Մարտ 25- 2009-ին, Նիւ Եորքի մէջ, Հ.Օ.Մ-ի հիմնադրութեան հարիւր ամեակի տօնակատարութեան առթիւ, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Հ.Օ.Մ-ի Շրջանային Վարչութիւնը յատուկ ձեռնարկով մը պատուած էր այն բոլոր ընկերուհիները որոնք յիսուն տարիներ եւ աւելի ծառայած էին իրենց գաղութներուն մէջ գործող Հ.Օ.Մ-մասնաճիւղերուն մէջ:
Տիթրոյթի Հ.Օ.Մ.-ի հինգ մասնաճիւղերու վարչութիւնները ու միջ-վարչութիւնը նմանօրինակ գեղեցիկ ձեռնակ մը կազկակերպած էր Սեպտեմբեր 27- 2009-ին, Կիրակի օր Ս. պատարագի արարողութենէն ետք, ժանը 1ին, եկեղեցւոյ յարակից »Լիլիըն Առաքելեան« սրահին մէջ, պատուելու գաղութիս մէջ գործող հինգ մասնաճիւղերու այն բոլոր ըներուհիները որոնք յիսուն եւ աւելի տարիներ անսակարկ նուիրումով ծառայած են, որոնցմէ ոմանք սկսեալ սփիւռքի զանազան գաղութներէն, եւ ապա կայք հաստատած մեծն Տիթրոյթ իրենց շրջանի մասնաճիւղին մէջ:
Ներկայ էին Տիթրոյթի »Ազատամարտ« կոմիտէութեան ընկ. ըկերուհիններ, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ, Հ.Օ.Մ.-ի մասնաճիւղերու ընկերուհիներ եւ կոկիկ թիւով համակիր հասարակութիւն մը: Օրուայ հանդիսավար եւ պատգամախօսն էր ընկհ. Ալիս Փիլիպոսեան, ան իր բարի գալուստի խօսքէն ետք բեմ հրաւիրեց ընկերուհիներ Սօնա տէր Յովակիմեանը ու Սօնա Մշիկեանը, որոնք երգեցին Հ.Օ.Մ-ի քայլերգը:
Որմէ ետք յարգելի հանդիսավար պատգամախօս ընկերուհին, շարունակելով իր խօսքը ըսաւ.- »1910-ին ընկ. Ակնունին Միացեալ նահանգներ իր այցելութեան առիթով Նիւ Եորքի մէջ, նախաձեռնեց եւ հիմը դրաւ Հայ Կարմիր Խաչի կանանց բարեսիրական այս մեծ միութեան, որը յետագայ օրերուն զարգանալով նոր մասնաճիւղերով ուրճացաւ հիւսիսային եւ հարաւային Ամերիկայի, Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ սփիւռքի զանազան նորակազմ գաղութներու մէջ, հայ իգական սեռը մասնակից դարձնելով հայ ժողովուրդի ֆիզիքական, ընկերային եւ մշակութային կարիքներուն:
Յատկապէս այս ափերուն կայք հաստատած հայ գաղթականներու եւ իրենց զաւակներուն սպառնացող այլասերումին եւ օտարամոլութեան դէմ գործնապէս պատնէշ կանգնելու համար հայ իգական սեռը անդամագրուեցաւ Կարմիր Խաչի նորաստեղծ միութեան ու լծուեցաւ ազգապահպանման սրբազան առաքելութեան:
Իրենց նուիրական առաքելութեան գիտակցութեամբ գօտեպդուած, մոռնալով իրենք զիրենք, անտեսեցին նոր միջավայրի պայմանները, իրենց հանգիստը, եւ նոյնիսկ իրենց օրապահիկ ապրուստը հոգալու դժուարութիւնները, ազգին ծառայելու վճռակամութեամբ անձնուրաց նուիրեալներ, ուրախութեամբ, բծախնդիր պատասխանատուութեամբ, իրենց ազգային իքնութեան սպառնացող եւ իրենց զաւակներուն ազգային դիմագիծը ջնջել սպառնացող վտանգաւոր հոսանքին դէմ որպէս անխորտակելի պատնէշ, գաղութներու մէջ բացին շաբաթօրեայ դպրոցներ, որոնց յարկին տակ իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն սորվեցուցին »Մեսրոպեան« ոսկետառ այբուբէնը, Հայ լեզուն, ազգային պատմութիւնը ու կրօնք, աւանդութիւնները ու սովորութիւնները:
Զատորոշուելու համար Ամերիկայի »Կարմիր Խաչ«էն, 1946-ին ստացաւ իր ներկայ »Հայ Օգնութեան Միութիւն« անունը : Տիթրոյթի հինգ մասնաճիւղերու եւ միչ-վարչութեան անդամ ընկերուհինները, ազգային բարձր գիտակցութեամբ ու ծառայելու նուիրումով, դար մը ամբողջ նոր աւիշ ու արիւն կը ներմուծեն գաղութիս ազգային կեանքի զարգացման, իրենց օրինակելի եւ նախանձելի գործունէութեամբ եղան Հ.Օ.Մ.ի ջահակիրներէն մին, եւ այդ նուիրական ու անմառ ջահը փոխանցեցին իրենց յետնոդ սեռունդներուն եւ ներկաներուս:
Յարգելի հանդիսավար պատգամախօս ընկերուհի Փիլիպոսեան իր օրուայ խօսքը ուղղելով ներկայ երեց ընկերուհիներուն, ըսաւ .- Այս պահուն կը խոնարհինք ձեր տարիներու վաստակին առջեւ, շնորհակալութիւն ձեռ ժրաջան աշխատանքին, նուիրումին, կրթական, նիւթական, բժշկական, հագուստեղենի օգնութեան եւ այլ կարիքներու ապահովման Հայաստան երկրաշարժի արկածեալներուն, եւ Արցախահայութեան կարիքներուն օժանդակութեան:
Յոյսով ենք որ յաջորդող սերունդը կը հետեւի ձեր քայլերուն, եւ ձեր նախանձելի օրինակով, Հ.Օ.Մ-ի ճամբով իր նպաստը կը բերէ գաղութիս ազգային հասարակական կեանքի զարգացման ու բարգավաճման:
Գեղարուեստական բաժինին մէջ թաւջութակի վրայ, իր մասնակցութիւնը բերաւ Պրն. Սուրէն Պետրոսեան : Իսկ արտասանութեամբ ու երգով իրենց մասնակցութիւնը բերին պարմանուհի Արեւ Վէնտըվէլտ, Հ.Օ.Մ-ի »Զաւարեան« միօրեայ վարժարանի աշակերտներէն, Սէսիլ երգով, իր եղբայրը՝ Ալէքս Քօսեան արտասանութեամբ:
Ապա յարգելի հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Տիթրոյթի Միջ-վարչութեան անդամ ընկերուհի Անի Աթթարը, որպէսզի շրջանային վարչութեան կողմէ պատրաստուած գնահատագիրները յանձնէ 50 եւ աւելի երկար տարիներ ծառայած ընկերուհիներուն : Հետեւեալ ընկերուհիները արժանացան գնահատագրին:
»Շաքէ« մասնաճիւղէն.- Արփի Պրաճքովիչ, Մէրի Դաւիթեան, Լուսիա Փալանչեան, »Զապէլ« մասնաճիւղէն.- Գեղուհի Տէր Յովակիմեան, եւ Մարի Եսաեան »Սիպիլ« մասնաճիւղէն, Ռօզ Գեղանուշ Մուրատեան, Աննա Գոլօյեան, Մարի Նրանեան, Հայկուհի Բէրքինզ, Զարրի Սարգիսեան, Մաննիկ (Միննիէ) Մուրատեան եւ Ազատուհի Վարդանեան:»Մարօ« մասնաճիւղէն, Մելինէ Մօրուքեան եւ Երեցկին Արփինէ Շիրիգեան:
Հադիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն :
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ