Երբ հալածող մը՝ հալածեալ հալածողին կը հալածէ…բնականաբար հալածախտէ տառապած կը թուի ըլլալ:
Ահաւասիկ բարդ կացութիւն մը, դիտուած տարբեր դիտանկիւնէ, տարբեր բնագաւառէ, տարբեր ակնոցով, սակայն աշխարհաքաղաքականօրէն միեւնոյն «մարզադաշտ»էն, յատկապէս երբ վերջերս շատ կը խօսուի ոտնագնդակի քաղաքականութեան մասին:
Ըստ երեւոյթին, Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները հետզհետէ աւելի լարուած մթնոլորտ մը ստեղծած կը թուին ըլլալ: Այնքան մը որ, Թէլ Աւիւի բանուկ սրճարաններէն ներս կարելի էր տեսնել որմազդներ, ուր թրքական դրօշակին վրայ անել մը գծուած էր եւ մեծատառ գիրերով ալ նշուած թէ, ցնոր տնօրինութիւն, պիտի չվաճառուէր թրքական սուրճ:
Գրեթէ տարի մը առաջ, Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան այպանած էր Իսրայէլի պետութիւնը, որ անխնայ կը գտնուէր անմեղ պաղեստինցիներու հանդէպ: Վարչապետ Էրտողան նոյնանման արտայայտութիւն մը ունեցած էր վերջերս, յայտնելով թէ Իսրայէլի պետութիւնը հալածող է եւ առանց երկրին անունը նշելու աւելցուցած էր,որ Թուրքիան իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին երբեք չէ պաշտպանած հալածողը, ան միշտ պաշտպանած է հալածեալը:
Ան նոյնիսկ նշած էր թէ Թուրքիան ոչ մէկ երկրի նկատմամբ թշնամաբար տրամադրուած է, սակայն…ան հանդէս կու գայ ընդդէմ անարդարութեան: Միւս կողմէ, հազարաւոր թուրքեր եւ շարք մը թրքական ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ, անցնող օրերուն Պոլսոյ մէջ, քայլարշաւի մը, բերած էին իրենց մասնակցութիւնը: Անոնք դէպի Իսրայէլեան հիւպատոսարան ուղղուած էին եւ տեղւոյն ղեկավարութիւնը դատապարտող կարգախօսներ կանչելէ ետք, հրկիզած էին իսրայէլեան «Դաւիթի դրօշ»ը: …Մինչդեռ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու —Դաւիթին զաւակը…զարմանալի զուգադիպութիւն— հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, որ իր պետութիւնը երբեք պիտի չլռէ, եթէ շրջանէն ներս, անմեղ քաղաքացիներ սպաննուին (Ատանայի Ջարդէն մինչեւ Մեծն Եղեռնը):
Գերզարմանալին այն էր թէ, Պոլսոյ մէջ կատարուած ցոյցէն քանի մը օր առաջ, Թէլ Աւիւի մէջ, փոխան ձախակողմեան ու այլախոհ հրեայ կազմակերպութիւններու, սիոնական արժէքները պաշտպանող կազմակերպութիւն մը կազմակերպած էր ցոյց մը Թուրքիոյ դէմ:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»