Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնն ու 10 մասնաճիւղերը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն Քոյր Հեղիկ Մարկոսեանին« փոքրիկ եղբայրներ Արայիկ եւ Յովիկ Մարկոսեաններուն, Մարկոսեան եւ Ոսպիկեան ընտանիքներուն« իրենց ցաւալի կորուստին« մեր Շրջանային Վարչութեան անդամ Եղբ. ԱՐԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆի մահուան տխուր առթիւ:
Իր անսակարկ նուիրումը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Շրջանին« ու Պոսթընի մասնաճիւղին, որպէս վարչական« մարզիչ ու մարզիկ մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ միշտ պիտի մնայ անմար:
Յիշատակդ Անթառամ Եղբ. Արա Մարկոսեան
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի
Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու
Շրջանային Վարչութիւն
ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ
«Հայրենիք» Հաստատութիւնը ցաւակցութիւն կը յայտնէ
ԱՐԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ի
ընտանեկան պարագաներուն, անոր վաղաժամ մահուան առթիւ: