ԿՈՄԻՏԱՍ ՊՈՂՈՏԱՅ, ՇԻՆԱՆԻՒԹԻ ՎԱՃԱՌԱՈՒՆ, ԼՈՍԻ* ԵՐԱԶ

0 0
Read Time:2 Minute, 6 Second

komitas street

Մակար, Մայիս 2, 2015

Երեւան

Շատերու պէս, Կեդրոնականցի Արմենակ եւ Էլպիս Երեւան կը գտնուէին, ինչպէս Մակարուհին եւ ես, ինչպէս աշխարհի հեռու եւ մօտ անկիւններէն եկածներ. երէց, երիտասարդ, դպրոցական: Հարիւրամեակի ուխտագնացութիւն:

Արմենակ հիւր էր իր Ամերիկա հաստատուած վաղեմի ընկերոջ Երեւանի բնակարանը: Վարորդ մը մեզ հոն պիտի հասցնէր: Հազիւ ճամբայ ելած, ոստիկան մը կանգնեցուց մեր ինքնաշարժը: Չիմացանք, թէ ի՞նչ պատահած էր: Վարորդը վերադարձաւ: Շարունակեցինք մեր ճամբան: Հետաքրքրուած էի եւ հարցուցի.

– Ի՞նչ կ’ուզէր:

– Ապահովութեան գօտիս չէի կապած եւ տուգանք վճարեցի,- պատասխանեց:

– Որքա՞ն:

– Հինգ հազար:

Շատ մը բաներ լսած էի նախապէս: Հարցուցի.

– Ստացագիր տուա՞ւ:

– Ո՛չ, պարոն, «ասաց որ ինք կը մուծէ»…

Չշարունակեցի: Միամիտ չէի, հասկցայ, թէ ո՞ւր «պիտի մուծուէր» հինգ հազարը:

Մեր վճարելիք գումարը հազար երկու հարիւր էր: Տնտեսող Մակարուհին ըսաւ.

– Այս մարդը մեզի նման հինգ հիւր պիտի փոխադրէ, որպէսզի այդ տեղ չհասնելիք հինգ հազարը մուծուած ըլլայ:

Մասնակցեցանք «մուծուելիք-չմուծուելիք» հինգ հազարին…

Մտածումներով տարուած բարձրացանք Արմենակի ընկերոջ բնակարանը: Էլպիս նկատած ըլլալու էր մեր նեղացածի արտայայտութիւնը եւ հարցուց.

– Ի՞նչ պատահած է, ինչո՞ւ թթուած էք:

Մակարուհին պատմեց: Արմենակ, փոխանակ լսածի մասին խօսելու, իր կարգին պատմեց.

– Այսօր գացինք պատուհանին առջեւ լարուելիք լուացք փռելու պարան գնելու: Կոմիտասի վրայ շինանիւթի վաճառատուն մը մտանք: Սպասարկող տիկինը խօսածէս հասկցաւ, որ «արտասահմանից» էինք եւ հարցուց թէ ուրկէ՞ էինք, ըսի՝ Փարիզէն, բայց հոս բնակարան գնեցինք եւ հոս կ’ուզենք մնալ: Կինը զարմացաւ, դադրեցաւ պողպատեայ լարերը ցոյց տալէ, եւ ըսաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է Փարիզը ձգել եւ հոս գալ, հոս ապրելիք տեղ չէ, հիմա եթէ կարենայ իր երեք զաւակներով անմիջապէս կ’երթայ:

– Կարծես նոր բան լսած ես:

– Նոր չէ, միշտ նորոգուող է,- շարունակեց Կեդրոնականցին: Երբ ըսի, թէ Լոս* կ’երթա՞ս: Ըսաւ՝ անմիջապէս: Դիտել տուի, թէ հոն զաւակներդ պիտի օտարանան, սուղ պիտի վճարես, պատասխանեց, որ՝ «հայ մնան ինչ պիտի ըլլայ»: Անդին գտնուող երիտասարդը միջամտեց, ըսելու համար որ «հոս ապագայ չկայ, որ առիթ ըլլայ ինք ալ կ’երթայ»: Ըսի, թէ հոս հայրենիք է, միաբերան պատասխանեցին, որ «հայրենիքը փոր չի կշտացներ»: Առինք մեր պարանը եւ դուրս եկանք:

Տխրած Արմենակ պահ մը լռեց, եւ ապա ըսաւ.

– Մակա՛ր, գրէ՛, հարցուր, թէ ինչպէ՞ս դաստիարակած ենք հայրենաբնակը եւ արտասահմանցին, երբ առաջինը կը նախընտրէ վաչկատուն դառնալ եւ երկրորդը կը բաւարարուի լուսանկարող «տուրիստ»ի եւ «Ամերիկայի հօրեղբօր» շիլ ու շլացնող պատկերով: Արարատ կ’երգեն, գետինը թռփելով կը պարեն: Չըսին, թէ ինչպէ՞ս տէր են Արարատին… Մէկը կ’երթայ, միւսը չի գար: Դատարկ հողը տէր կը գտնէ:

Ապրիլ 24-ին ցեղասպանութեան ճանաչման հրավառութիւն կար քիչ մը ամէն տեղ… եւ բարձրախօսներու ամիրաները երջանկացնող որոտ:

– Ո՞ւր են «անապատի հայ մայրերը»,- յուշեց իմաստուն Էլպիս:

 

* Լոս Անճելըս

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ԿՈՄԻՏԱՍ ՊՈՂՈՏԱՅ, ՇԻՆԱՆԻՒԹԻ ՎԱՃԱՌԱՈՒՆ, ԼՈՍԻ* ԵՐԱԶ

  1. Մատդ վէրքին ես դրած: Սեղմէ՛,մինչեւ որ թարախը փարատի ու …հանգստանա՜նք: Գրէ՛:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles