Անդամուհի
Լուսանկարներ՝
Ռոպերթ Կարապետեան
Ապրիլ է: Գարնան այս ամիսը խոր ցաւով կը մրճահարէ մեր հոգին: Սարսափելի պատկերներ՝ խեղճացած այրերու, առեւանգուած եւ բռնաբարուած կոյսերու եւ հարսերու, ոտաբոպիկ ու սոված մանուկներու եւ ծերերու, որոնք Տէր Զօրի այրող արեւին տակ, այրող աւազներուն վրայ տարածուած՝ կը տողանցեն մեր աչքերուն առջեւ: Այս պատկերը անկարող ենք մտահան ընել: Մեր անզօրութիւնը՝ հակառակ տարուած աշխատանքներուն մեզ աւելի կը ճնշէ ու կը բարկացնէ: Աշխարհի ժողովուրդներու եւ պետութիւններուն ողորմածութեան եւ արդարադատութեան կը սպասենք: (Կարծեմ իզուր): Սակայն անտեսելով այս տխուր կացութիւնը, խօսինք քաջալերական երեւոյթի մը մասին:
Նիւ Եորքի Համազգայինը 36 տարի է որ իր համեստ ներդրումը բերած է ԱՊՐԻԼ ամսուն: Կը փորձենք ներառնել, Սփիւռք ծնած ու մեծցած նոր սերունդը՝ պատանիներ ու երիտասարդներ, որոնք ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ կ’ընթերցեն մեր հարուստ գրականութենէն ընտրուած բանաստեղծութիւններ եւ արձակներ: Տարիներու ընթացքին տարբեր թէմաներու՝ Մօր սէրը, հայրենիքի սէրը, Հայերէնի սէրը, ինչպէս նաեւ Գիրերու գիւտին եւ մեր երգիծաբանութեան նուիրած ենք այս երեկոն: Մասնակցողներու մեծ մասը Սփիւռք ծնած է: Ոմանք ամենօրեայ, ոմանք շաբաթօրեայ վարժարան յաճախած, կամ տան մէջ սորված են Հայերէնը… ու այսպէս այլազան պատկերներ սփիւռքահայ սերունդին: Միջին արեւելքէն եւ վերջերս Հայաստանէն արտագաղթած երիտասարդներ ալ կը փորձենք մասնակից դարձնել այս երեկոներուն:
Միշտ Ապրիլ ամիսը ընտրած ենք Գրական Գոհարներ եւ Գինի ձեռնարկին համար, տեսակ մը հոգեպէս բաւարարուելու եւ կարծէք ձեւով մը ցոյց տալու մեր դարաւոր ոսոխին, որ իրենց արիւնախում ծրագրի պատճառով, հայրենիքէն զրկուած եւ Սփիւռք ծնած ու մեծցած մեր երրորդ սերունդը ահաւասիկ տակաւին Հայերէ’ն կը կարդայ, մե՛ր Մայրենիով կը կարդայ մե՛ր գրական էջերէն:
Այս տարի Գրական Գոհարներ եւ Գինի Երեկոն նուիրուած էր Եղեռնի հարիւրամեակին եւ տեղի ունեցաւ Վուտսայտի Հայ Կեդրոնին մէջ: Մասնակցողներու թիւը 14 էր: Մեծ մասը, Ամերիկա ծնած, 10 հոգի, Գանատա՝ մէկ, Լիբանան՝ մէկ, եւ երկու հոգի ալ Հայաստան:
Մասնաճիւղիս ատենապետուհին, ընկհ. Աստղիկ Սեւակ, երեկոյի բացումը կատարեց հրաւիրելով ներկաները յոտնկայս յարգելու յիշատակը մեզմէ նորոգ բաժնուած, երկար տարիներու Համազգայինի նուիրեալ անդամ ընկ. Արա Գաբրիէլեանի: Ապա հրաւիրեց ընկ. Հրանդ Մարգարեանը յայտագիրը վարելու:
Մարգարեան իր փորձառութեամբ եւ հմտութեամբ երեկոն վերածեց դաստիարակչական «ԳՈՀԱՐ»ի մը: Երբ գրողներու նկարները կը ցուցադրուէին, Մարգարեան հեղինակի կենսագրականը կուտար եւ աւելին՝ կը ծանրանար հեղինակի գրականութեան յատկութիւններուն վրայ: Ներկաները յափշտակուած կը հետեւէին: Հ. Մարգարեան հեղինակներէն մէկն էր եւ իր կենսագրականը ներկայացուց Գրական Յանձնախումբի անդամներէն ընկհ. Մարուշ Կիւլումեան:
Զանազան գրողներէ ընթերցումներ կատարուեցան հետեւեալ յաջորդականութեամբ: Ժագ Յակոբեանի՝ Ապրիլ ամսուն, Թամար Յարութիւնեան, եւ՝ Տէր Զօր, Յուշեր Խալիկեան:
Արամ Հայկազի՝ Հանդիպում մը, Նայիրի Ճիրճիրեան, Վահան Թէքէեանի՝ Ահաւոր բան մը այնտեղ, Նազարէթ Մարգարեան: Անծանօթ հեղինակի մը բանաստեղծութիւնը, Քսանըչորս Ապրիլի, Երազ Մեսջեան: Վերջին կտորի հեղինակին առաջին անունը միայն գիտենք (ՀԱՅԿ Հ): Ժագ Յակոբեանի՝ Արեւմտեան Կողմն Արաքսի, Թամար Սամուէլեան: Զապէլ Եսայանի՝ Աւերակներուն մէջ, Լիզա Եսայեան:
Սիամանթոյի՝ Ափ մը Մոխիր, Գայանէ Ժամկոչեան եւ՝ Խեղդամահը, Երազ Մեսջեան: Դանիէլ Վարուժանի՝ Ջարդը, Լիզա Եսայեան: Զօրավար Մովսէս Սիլիկեանի 1918ի Սարտարապատի պատերազմին խօսած ճառը՝ Դէպի Սրբազան Պատերազմ, Մհեր Ճանոյեան: Հրանդ Մարգարեանի՝ Երկիր, Յուշեր Խալիկեան:
Շահան Շահնուրի՝ Նահանջը Առանց Երգի վէպէն հատուած մը, Արթուր Իփէք, “կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, մեղայ մեղայ Արարատին“: Պարոյր Սեւակի՝ Քիչ ենք բայց Հայ ենք, Արփինէ Կորէկեան եւ Անլռելի զանգակատունէն հատուած մը Արփինէ Քոչարեան: Գէորգ Էմինի՝ Սասունցիների պարը, Թալին Նիկտէլեան: Իգնա Սարըասլանի՝ Մենք Յաւերժութեան ծառը եղանք, Արթուր Իփէք: Ամենէն կրտսեր մասնակցողը Նիքոլըս Առաքելեան ընթերցեց Եղիշէ Չարենցի՝ անկրկնելի “Ես Իմ Անուշ Հայաստանի“ն:
Յաջորդականութիւնը մեզի ներկայացուեցաւ նախ ցաւի եւ սուգի յիշատակներով, ապա հետզհետէ դէպի պայքար եւ յոյս՝, Սփիւռքի մարտահրաւէրները եւ վերջապէս դրական արդիւնք՝ մեր հայրենիքի անկախութիւնն ու Անուշ Հայաստանը: Նշենք որ 14 մասնակցողներ ընթերցեցին 18 տարբեր կտորներ՝ 14 հեղինակներէ: Մասնակցողներէն ինը հոգի յաճախած էին ամենօրեայ Վարժարան անոնցմէ վեցը Սրբոց Նահատակաց Ամենօրեայ Վարժարանի շրջանաւարտներ էին: Շնորհակալութիւն Տնօրէնուհի Զարմինէ Պօղոսեանի անհատնում նուիրումին: Մէկ հոգի Ս. Լուսաւորիչ Ամենօրեայ Վարժարանէն, որը երեք տարի առաջ փակուեցաւ: Երկու հոգի ամենօրեայ յաճախած՝ Լիբանանէն: Մնացեալներէն երեքը Շաբաթօրեայ վարժարան եւ Սիամանթօ Լսարան յաճախած էին, եւ երկու հոգի Հայաստանէն: Այս պատկերը կ’ամրապնդէ այն իրողութիւնը որ ամէնակուլ Սփիւռքի մէջ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑՆ է Հայապահպանման միակ ապաւէնը:
Ելոյթէն ետք, Հ. Մարգարեան մի առ մի բեմ հրաւիրեց մասնակցողները՝ ներկայացնելով անոնց հակիրճ կենսագրականը: Համազգայինի Ատենապետուհի ընկհ. Աստղիկ Սեւակ շնորհաւորելով բոլորը, Մասնաճիւղիս Վարչութեան կողմէ մասնակցողներուն նուիրեց Այտա Զիլելեանի նոր հրատարակուած անգլերէն վէպը Եղեռնի նիւթով “The Legacy of Lost Things“:
Վերջաւորութեան խօսք առաւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ, արժանապատիւ Տէր Մեսրոպ Քահանայ Լագիսեան, որ միշտ ներկայ եղած ու քաջալերած է մեր երիտասարդ սերունդը: Ջերմ գնահատանքի խօսքով շնորհաւորեց բոլոր մասնակցողները, դրուատեց Գրական Յանձնախումբի յարատեւ ճիգը՝ նոր սերունդին՝ հասնելու եւ Հայերէն ընթերցումին մղելու, գնահատեց Համազգայինի յամառօրէն Հայերէնին կառչելու անխախտ գիտակցութիւնը եւ Հ. Մարգարեանի դաստիարակելու իւրայատուկ ձեւը:
Եւ ա՛յս՝ մեր մեծագոյն գնահատականն է:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔ.¬
ԳՐԱԿԱՆ ԳՈՀԱՐՆԵՐ
ԵՒ ԳԻՆԻ 36¬ՐԴ ՏԱՐԻ
Ապրիլ է: Գարնան այս ամիսը խոր ցաւով կը մրճահարէ մեր հոգին: Սարսափելի պատկերներ՝ խեղճացած այրերու, առեւանգուած եւ բռնաբարուած կոյսերու եւ հարսերու, ոտաբոպիկ ու սոված մանուկներու եւ ծերերու, որոնք Տէր Զօրի այրող արեւին տակ, այրող աւազներուն վրայ տարածուած՝ կը տողանցեն մեր աչքերուն առջեւ: Այս պատկերը անկարող ենք մտահան ընել: Մեր անզօրութիւնը՝ հակառակ տարուած աշխատանքներուն մեզ աւելի կը ճնշէ ու կը բարկացնէ: Աշխարհի ժողովուրդներու եւ պետութիւններուն ողորմածութեան եւ արդարադատութեան կը սպասենք: (Կարծեմ իզուր): Սակայն անտեսելով այս տխուր կացութիւնը, խօսինք քաջալերական երեւոյթի մը մասին:
Նիւ Եորքի Համազգայինը 36 տարի է որ իր համեստ ներդրումը բերած է ԱՊՐԻԼ ամսուն: Կը փորձենք ներառնել, Սփիւռք ծնած ու մեծցած նոր սերունդը՝ պատանիներ ու երիտասարդներ, որոնք ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ կ’ընթերցեն մեր հարուստ գրականութենէն ընտրուած բանաստեղծութիւններ եւ արձակներ: Տարիներու ընթացքին տարբեր թէմաներու՝ Մօր սէրը, հայրենիքի սէրը, Հայերէնի սէրը, ինչպէս նաեւ Գիրերու գիւտին եւ մեր երգիծաբանութեան նուիրած ենք այս երեկոն: Մասնակցողներու մեծ մասը Սփիւռք ծնած է: Ոմանք ամենօրեայ, ոմանք շաբաթօրեայ վարժարան յաճախած, կամ տան մէջ սորված են Հայերէնը… ու այսպէս այլազան պատկերներ սփիւռքահայ սերունդին: Միջին արեւելքէն եւ վերջերս Հայաստանէն արտագաղթած երիտասարդներ ալ կը փորձենք մասնակից դարձնել այս երեկոներուն: Միշտ Ապրիլ ամիսը ընտրած ենք Գրական Գոհարներ եւ Գինի ձեռնարկին համար, տեսակ մը հոգեպէս բաւարարուելու եւ կարծէք ձեւով մը ցոյց տալու մեր դարաւոր ոսոխին, որ իրենց արիւնախում ծրագրի պատճառով, հայրենիքէն զրկուած եւ Սփիւռք ծնած ու մեծցած մեր երրորդ սերունդը ահաւասիկ տակաւին Հայերէ’ն կը կարդայ, մե՛ր Մայրենիով կը կարդայ մե՛ր գրական էջերէն:
Այս տարի Գրական Գոհարներ եւ Գինի Երեկոն նուիրուած էր Եղեռնի հարիւրամեակին եւ տեղի ունեցաւ Վուտսայտի Հայ Կեդրոնին մէջ: Մասնակցողներու թիւը 14 էր: Մեծ մասը, Ամերիկա ծնած, 10 հոգի, Գանատա՝ մէկ, Լիբանան՝ մէկ, եւ երկու հոգի ալ Հայաստան:
Մասնաճիւղիս ատենապետուհին, ընկհ. Աստղիկ Սեւակ, երեկոյի բացումը կատարեց հրաւիրելով ներկաները յոտնկայս յարգելու յիշատակը մեզմէ նորոգ բաժնուած, երկար տարիներու Համազգայինի նուիրեալ անդամ ընկ. Արա Գաբրիէլեանի: Ապա հրաւիրեց ընկ. Հրանդ Մարգարեանը յայտագիրը վարելու:
Մարգարեան իր փորձառութեամբ եւ հմտութեամբ երեկոն վերածեց դաստիարակչական «ԳՈՀԱՐ»ի մը: Երբ գրողներու նկարները կը ցուցադրուէին, Մարգարեան հեղինակի կենսագրականը կուտար եւ աւելին՝ կը ծանրանար հեղինակի գրականութեան յատկութիւններուն վրայ: Ներկաները յափշտակուած կը հետեւէին: Հ. Մարգարեան հեղինակներէն մէկն էր եւ իր կենսագրականը ներկայացուց Գրական Յանձնախումբի անդամներէն ընկհ. Մարուշ Կիւլումեան:
Զանազան գրողներէ ընթերցումներ կատարուեցան հետեւեալ յաջորդականութեամբ: Ժագ Յակոբեանի՝ Ապրիլ ամսուն, Թամար Յարութիւնեան, եւ՝ Տէր Զօր, Յուշեր Խալիկեան: Արամ Հայկազի՝ Հանդիպում մը, Նայիրի Ճիրճիրեան, Վահան Թէքէեանի՝ Ահաւոր բան մը այնտեղ, Նազարէթ Մարգարեան: Անծանօթ հեղինակի մը բանաստեղծութիւնը, Քսանըչորս Ապրիլի, Երազ Մեսջեան: Վերջին կտորի հեղինակին առաջին անունը միայն գիտենք (ՀԱՅԿ Հ): Ժագ Յակոբեանի՝ Արեւմտեան Կողմն Արաքսի, Թամար Սամուէլեան: Զապէլ Եսայանի՝ Աւերակներուն մէջ, Լիզա Եսայեան: Սիամանթոյի՝ Ափ մը Մոխիր, Գայանէ Ժամկոչեան եւ՝ Խեղդամահը, Երազ Մեսջեան: Դանիէլ Վարուժանի՝ Ջարդը, Լիզա Եսայեան: Զօրավար Մովսէս Սիլիկեանի 1918ի Սարտարապատի պատերազմին խօսած ճառը՝ Դէպի Սրբազան Պատերազմ, Մհեր Ճանոյեան: Հրանդ Մարգարեանի՝ Երկիր, Յուշեր Խալիկեան: Շահան Շահնուրի՝ Նահանջը Առանց Երգի վէպէն հատուած մը, Արթուր Իփէք, ,կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, մեղայ մեղայ Արարատինե: Պարոյր Սեւակի՝ Քիչ ենք բայց Հայ ենք, Արփինէ Կորէկեան եւ Անլռելի զանգակատունէն հատուած մը Արփինէ Քոչարեան: Գէորգ Էմինի՝ Սասունցիների պարը, Թալին Նիկտէլեան: Իգնա Սարըասլանի՝ Մենք Յաւերժութեան ծառը եղանք, Արթուր Իփէք: Ամենէն կրտսեր մասնակցողը Նիքոլըս Առաքելեան ընթերցեց Եղիշէ Չարենցի՝ անկրկնելի ,Ես Իմ Անուշ Հայաստանիեն:
Յաջորդականութիւնը մեզի ներկայացուեցաւ նախ ցաւի եւ սուգի յիշատակներով, ապա հետզհետէ դէպի պայքար եւ յոյս՝, Սփիւռքի մարտահրաւէրները եւ վերջապէս դրական արդիւնք՝ մեր հայրենիքի անկախութիւնն ու Անուշ Հայաստանը: Նշենք որ 14 մասնակցողներ ընթերցեցին 18 տարբեր կտորներ՝ 14 հեղինակներէ: Մասնակցողներէն ինը հոգի յաճախած էին ամենօրեայ Վարժարան անոնցմէ վեցը Սրբոց Նահատակաց Ամենօրեայ Վարժարանի շրջանաւարտներ էին: Շնորհակալութիւն Տնօրէնուհի Զարմինէ Պօղոսեանի անհատնում նուիրումին: Մէկ հոգի Ս. Լուսաւորիչ Ամենօրեայ Վարժարանէն, որը երեք տարի առաջ փակուեցաւ: Երկու հոգի ամենօրեայ յաճախած՝ Լիբանանէն: Մնացեալներէն երեքը Շաբաթօրեայ վարժարան եւ Սիամանթօ Լսարան յաճախած էին, եւ երկու հոգի Հայաստանէն: Այս պատկերը կ’ամրապնդէ այն իրողութիւնը որ ամէնակուլ Սփիւռքի մէջ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑՆ է Հայապահպանման միակ ապաւէնը:
Ելոյթէն ետք, Հ. Մարգարեան մի առ մի բեմ հրաւիրեց մասնակցողները՝ ներկայացնելով անոնց հակիրճ կենսագրականը: Համազգայինի Ատենապետուհի ընկհ. Աստղիկ Սեւակ շնորհաւորելով բոլորը, Մասնաճիւղիս Վարչութեան կողմէ մասնակցողներուն նուիրեց Այտա Զիլելեանի նոր հրատարակուած անգլերէն վէպը Եղեռնի նիւթով ,The Legacy of Lost Thingsե:
Վերջաւորութեան խօսք առաւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ, արժանապատիւ Տէր Մեսրոպ Քահանայ Լագիսեան, որ միշտ ներկայ եղած ու քաջալերած է մեր երիտասարդ սերունդը: Ջերմ գնահատանքի խօսքով շնորհաւորեց բոլոր մասնակցողները, դրուատեց Գրական Յանձնախումբի յարատեւ ճիգը՝ նոր սերունդին՝ հասնելու եւ Հայերէն ընթերցումին մղելու, գնահատեց Համազգայինի յամառօրէն Հայերէնին կառչելու անխախտ գիտակցութիւնը եւ Հ. Մարգարեանի դաստիարակելու իւրայատուկ ձեւը:
Գրական Յանձնախումբի համեստ ներդրումն էր այս երեկոն՝ նուիրուած մեր անբուժելի ցաւին ու մեր բիւրաւոր ու անթաղ նահատակներու յիշատակին: Ներկաները տպաւորուած, մասնակցողները խանդավառ, Գրական Յանձնախումբի անդամները ամիսներու իրենց պրպտումներն ու լարուած փնտռտուքները մոռցած գոհունակութեամբ իրար կը շնորհաւորէին: Հոգեպարար երեկոյ մըն էր մեզ համար իրապէս: Կը Յուսանք որ յաջողեցանք մեր երիտասարդ սերունդին մէջ կաթիլ մը սէր եւ փշուր մը հետաքրքրութիւն սերմանել հանդէպ Հայ գրականութեան:
Եւ ա՛յս՝ մեր մեծագոյն գնահատականն է: