Մակար, ի Գաղիա
Մայիս 20, 2015
Կերոնականցի Արմենակի սէրերը հասցէ ունին: Անոնցմէ մէկն է հայ դպրոցը: Հայ դպրոցի կարեւոր եւ անկարեւոր ձեռնարկ-ներուն ներկայ կ’ըլլայ, զօրավիգ կ’ըլլայ: Երկրաշարժը այնքան չի ցնցեր զինք, որքան փակուող հայ դպրոցը:
Հայ դպրոցը միշտ կարիքներ ունի: Կ’իմանանք հանգանակութեան, պարահանդէսի, ճաշկերոյթի, երգչախումբի ելոյթի, եւ այլ ձեռնարկներու մասին: Լաւ է: Երբ մարդիկ ուղղակի դրամ չեն տար հայ դպրոցին, ճաշելով կարելի է անոնցմէ դրամ առնել:
Արմենակին ալ ճաշկերոյթի տոմսակ ծախած են, մեզի համար ալ գնած է: Շաբաթ երեկոյ, Էլպիսը, Մակարուհին, Արմենակ եւ ես ճշդուած ժամուն սրահ մտանք: Սրահին խորը տեղ մը առաջնորդեցին մեզ: Պատուոյ սեղան մը դրուած էր: Կը դիտէինք: Պատուոյ սեղանի կոչնականները հասարակ ազգայինի պէս ճիշդ ժամուն չեն գար: Եթէ ճիշդ ժամուն գան, իրենց փքուած եսերուն ցուցադրութիւնը ինչպէս կրնան ընել անտէր աթոռներու առջեւ:
Սպասեցինք:
– Մակա՛ր, դուն շատ մարդ կը ճանչնաս, ըսէ՛ ինծի թէ ո՞վ է այսօրուան հովանաւորը, բանաստե՞ղծ է, գրո՞ղ, գիտնակա՞ն, ար-ուեստագէ՞տ, ազգային հերո՞ս, ես իր անուան չեմ հանդիպած:
– Ես ալ չեմ ճանչնար, լսած եմ որ հիւանդ է, քու գիտցած հիւանդներէդ չէ, կը տառապի ժողովախտէ, երեւելի ըլլալու ճանապարհը հոնկէ կ’անցնի: Ծագումով հայու տեսակ է, կը սիրէ ճառ խօսիլ, բայց ոչ-հայերէն: Անոնցմէ է, որոնք հայերէնը կը համարեն աղքատ եւ աղքատ ազգականի լեզու, բայց երբեմն որպէս համեմ հայերէն բառեր կ’ըսեն, շնորհ ընելով:
Խօսեցանք հարիւրամեակի մասին, արդէն հարիւրյիսունամեակի մասին մտածողներ կան:
Անսպասելիօրէն պատուոյ սեղանի թեկնածուները միասնաբար հասան, սկաուտական խումբի պէս: Նուագախումբի փողութմբուկի աղմուկին մէջ ճաշի սպասարկութիւնը սկսաւ: Բաժակները լեցուեցան: Նուագախումբը լռեց: Օտար հիւրերը իրենց լեզուով աւանդական հաճոյակատարութիւնը ըրին, ներկաները հրաւիրելով որ զիրենք չմոռնան քուէատուփին առջեւ: Հարիւր տարիէ ի վեր հիւրընկալ երկիրներու մէջ կրկնուող բեմադրութիւն:
Ճաշերուն հետ ճառերը քայլ կը պահէին:
– Մակա՛ր, այդ ճառերը մարսողութեան կը նպաստե՞ն:
– Ի՞նչ կ’ըսես: Եթէ այդ շնորհը ունենային սեղաններուն վրայ գազով ջուր կը դնէ՞ին,- ըսի իմ կարգիս:
Վերջապէս, ինչպէս որ պատշաճ է, հրաւիրեցին հովանաւորը իր պատգամը տալու արդէն կուշտ եւ քիչ մըն ալ տաքցած գլուխով ներկաներուն:
Երբ հովանաւորը վիզը առջեւ տնկած իր առաջին բառերը ըսաւ, Արմենակ անհանգստացաւ:
– Վա՛յ քեզ աշխարհ,- ըսաւ,- հայ դպրոցի մասին օտար հիւրերը մէկ բառ հայերէն չխօսեցան, լսեցինք, հիմա հայը կը խօսի հայ դպրոցի մասին, այնպէս ինչպէս օտարներ խօսեցան: Ի՜նչ խօսուն օրինակ աշակերտներուն: Տե՛ս, դպրոցի մասին հովանաւորն ալ հայերէն բառ չ’ըսեր, ինչպէս օտարները, տարբեր բուրդ կը մանէ:
Հովանաւորը նոյն ոգիով կը շարունակէր եւ հայերը բերանաբաց կը լսէին: Ան յանկարծ բղաւեց՝ ճառը աւարտելու համար. «Կեցցէ՛ հայ դպրոցը, կեցցէ՛ Հայաստանը, կեցցէ՛ Ղարաբաղը», եւ կուշտեր յոտնկայս ծափերով պատասխանեցին հովանաւորին:
Արմենակ եւս ոտքի ելաւ, մեզի ալ ըսաւ. «Երթանք, բաւարար է որքան լսեցինք եւ փաստեցինք որ ծագումով հայ ենք, հաճոյք պատճառելով մեր հիւրընկալ հիւրերուն: Չըսին, թէ հայ դպրոցն էր նպատակ, թէ ան միջոց չէր…»:
Պատուոյ սեղանին շուրջ կը շարունակէին ձեռք սեղմել… Հայերէնի հոգեհանգի՞ստ էր: