Հոկտեմբեր 21-ին, Թուրքիոյ խորհրդարանը սկսաւ քննել Ցիւրիխի (Զուիցերիա) մէջ կատարուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն թղթածրարը:
Թղթածրար մը, որ բաւական մելան պիտի հոսեցնէ եւ վիճաբանութեան դուռ պիտի բանայ բեմահարթակներուն վրայ:
Ատրպէյճանի խորհրդարանը 11 հոգինոց պատգամաւորական պատուիրակութիւն մը ղրկած է Անգարա՝ համոզելու թուրք խորհրդարանականները չվաւերացնել արձանագրութիւնները: Թուրքիոյ իշխանութիւնները արդէն իսկ երաշխիքներ տուած էին Ատրպէյճանի« թէ՝ սահմանները պիտի չբացուին« եթէ չլուծուի Արցախին տագնապը: Նշենք թէ ցարդ յստակ չէ, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանը ամբողջութեա՞մբ թէ, խորհրարանէն կազմուած Արտաքին Գործոց յանձնախումբը պիտի վաւերացնէ այս արձանագրութիւնները:
Թուրքիոյ խորհրդարանի Արտաքին Գործոց յանձնախումբի նախագահ Մուրատ Մէրճան վերջերս ըսած էր« թէ այնքան ատեն« որ Ատրպէյճանի «գրաւուած հողամասերը չեն պարպուած»« կարելի չէ սպասել« որ խորհրդարանը կրնայ վաւերացնել ստորագրուած արձանագրութիւնները: «Վաւերացման գործընթացը կախեալ է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու զարգացումէն: Կրնանք ըսել« թէ յարաբերութիւններու հաստատումը գտած է իր ուղին« բայց ամէն ինչ վերջացած չէ: Պէտք չէ յուսալ« որ խորհրդարանը «փրոթոքոլ»ները կը վաւերացնէ առանց գրաւուած հողամասերու պարպումին»: