ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԱՐԱՄ Ա. ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

0 0
Read Time:2 Minute, 22 Second

86

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Շաբաթ, Մայիս 16-ի յետմիջօրէին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Սուրբ Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանի, քահանայ հայրերու եւ Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Թեմի երիտասարդական յանձնախումբը Մայր Եկեղեցւոյ սրահին մէջ յատուկ հանդիպում-զրոյց մը կազմակերպած էր Վեհափառ Հայրապետին ու երիտասարդութեան միջեւ: 119
Բացման խօսքը կատարեցին Թամար Յարութիւնեան եւ Քրիսթին Սանդրեան, որոնք լուսարձակի տակ առին Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքին ունեցած դերակատարութիւնը ու ներկայի եւ ապագայի նշանակալից առաքելութիւնը: Ապա, խօսք առաւ Անուշաւան Սրբազանը, որ ամփոփ ձեւով ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ մէջ սրբադասման պատմութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման աշխատանքներու հանգրուանները: Ապա՝ Քնար Մեսրոպեան ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառով արմատախիլ եղած ու ջարդուած իր ընտանիքի պատմութիւնը, իսկ Նազ Մարգարեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան դրդապատճառներն ու հետեւանքները: 125
Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ նախ անդրադարձաւ համաշխարհայնացումի երեւոյթին եւ ըսաւ. «Համաշխարհայնացումը փաստօրէն քանդած է ամէն տեսակի մշակութային եւ կրօնական պատնէշ. հետեւաբար, մենք իրապաշտ պէտք է ըլլանք՝ չենք կրնար կղզիացած ապրիլ: Մեր մարտահրաւէրը համաշխարհայնացած այս աշխարհին մէջ ապրիլ է՝ կառչած մնալով մեր եկեղեցւոյ, ազգային ինքնութեան եւ մշակոյթին»: Նորին Սրբութիւնը շարունակելով իր խօսքը, անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ ներդրումին մեր ազգային իրաւունքներու պայքարին ու Հայ Դատին, յիշեցնելով թէ՝ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անթիլիասական շրջանի պատմութիւնը դրոշմուած է պայքարով ի խնդիր մեր ժողովուրդի արդար դատին: Երջանկայիշատակ մեր բոլոր հայրապետները իրենց կարեւոր նպաստը բերած են հետապնդելով մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքները: 135Մենք եւս, ո՛չ միայն շարունակեցինք այս աշխատանքը, այլ զայն փոխադրեցինք իրաւական դաշտ՝ Թուրքիոյ պետութեան դէմ դատ բանալով ու պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը: Այս դատը սկիզբ մըն է օրինական գործընթացի մը, որուն պիտի յաջորդէ մեր ազգապատկան, եկեղեցապատկան ու վերջապէս անհատական կալուածներու վերադարձի պահանջը: Սակայն, հարկ է ըլլալ իրապաշտ, դիւրին չէ իրաւական այս գործընթացը, որովհետեւ մեզի անհրաժեշտ բաստաթուղթերը կը պակսին: Նաեւ, նկատի պէտք է ունենալ, թէ այս դատը քաղաքական բնոյթ ունի, որ Թուրքիոյ դիմաց աննախատեսելի կացութիւններ կրնայ ստեղծել»: 105Վերջապէս, Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց միջ-կրօնական երկխօսութեան հրամայականը. «Վերջին տասնամեակին ու յատկապէս վերջին երկու տարիներու ընթացքին, կարգ մը խմբակներու կողմէ կը տեսնենք կրօնի շահագործումը: Այս երեւոյթը վտանգաւոր հետեւանքներ կրնայ ունենալ: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է որ մենք վերանորոգ թափով շարունակենք միջ-կրօնական երկխօսութիւնը, որպէսզի երկխօսութեան ճամբով կարենանք իրարհասկացողութեան ու հանդուրժողականութեան եզրեր գտնել, աշխարհի մէջ խաղաղութիւն ու համերաշխութիւն ստեղծելու հեռանկարով»:310
Ապա, ներկայ երիտասարդները զանազան հարցադրումներ կատարեցին, որոնք լուսաբանուեցան Արամ Ա.-ի կողմէ:
Միեւնոյն օրը, Արամ Ա. իր իջեւանած պանդոկին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն հետ: Լսելէ ետք ժողովականներուն մտահոգութիւնները, Կաթողիկոսը գնահատեց Առաջնորդ Սրբազանին, եկեղեցական դասուն ու եկեղեցւոյ շուրջ գործող մարմիններուն տարած նուիրական գործունէութիւնը: 145155Ապա, իր թելադրանքները կատարեց Թեմէն ներս առաւել եւս կազմակերպելու մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր ու ազգային կեանքը, շեշտը դնելով դէպի ժողովուրդ ուղղուած ծառայութեան վրայ:
Նշենք, որ Ուրբաթ, Մայիս 15-ի երեկոյեան, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, շուրջ 100 ազգայիններու ներկայութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով պարգեւատրեց Տիկ. Այրին Ոսպիկեանը, առ ի գնահատանք իր կատարած մտաւորական աշխատանքին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles