Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք հարցազրոյց մը, կատարուած Հուրի Պոյամեանի հետ, որ դուստրն է վաստակաւոր ուսուցիչ եւ ազգային գործիչ՝ Գառնիկ Բանեանի: Վերջերս, կարելի եղած է թարգմանել անոր «Յուշեր Մանկութեան եւ Որբութեանե գիրքը: Նշենք թէ, Հուրի Պոյամեան նաեւ տնօրէնն է Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Ամենօրեայ վարժարանին:
Հ.¬ Կարելի՞ է ամփոփ ձեւով ներկայացնել այս գիրքին ծննդոցը:
Պ.¬ Հայրս Գառնիկ Բանեան ծնած է Կիւրին, 1910-ին։ Ուրախ մանկութիւն մը ունենալէ ետք, 1915-ին տեղահանութեան ժամանակ, Համայի անապատին մէջ ականատես կþըլլայ իր մօր, 2 տարեկան քրոջ Զարուկին եւ 3 տարեկան եղբօր Աւոյի յաջորդական մահուան։
Մեծ հայրը զինք փրկելու համար կը յանձնէ հայ պատուելիի մը, որ փոքրիկ որբանոց մը բացած էր այնտեղ։ Երկու ամիս անցած Օսմանեան կառավարութիւնը շրջանի հայ որբերը կը հաւաքէ եւ կը ղրկէ Անթուրայի Որբանոցը, զիրենք թրքացնելու նպատակով։ Ա. Աշխարհամարտի վերջաւորութեան թուրքերը պարտուելով ետ կը քաշուին եւ որբերուն օգնութեան կը հասնի Ամերիկեան Միջին Արեւելքի նպաստամատոյցը։ 1919-ին զինադադարէն օգտուելով այս կազմակերպութիւնը կը փորձէ որբերը տանիլ Կիլիկիա իրենց տուները, բայց հազիւ Այնթապ հասած, թուրքերը կրկին կը յարձակին հայերու վրայ։ Քանի մը ամիս ետք, երբ կացութիւնը տեսնելով չի բարելաւուիր, նպաստամատոյցի տնօրէնութիւնը ստիպուած կþըլլայ որբերը տեղափոխել կրկին Լիբանան, Ճիպէյլի որբանոցը, ուր հայրս կը մնայ մինչեւ 1920-1925 թուականը։
Այս գիրքը առաջին անգամ հրատարակուած է հօրս մահուընէ երեք տարի վերջ 1992-ին Համազգայինի հրատարակչական Տան կողմէ ,Անթուրայի Որբանոցըե խորագրով եւ Կիլիկիան Կաթողիկոսութեան կողմէ « Յուշեր Մանկութեան եւ Որբութեանե խորագրով։ Կաթողիկոսարանի հրատարակութիւնը ամբողջովին կը համապատասխանէ բնագրին, իսկ Համազգայինի հրատարակութիւնը քիչ մը կրճատուած է։
Հ.¬ Անգլերէն թարգմանութեան գծով, կարելի՞ է մանրամասնել եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ կատարել:
Պ.¬ Հարիւրամեակի առիթով այս գրքի անգլերէն թարգմանութեան ձեռնարկեցի Անթուրայի որբանոցի պատմութիւնը լսելի դարձնելու համար օտար շրջանակներէ ներս, մանաւանդ օտար պատմաբաններու մօտ, պատուելու համար հօրս եւ բոլոր որբերու յիշատակը եւ նաեւ նպաստելու մեր արդարութեան պահանջքին։
1915-1918-ի միջոցին Անթուրայի մէջ 1200 որբերէն, 300 կը մահանան սարսափելի պայմաններու տակ, անօթութեան, հիւանդութեան եւ ահաւոր պատժական միջոցներու պատճառով։
Հ.¬ Գառնիկ Բանեան այլ գործեր ալ ունի: Արդեօք այդ գրութիւններն ալ պիտի թարգմանուի՞ն:
Պ.¬ Հայրս ձգած է մօտ 6 հատորներ լեցնող ձեռագիրներ։ Ասոնցմէ երեք արդէն տպուած են։
¬ Մէկը՝ ,Անթուրայի Որբանոցեն է, լոյս տեսած՝ 1992ին
¬ Երկրորդը ,Անխոնջ Մտքերե՝ լոյս տեսած՝ 2007-ին, որը յուշագրութիւն մըն է Լ. Շանթի, Ն. Աղբալեանի եւ ճեմարանի մօտ ու Համազգայինի անունով գործած անձերու մասին
¬ 1969-ին ինք եւ Ճիպէյլի նախկին որբերէն քանի մը հատը պատրաստեցին Ճիպէյլի Որբանոցի Յուշամատեանը։ Այս յուշամատեանէն զատ ունի Ճիպէյլի Որբանոցի մասին իր անձնական յուշերը, որոնք պէտք է հրատարակուին եւ ինչու չէ թարգմանուին։
Ճիպէյլի Որբանոցէն ելլելէն ետք, հայրս կը մտադրէ ամէն գնով իր ուսումը շարունակել։ Իր աշխատանքով կը հոգայ իր ուսման ծախսերը եւ կը դառնայ Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի առաջին աշակերտը, նորաբաց ճեմարանին մէջ։ Ուսումը աւարտելէ ետք իր ամբողջ կեանքը կը նուիրէ Ճեմարանին, Համազգայինին, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի աշխատանքներու եւ Ազգային հասարակական գործին։ Կը հիմնէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութիւնը եւ անոր գրական հանդէսը ,Ակօսե որուն խմբագրութիւնը կը ստանձնէ 16 տարիներ կամաւոր կերպով։
Հ.¬ Արձագանգներ կա՞ն, յատկապէս օտար կարդացողներու կողմէ:
Պ.¬ Արձագագներ կան, օտար կարդացողներու կողմէ, հակառակ, որ գիրքը միայն շաբաթ մը առաջ լոյս տեսաւ։ Սթէնֆըրտ Համալսարանի հրատարակչական տունը գիրքը հրատարակելու որոշումը առնելէ առաջ կարծիքը առաւ երեք պատմաբաններու երկուքը՝ Ամերիկայէն, իսկ մէկն ալ Եւրոպայէն, որոնք ամենէն նպաստաւոր գրախօսականները պատրաստեցին այս գրքի առնչութեամբ, ծանրանալով անոր գրական եւ պատմական արժէքին եւ մանաւանդ անոր կարեւորութեան հետեւեալ մասնագիտական մարզերէն ներս.¬
¬ Հայագիտական նիւթերու
¬ Միջին Արեւելքի մէջ Ա. Աշխարհամարտի Պատմութեան
¬ Մանուկներու ներաշխարհի հետազօտութեան
¬ Ինքնակենսագրութիւնը իբրեւ պատմական աղբիւր գործածութեան Ապրիլ 18ին ալ լոյս պիտի տեսնէ Financial Time-ի «Life and Art» բաժնին մէջ։ Կարեւոր գրախօսական մը այս գրքի առնչութեամբ։
Արձագագներ ալ կը հասնին նախկին որբերու զաւակներէն եւ անոնց օտար պարագաներէն եւ անձերէն, որոնք հետաքրքրուած են մեր պատմութեամբ։
Հ.¬ Իբրեւ Գառնիկ Բանեանի զաւակ, այս գիրքի պատրաստութեան մասին ի՞նչ կրնաք աւելցնել: Յատուկ մանրամասնութիւններ ունի՞ք կատարելիք:
Պ.¬ հայերէն տպագրութեան մէջ, գիրքը կը վերջանայ 1918ին, երբ Ա. Աշխարհամարտի վերջաւորութեան թուրքերը պարտուած կը մեկնին Լիբանանէն եւ Անթուրայի Որբանոցին տէր կը կանգնի Ամերիկեան Միջին Արեւելքի նպաստամատոյցը (Armenian Near East Relief)։
Երբ անգլերէն թարգմանութիւնը կը կատարուէր, հօրս ձեռագիրներուն մէջէն գտայ այն վերջին բաժինը, որ կը պակսէր հայերէն տպագրութենէն եւ որ կը վերաբերի որբերը իրենց ծննդավայրերը վերադարձնելու փորձին։ Նպաստամատոյցը հազիւ որբերը Այնթապ հասցուցած, թուրքերը կը սկսին յարձակիլ վերադարձող հայ ընտանիքներու վրայ։ Կացութիւնը այնքան կը վատթարանայ, որ նպաստամատոյցը ստիպուած կ`ըլլայ Այնթապի Որբանոցէն որբերը ետ բերել Լիբանան եւ տեղաւորել Ճիպէյլի Որբանոցին մէջ։
Հօրս Ճիպէյլի որբանոցին մասին գրած իր յուշերը կրնան կազմել իր յաջորդ գիրքը։
Հ.¬ Այս գիրքի ներկայացման գծով, պատրաստուա՞ծ է յայտագիր մը: Այս գծով կարելի՞ է տեղեկացնել:
Պ.¬ Այս գրքին ներկայացումը համալսարանական շրջանակներէ ներս Սթէնֆըրտ Համալսարանի հրատարակչական Տան կողմէ պիտի կատարուի զանազան արդիական միջոցներով։
Իսկ հայաշատ կարգ մը շրջաններու մէջ գիրքը ծանօթացնելու համար պիտի գործակցինք տեղւոյն հայագիտական հաստատութիւններու կամ մշակութային կազմակերպութիւններու հետ։
Հ.¬ Գիրքի վաճարման եւ առաքման գծով, կարելի՞ է տեղեկութիւններ փոխանցել:
Պ.¬ Գիրքը կարելի է ունենալ Սթէնֆըրտի www.sup.org եւ Ամազոնի www.amazon.com կայքէջներէն Ազգային Առաջնորդարանէն, «ՆԱԱՍՐ»էն, «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»էն եւ կարգ մը գրախանութներէ։
Հ.¬ Ապագայի ծրագրեր, այլ յաւելումներ եւ եզրակացութիւն ունի՞ք:
Պ.¬ իբրեւ ապագայի ծրագիր պէտք է մտածել հօրս մնացեալ անտիպ գործերը տպագրութեան յանձնել, իսկ Ճիպէյլի Ամերիկեան Որբանոցի մասին իր գրած յուշերն ալ հաւանաբար անգլերէն պէտք է թարգմանուին։