ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան մէջ, Կիրակի Մայիս 3-ին կայացան 6-րդ Ազգային ժողովի ընտրութիւնները:
Առաւօտեան, ըստ սահմանուած կարգի, բացուեցան բոլոր 279 տեղամասային ընտրական յանձնաժողովները: Տեղամասերէն մէկը կը գտնուէր Երեւանի մէջ: Ընտրութեան իրաւունք ունեցող 101.653 քաղաքացիները մինչեւ երեկոյեան ժամը 20:00-ն ներկայացան ընտրատեղամասեր, իրենց քաղաքացիական պարտքը կատարելու համար:
Այս ընտրութիւններուն մասնակցեցան մեծամասնական ընտրակարգով արձանագրուած 42 եւ համամասնական ընտրակարգով 7 կուսակցութիւններու 164 թեկնածուներ: Ազգային ժողովէն ներս աթոռ ապահովելու համար պայքարեցան «Ազատ հայրենիք» «Ազգային վերածնունդ», «Արցախի ժողովրդավարական», «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն», «Խաղաղութիւն եւ զարգացում», «Շարժում-88» եւ «Լեռնային Ղարաբաղի կոմունիստական» կուսակցութիւնները:
Ընտրութիւններու ոչ պաշտօնական, նախնական արդիւնքները, ըստ որոնց, 6-րդ գումարման Ազգային ժողովի 33 աթոռները կը բաշխուին հետեւեալ համեմատութեամբ.-
1- Ազատ Հայրենիք կուսակցութիւն` 15 աթոռ (11 համամասնական եւ 4 մեծամասնական)
2-ՀՅԴ` 7 աթոռ (4 համամասնական եւ 3 մեծամասնական)
3- Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն` 6 աթոռ (4 համամասնական եւ 2 մեծամասնական)
4-«Շարժում-88» կուսակցութիւն` 2 աթոռ (1 համամասնական եւ 1 մեծամասնական)
5- Ազգային վերածնունդ կուսակցութիւն` եթէ 5 առ հարիւրի սահմանը յաղթահարէ վերջնական արդիւնքներով, ապա` 1 համամասնական աթոռ, այլապէս կուսակցութիւններէն մէկը պիտի ստանայ այդ աթոռը` կորսուած ձայներու վերաբաշխման շնորհիւ: Այս 32 աթոռներուն կը գումարուի 1 անկախ պատգամաւորի աթոռ: