ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ԿԵՑՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 20 Second

balian

Յ. Պալեան

Երեւան

Փարիզէն կամ Պէյրութէն Հայաստան օդանաւային ճանապարհածախսը տարհամոզող է: Աւելի մատչելի եւ դիւրին է Փարիզէն Նիւ Եորք երթալ: Այս հարցին լուծումը կարեւոր է հայրենասիրական եւ տնտեսական պատճառներով: Զբօսաշրջիկին համար, օտար թէ հայ, հեշտ պէտք է ըլլայ Հայաստան այցելութիւնը:

Հայկական օդանաւային ճամբորդական ընկերութիւն ունենալու փորձերը չյաջողեցան: Պետութիւն եւ գործարարներ անկարող եղան օդանաւային ընկերութիւն մը ոտքի պահել: Պատճառները եւ հաշուապահական տուեալները չյայտարարուեցան: Պէյրութէն կամ Փարիզէն Երեւան երթուդադձի ծախսը տրամաբանական համեմատութիւն պէտք  է ունենայ, նոյն հեռաւորութեամբ այլ վայրերու բաղդատած:

Փարիզէն Մոսկուա երթալ, ապա Երեւան, քան ուղղակի Երեւան, մղոնները կը բազմապատկուին… նուազ ծախսով: Տեղ մը բան սխալ է:

Ապրիլ 18-ին, առաւօտեան ժամը 5-ին տունէն դուրս եկանք, Փարիզի օդակայանը երթալու համար Մոսկուա, ապա, երկու ժամ սպասելէ ետք կրկին մտանք օդանաւ, Երեւանի ժամով երեկոյեան 9.30-ին էջք կատարելու համար:

Լրիւ օր մը ճամբորդութիւն, նոյնքան ալ վերադարձի, զուր յոգնութիւն, մանաւանդ երբ մարդիկ մէկ շաբթուան արձակուրդով կու գան Հայաստան: Եօթը օրուան երկուքը օդանաւին կամ սպասման սրահներու մէջ սպառել կը դարմանո՞ւի միայն հայրենասիրական զգացումով:

Գործարարներ եւ պետութիւն ինչո՞ւ լուծում չեն գտներ հարցին, երբ գիտենք, որ Հայաստանի տնտեսութեան համար խիստ կարեւոր ազդակ է զբօսաշրջութիւնը: «Բիզնես»ի ջատագովները ինչո՞ւ կը լքեն այս դաշտը:

Երեւան:

Արթնցայ Փոքր Մասիսի ձիւնածածկ գագաթին նայելով, Արարատի կէսը միայն տեսնելու հայճոյքով եւ ցաւով, այդպէս է, «մեր» Արարատը մեր հողին վրայ չէ: Այս կը կոչուի «միջազգային արդարութիւն»… Ականջիս կը հնչէ Սիամանթոյի զայրոյթը… «թող ես թքնեմ քո ճակատին»… Ոչ միայն նախճիրներու համար, այլ հայու հողին համար, որ բզիկ բզիկ եղած է, եւ «ճանաչումով» մը կ’ուզեն-կ’ուզենք մոռացման դատապարտել:

Ընթացիկ օր մը: Կիրակի. շուկան բաց է: Շուկայէն վերադարձ:

Հեռատեսիլը կը սփռէ Ապրիլ 12-ի Հռոմի աննախընթաց եկեղեցական արարողութիւնը եւ սրբազան քահանայապետի ի լուր աշխարհին՝ մեր պատմական ցաւին յիշեցումը, ցեղասպանութիւն՝ զոր հարիւր տարի ի վեր փակագծի մէջ դրած է մեծխօսիկ «միջազգային համայնք»ը, շահախնդրութիւններով մերժելով իրաւունքի վերականգնումը, որ տարբեր որակ է մխիթարական ճանաչումէն:

Մենք կը շարունակենք դարպասել ինչ-ինչ արժէքներով առաջնորդուած միջազգային համայնք(ներ)ը:

Միջօրէի արեւը կը լուսաւորէ մայրաքաղաքը եւ մայրուղիներու վրայ ինքնաշարժները մանրիկ խաղալիքներու պէս կը վազեն, երբ կը դիտեմ հեռուէն:

Խանութները բաց էին: Գիւղէն բերուած խնձորներ եւ կանաչի կը ծախէին: Քաղաքը կ’ապրէր:

Երբ Օփերայի կամ Հանրապետութեան հրապարակը երթանք, կարօտով ժամանած զբօսաշրջիկներ պիտի տեսնենք: Յիշողութեան զբօսաշրջիկներ… Լաւ է: Անոնք շատ ալ պիտի չմտածեն, որ այդ հապարակը այնքա՜ն տարբեր է քարընկեց մը հեռու գտնուող Փարաքարէն:

Կը մտածեմ. ինչպէ՞ս պիտի ոտքի կանգնին իրաւունք վերահաստատող ասպետները:

Հայաստան բնակողի կարգավիճակով, գոյքահարկ, քաղաքապետական տուրք, վճարեցինք, նոյնիսկ երբ մէկ կամ երկու ամիս կը բնակինք: Առանց նրբութեան: Երբ բացակայ ենք, գանձիչը իր տան մէջ չի գտներ բնակիչը, հետեւաբար հարկը չի վճարուիր: Բայց տոյժ կ’որոշուի, առանց խորհելու որ բացական ինչպէ՞ս վճարում կ’ընէ երբ քաջալերուելով բնակարան կը գնուի, հայրենադարձութիւն քաջալերելու համար: Գումարը կրնայ աննշան ըլլալ, բայց օրէնքի պատշաճեցում պէտք է ըլլայ: Անոր համար ալ պէտք է ոչ-մեքենական վերաբերաբում ունենալ, ոչ թէ սեփական մանր շահը պաշտպանելու, այլ վերադարձը քաջալերելու:

Առաւօտեան արեւը քէն ըրած է, քանի մը կաթիլ անձրեւ ինկաւ պատուհանի ապակիին վրայ: Եթէ տունէն դուրս գանք, ամառնային հանգուստի փորձիչ երջանկութենէն պէտք է հրաժարիլ:

Այսօր կրկին կը կարդամ հանդուրժողութեան մասին, այնքան հարազատ Վոլթէրի ընդվզումը, որ արտայայտուած է 1763-ին, բողոքական Ժան Գալասի սպանութեան առիթով: Ներկայիս կրկին կը դիմագրաւենք մոլեռանդութեան,  ծայրայեղութեան եւ անհանդուրժողութեան հարցեր, որոնք կանգ չեն առներ գաղափարներու մակարդակին, այլ կ’աւարտին արիւնահեղութեամբ, մեծ երկիրներու եւ փոքրերու պարագային:

Անհանդուրժողութիւնը առաքինութիւն չէ:

Մոլեռանդութիւնը մերժում է մեր հաւասարին սեփական գաղափարին եւ դատումին: Ամենազօր Աստուած(ներ)ը մի՞թէ մեր պաշտպանութեան կարիք ունին, մեր պաշտպանութիւնը մի՞թէ մեղանչում-կասկած չէ իր-իրենց անսահման հզօրութեան նկատմամբ: Անհանդուրժողութիւնը կրնա՞յ նպաստել հայրենիքի յառաջդիմութեան եւ, ինչու չըսել, կենսամակարդակի բարձրացման:

Լրատուամիջոցները անհանդուրժողութիւնները եւ մոլեռանդութիւնները ապրեցնող բեմեր են, կը լսենք, կը մոռնանք, երբ անոնք չեն նստած մեր կուշտին: Եւ զանգուածները կը կրեն բացասական հետեւանքները:

Այս հարցերը պիտի մոռնանք քիչ ետք, երեկոյեան, երբ Երեւանի հիւրընկալ սրճարանները նստած ըլլանք, կամ երթանք սրահ մը, երգ, պար, օփերա, պալէ կամ թատրոն վայելելու:

Այսինքն՝ զբօսաշրջիկի առօրեայ:

Քանի մը օր վերջ համայն աշխարհին հրամցուելիք սրբադասացման եւ Ծիծեռնակաբերդային տպաւորիչ պատկերները շատ մը բաներ պիտի մոռցնեն… բայց հարցերը պիտի մնան, անոնց մասին խօսիլ հայրենասէրի եւ քաղաքացիի պարտք եւ պարտականութիւն է:

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles