վարանիր յիշելու եւ յիշեցնելու, որ այդ անուանման ետին ունին տարբեր ձեւերով ապրուած ինքնութիւն, որ իրենք իրլանտացի, մեքսիքացի, չինացի են, հակառակ խտրականութեան վերացման, հզօր տարբերութիւններ կան: Այսօր լրջօրէն պէտք է հարց տալ, թէ վարչական նոյնացումը համայնքային-ազգային նոյնացման կը յանգի՞, յանգա՞ծ է:

Մեր ժամանակի բարդ հարցերէն մէկն է ծագումով ազգային պատկանելիութեան եւ շնորհուած քաղաքացիութեամբ կամ պատմական եւ տնտեսական պատճառներով հողի մը վրայ ծնած ըլլալով քաղաքացիութիւն ունեցած ըլլալու խնդիրը: Կացութիւնը փոխանակ հեզասահ լուծման մը յանգելու աւելի կը բարդանայ, քանի որ մարդիկ աւելի յարաշարժ են, տեւաբար քաղաք եւ երկիր կը փոխեն, աշխատանքի, տնտեսական, քաղաքական, ապահովական եւ պատերազմի պատճառներով: Այս հոլովոյթը ընթացքի մէջ է, քանի որ ամենուրեք տեղի կ’ունենայ ժողովուրդներու, ազգերու եւ մշակոյթներու խառնուրդ, անիշխանական կերպով, ինքնութիւններ կը կորսուին, հնարուած է նաեւ եզրը, կ’ըսուի՝ ծագումով այս կամ այն եւ այս կամ այն երկրի քաղաքացի: Նոր քաղաքացիութիւնը ճամբայ կը հարթէ անցեալէն խզումի եւ ինքնութեան կորուստի:

Համաշխարհային տարողութեամբ այս խնդիրներով մեր ժողովուրդը բռնուած է ուռկանի մէջ ինկած ձուկերու պէս: Անմիջականի ենթակայութենէ պահ մը եթէ ուզենք ձերբազատուիլ եւ մենք մեզ դիտել, մեր զարտուղութիւններու թատրոնին հադիսատես կ’ըլլանք: Հայաստան գացող եւ կանկէ վերադարձող օդանաւի ճամբորդներուն մօտ հարցախոյզ մը կատարեցէք, հասկնալու համար թէ մարդիկ ինչպիսի անցագրեր ունին: Կարծէք Միացեալ Ազգերու ընդհանուր ժողով կայ օդանաւին մէջ: Կրնայ պատահիլ, որ քոյրեր եւ եղբայրներ գտնուին մէջ օդանաւին մէջ, բայց անոնք ունենան տարբեր անցագրեր, օրինակ՝ լիբանանեան, ֆրանսական, ամերիկեան, աւստրալիական, եւայլն, հետեւաբար անոնք տարբե՞ր ազգերու կը պատկանին, թէ՞ հայ ազգին: Անոնց զաւակները, տարբեր աշարհներու մէջ, հասարակաց ի՞նչ ունին: Իսկ երբ այս զանազանութեան վրայ կը գումարուի լեզուի կորուստը, փորձենք հասկնալ, որ բացի արիւնակցական կապէ, հասարակաց ի՞նչ ունին:

Այդ հասարակացը ազգը պիտի ըլլար: Է՞, ինչպէ՞ս:

Կը յիշեմ Բենիամին Թաշճեանի «Դեգերումներ Տիրոջ Այգիին մէջ» (1972) գիրքէն հետեւեալը: Հին օրացոյցի թերթիկին տակ կարդացած է քրտական առած մը, որ կ’ըսէ, թէ իր լեզուն խօսող օտարը աւելի մօտ է իրեն, քան իր հայրենակիցը որ իր լեզուն չի խօսիր, եւ տրտմութեամբ կ’աւելցնէ, որ ինք այս իմաստութիւնը պիտի իմանար …քիւրտերէն: Քանի ժամանակը կը յառաջանայ, սփիւռքեան կացութիւնը այնքան աւելի կը մտնէ բնականոնացման (normalisation) հունը, հայը վերածելով ծագումով հայ այլ բանի: Հասարակացը աստիճանար կը կորսուի: Դեռ ժամանակ մըն ալ այդ հայը կրնայ խանդավառուիլ Հայաստանով, վանքերով, բարեսիրութեամբ, լուսանկարներով, բայց իր աշխարհը այլ տեղ է արդէն, ան ինքզինք աւելի հարազատ կը զգայ այն միջավայրին մէջ ուր կ’ապրի, բախտաւոր պարագային  շարունակելով մնալ հայասէր:

Մեր սովորական բառապաշարին մաս կը կազմէ ազգի երկու հատուածներ բնութագրումը: Անոնց միջեւ եղած տարբերութիւնը կը պատահի՞ որ «չափենք», առանց ամբոխավարական ճառի: Սփիւռք «հատուած»ի ո՞ր տոկոսը դեռ կը շարունակէ ինքզինք յանձնառութեամբ հարազատ զգալ Հայաստան-հայրենիքին (Հանրապետութեան եւ բռնագրաւուած) իր կացութիւնը մերժելով վերջնական համարելէ, որ կը նշանակէ ընթանալ հայրենադարձութեան ուղիով, հրաժարելով ճոռոմաբանութիւններէ, թէ զգացումով հայ ենք, հարիւր տոկոսվ հայ ենք եւ հարիւր տոկոսով այլ բան… Այս խօսքերը հաւերը ոտքի քնացնելու աճպարարութիւններ են:

Եթէ դադրինք շփոթելէ ծննդավայրը կամ պատմական արկածներու հետեւանք բնակավայրը եւ հայրենիքը (երանի անոնց որոնց համար այդպէս է իրականութիւնը), հատուածներու միջեւ որակական նոր յարաբերութիւն կը ստեղծուի, հայրենիքը կ’ըլլայ հայրենիք տէր մարդոցմով, աղէտ-արտագաղթ տեղի չ’ունենար եւ տեղի կ’ունենայ ազգակերտ հայրենադարձութիւն, որուն համար անհրաժեշտ անհատական շահերը (տնտեսական եւ փառասիրական) գերանցող ղեկավարութիւն եւ ղեկավարում կը յառաջանան, այսինքն բարոյականացնելով ինչ որ կը կոչուի քաղաքականութիւն, որակով, մարդոցմով՝ որոնք կարենան առանց ճապկումներու ըսել, ֆրանսացի իմաստասէրին պէս՝ որ ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է (René le Senne):

Հարց է այսօր, թէ մեր «ղեկավարութիւնները» ազգի իրաւ միաւորման ռազմավարութիւն ունի՞ն, թէ կը տնտեսեն մաշումի կացութիւնը:

Պէտք է խօսիլ նաեւ այդ մաշումին մասին, որ սփիւռք(ներ)ի մէջ ազգի համրանքի անհետացումն է, այդ ալ ժամանակի հարց է: Ի՞նչ պէտք է ընել, ի՞նչ կ’ընենք, որպէսզի այդ մաշումը անհետացման աղէտ չըլլայ: Ի հարկէ, ազգային-հեռանկարային մարտավարութիւնը հայրենադարձութիւնն է, ոչ թէ դէպքերու ճնշման տակ, ինչ որ կը պատահի այսօր ֆիզիքապէս վտանգուած սուրիահայերու պարագային, այլ նաեւ բոլոր անոնց համար՝ որոնք քաղաքակրթական-մշակութային եւ բարքերու ճնշման ներքեւ ենթակայ են ուծացման: Թեթեւսոլիկ կերպով վտանգը կը տեսնենք երբ ան անմիջականօրէն ֆիզիքական է, կարծէք ուծացումը նոյնքան աւելի մտահոգիչ չըլլար:

Բայց մինչ այդ, եթէ իր լիիրաւ ազգային նկարագրով կ’ուզենք պահել ազգի աւելի քան կէս սփիւռքեան աշխարհագրական սահմաններ չունեցող զանգուածները, անհրաժեշտօրէն անոր պէտք է ներշնչել իր ինքնակառավարման գիտակցութիւնը, ինքնամատակարարումով, եւ ինչու ոչ, նաեւ պետական նեցուկով: Այսինքն, պէտք ամրացնել սփիւռքեան կառոյցները,- դպրոցներ, մամուլ եւ հաղորդակցական միջոցներ, մշակութային հաստատութիւններ, հայերէնի զարգացման եւ իւրացման ժամանակակից քաղաքականութեան մշակում: Թերթի մը փակում՝ նահանջ է, դպրոցի մը փակում՝ աղէտ է, սերունդի փճացում: Սփիւռքի ամրացումը ինքնանպատակ եւ ջոջական պէտք չէ ըլլայ, այլ պէտք է նախապատրաստէ ՎԵՐԱԴԱՐՁի իմաստութեան կենսագործման: Այսինքն ղեկավարութիւնները պէտք է կշռել եւ դատել ազգային իրաւ նկարգրով համրանքի պաշտպանութեամբ եւ վերադարձի իրականացման ուղղութեամբ նախաձեռնութիւններով:

Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի ժողովուրդներու տարբերութիւնները կը հարթուին մշակոյթով եւ իրաւ միաւորման ոչ-ճառային քաղաքականութեամբ: Ներսի եւ դուրսի նախաձեռնութիւնները  այս ըմբռնումով պէտք է դատել եւ գնահատել, առանց շահախնդրութիւններու, ազգը եւ հայրենիքը ունենալով անհատականէ անդին նպատակ:

Կան նաեւ ազգային ինքնութեան հպարտութեամբ ամրանալու փոքրիկ-մեծ քայլեր, երբ հանդիսութիւններու բեմերէն չ’անհետանար հայերէնը, նոյնիսկ պե-տական դէմքերու եւ կրօնականներու խօսքով, նոյնիսկ եթէ գործնական է միաժա-մանակ արտայայտուիլ այլ լեզուներով:

Եթէ այս գիտակցութեամբ չառաջնորդուինք պատմութիւնը կ’ըլլայ անողոք: Հետեւանքները կրնան նախատեսել նոյնիսկ մանրիկ հաշուապահները:

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles