Արժպ. Տ. Կո­րիւն Աւգ. Քհնյ. Շրիգ­եանի վախճանման առթիւ.- ՄՈՒ­ՍԱ­ՏԱ­ՂԻ ԴԱ­ՐԱ­ՒՈՐ ՎԻԹ­ԽԱ­ՐԻ ԿԱՂՆԻ­ԷՆ ՃԻՒՂ ՄԸ ԵՒՍ ԲՈՒԼ ԵԿԱՒ

0 0
Read Time:20 Minute, 54 Second

  Երեք­շաբ­թի, Փետր­ուար 11, 2014-ի առա­ւօ­տուն ժա­մը 10:00-ին, հնչեց բջի­ջա­յին հե­ռա­ձայ­նին զան­գը, թէ­եւ թիւը ծա­նօթ էր, սա­կայն այդ պա­հուն չկրցայ յի­շել: “Ալօ ասի­կա Մով­սէսն է“….“Ի՞նչ­պէս ես Մով­սէս, ի՞նչ­պէս է հայրդ“…:

Եր­կու օր առաջ խօ­սած էի իր հետ, ան հաղոր­դեց թէ հայ­րը այդ օր առանց մէ­կու մը օգ­նու­թեամբ ճա­շած էր, եւ աւել­ցուց, հօրս վի­ճա­կը դէ­պի լաւ կ՛ըն­թա­նայ:

Սա­կայն, այս ան­գամ Մով­սէ­սի ձայ­նը նոյ­նը չէր, ան,  խեղ­դուկ ձայ­նով գու­ժեց հօր վախ­ճա­նու­մը, պահ մը շուա­րած հե­ռա­ձայ­նը ձեռ­քիս մնա­ցի լուր, ձայնս խեղթ­ուե­ցաւ, եւ բնազ­դա­բար աչ­քե­րէս ու այ­տե­րէս վար սկսաւ հո­սիլ ար­ցուն­քի տաք կա­թիլ­ներ: Նախ­քան Լոս Ան­ճե­լըս մեկ­նիլս Տէր Հօր Րի­հապ Սանդր գտնուած մի­ջո­ցին զինք այ­ցե­լե­ցի, տես­նե­լով զիս ու­րա­խու­թեամբ ու ժպիտով ըն­դու­նեց, եւ ձեռքով ցոյց տուաւ որ իր կող­քին գտնուող աթո­ռին վրայ նստիմ, իր առող­ջու­թիւնը հարց­նե­լէ ետք, սկսանք զրու­ցել եկե­ղեց­ւոյ եւ ազ­գա­յին կեան­քին մա­սին, ապա նիւ­թէն շե­ղե­լով մեր խօ­սակ­ցու­թիւնը կեդ­րո­նա­ցաւ մեր սի­րե­լի Այն­ճար հայ գիւ­ղա­ւա­նը յու­զող հար­ցե­րուն մա­սին: Անց­եալ Օգոս­տո­սին Այն­ճա­րէն վե­րա­դար­ձէս ետք, երբ այ­ցե­լե­ցի զինք բա­րեւ­ներ բե­րի իր սերն­դա­կից ապ­րող բա­րե­կամ­նե­րէն, եւ տե­ղեկու­թիւն­ներ տուի ներ­կա­յիս Սուր­իոյ քա­ղա­քաց­ի­ա­կան կռիւ­նե­րու պատ­ճա­ռով տասն­եակ մը Հա­լէ­պա­հայ ըն­տա­նիք­ներ որոնք կայք հաս­տա­տած են Այն­ճար, որոնք անխ­տիր գիւ­ղա­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ կը ստա­նան բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան օգ­նու­թիւն:

Տէր Հօր շու­տա­փոյթ ապա­քի­նում մաղ­թե­ցի եւ խոս­տա­ցայ հե­ռա­ձայ­նով կապ­ուիլ իր հետ, եւ վե­րա­դար­ձէս ետք կրկին զինք այ­ցե­լել, այս ան­գամ  իր բնա­կա­րա­նին մէջ: Ննջեց­եալ Արժպ. Տ. Կո­րիւն Աւգ. Քհնյ. Շրիգ­եան, ճիւ­ղե­րէն մին էր Մու­սա Լե­րան դա­րա­ւոր վիթ­խա­րի Կաղնի­էն: Ծնած էր Յուն­ուար 28, 1927ին, Արծ­ուա­բոյն Մու­սա Լե­րան Եօ­ղուն-Օլուխ գիւ­ղը, ան եր­րորդ զա­ւակն էր Արժպ. Տ. Մով­սէս եւ Երէց­կին Նեկ­տար Շրիգ­եան­նե­րու: Ան` եւ իր սերն­դա­կից­նե­րը, իրենց հո­գեմ­տա­ւոր  եւ ար­ի­ա­կան սնուն­դը ստա­ցած էին իրենց ծնո­ղաց, մեծ ծնո­ղաց, եւ տա­րեցնե­րէն, որոնք կե­նաց ու մա­հու գո­յա­պայ­քար մղած էին թուրք ոսո­խին դէմ : Այդ օրե­րուն տա­կա­ւին թարմ էր 1915ին գա­զան թուր­քին կող­մէ պար­տադր­ուած ապ­րե­լու եւ գո­յա­տե­ւե­լու հե­րո­սա­կան կռիւ­ներու դրուագնե­րը, տար­ուած փա­ռա­ւոր յաղ­թա­նա­կի ու ձեռք բեր­ուած հրա­շա­լի ազա­տագ­րու­թեան պատ­մու­թիւնը, որ ներշն­չու­մի աղ­բիւր եղած էր իրենց, եւ յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն:

ՄԱՀԱԶԴ Արեւելեան Ամերիկայի Թեմիս Առաջնորդ` Բարձրաշնորհ Տ. Օշական Արքեպիսկոպոս Չօլոյեան, Թեմիս Կրօնական Ժողովը, Ազգային Վարչութիւնը եւ Հոգեւորականաց Դասը խոր ցաւով կը գուժեն վախճանումը ՏԷՐ ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՇՐԻԳԵԱՆի որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, Փետրուար 10, 2014ի կանուխ առաւօտեան, Տիրպորն, Միշիկընի մէջ: Վախճանեալ Տէր Հօր Տան Կարգը կատարուեցաւ Ուրբաթ, Փետրուար 14, 2014ին, երեկոյեան ժամը 7:00ին, Տիրպորնի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Թաղումը կատարուեցաւ Նովայ, Միշիկընի Օքլընտ Հիլզ Մէմորիըլ Կարտընզ գերեզմանատան մէջ: Յանուն Թեմիս Առաջնորդին, Կրօնական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան եւ Հոգեւորականաց Դասուն, խորին ցաւակցութիւններ կը յայտնենք լուսահոգի Տէր Հօր զաւակներուն, թոռներուն, եղբօր` Տ. Նարեկ Աւագ Քահանայ Շրիգեանին եւ բոլոր հարազատներուն: Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ՄԱՀԱԶԴ
Արեւելեան Ամերիկայի Թեմիս Առաջնորդ` Բարձրաշնորհ Տ. Օշական Արքեպիսկոպոս Չօլոյեան, Թեմիս Կրօնական Ժողովը, Ազգային Վարչութիւնը եւ Հոգեւորականաց Դասը խոր ցաւով կը գուժեն վախճանումը
ՏԷՐ ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՇՐԻԳԵԱՆի
որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, Փետրուար 10, 2014ի կանուխ առաւօտեան, Տիրպորն, Միշիկընի մէջ:
Վախճանեալ Տէր Հօր Տան Կարգը կատարուեցաւ Ուրբաթ, Փետրուար 14, 2014ին, երեկոյեան ժամը 7:00ին, Տիրպորնի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:
Թաղումը կատարուեցաւ Նովայ, Միշիկընի Օքլընտ Հիլզ Մէմորիըլ Կարտընզ գերեզմանատան մէջ:
Յանուն Թեմիս Առաջնորդին, Կրօնական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան եւ Հոգեւորականաց Դասուն, խորին ցաւակցութիւններ կը յայտնենք լուսահոգի Տէր Հօր զաւակներուն, թոռներուն, եղբօր` Տ. Նարեկ Աւագ Քահանայ Շրիգեանին եւ բոլոր հարազատներուն:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Սի­րե­լի Տէր Հայր, որ­քա՜ն ան­հա­ւա­տա­լի, որ­քա՜ն սահմռ­կե­ցու­ցիչ էր մարմ­նա­ւոր մեկ­նու­միդ լուրը: Ա­հա­ւոր բօ­թը սարս­ռեց մեզ, յի­շա­տակդ յու­զու­մով խեղ­թեց մեզ, վստահ ենք որ Սուրբ Սար­գիս Հայց. Առա­քե­լա­կան Եկե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան փայ­լուն էջերուն մէջ ոս­կէ տա­ռե­րով պի­տի ար­ձա­նագր­ուի 33. Տա­րի­նե­րու ան­սա­կարկ եւ նու­իր­եալ ծա­ռա­յու­թիւնդ, եւ ներ­կայ ու ապա­գայ սերունդ­ներ հպար­տան­քով պի­տի խօ­սին, եւ իրենց կեան­քին ու հա­մայն­քի կրօ­նա­կան եւ ազ­գա­յին կեան­քին մէջ միշտ օրի­նակ պի-տի ու­նե­նան ձեր կա­տա­րած կրօ­նազ­գա­յին ու նուիր­եալ հո­գե­ւո­րա­կա­նի եւ առաջ­նոր­դի ծա­ռա­յու­թիւնդ:       Արժպ. Տ. Կո­րիւն Աւգ. Քհնյ. Շրիգ­եա­նի  կո­րուս­տը իս­կա­պէս մեծ եղաւ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն, եւ յատ­կա­պէս Ա.Մ.Ն.ի Արե­ւել­եան թե­մի առաջ­նոր­դութեան, կրօ­նա­կան դա­սուն, ազ­գա­յին վար­չու­թեան եւ մա­նա­ւանդ Սուրբ Սար­գիս Հայց. Առա­քե­լա­կան Եկե­ղեց­ւոյ մեծ հա­մայն­քին: Արժպ. ու­սում­նա­տենչ Տէր Հայ­րը` 33 տա­րի­ներ որ­պէս հո­գե­ւոր հո­վիւ, առաջնորդ, ու­սու­ցիչ, մտա­ւո­րա­կան, օժտ­ուած վար­չա­կան, տնտե­սա­կան, կազ­մա­կերպ­չա­կան եւ այ­լա­զան ձիր­քե­րով, ան իր կեան­քին զա­նա­զան հանգր­ուան­նե­րուն իր ցու­ցա­բե­րած վե­րա­բե­րում­նե­րով, դիր­քո­րոշում­նե­րով, խստա­պահան­ջու­թեամբ, գե­ղե­ցիկ ու շի­նիչ արարք­նե­րով, ժրա­ջան, ան­սա­կարկ ու նուիր­եալ ծա­ռա­յու­թեամբ իր հո­գե­ւոր խնամ­քին յանձն­ուած Սուրբ Սար­գիս Եկե­ղեց­ւոյ հա­մայն­քը տա­շեց ու յղկեց քրիս­տո­նէ­ա­կան հա­ւատ­քով եւ ազ­գա­յին ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեամբ, եւ իր հետ զա­նոնք բարձ­րա­ցուց նա­խան­ձե­լի բար­ձուն­քի մը, որ  եղաւ Ա.Մ.Ն.ի Արե­ւել­եան թե­մի յարգ­ուած գա­ղութ­նե­րէն մին: Հինգշ­աբ­թի, Փետր­ուար 13, 2014ին, ննջեց­եալ Տէր Հօր հա­րա­զատ­նե­րը, հո­գե­ւոր հովիւը եւ հոգա­բար­ձու­թիւնը գե­ղե­ցիկ գա­ղա­փար մը ու­նե­ցան, ննջեց­եալ Տէր Հօր անշն­չա­ցած մար­մի­նը տեղադ­րել Սուրբ Սար­գիս Եկե­ղեց­ւոյ մէջ առիթ տա­լու հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րուն որ­պէս­զի իրենց սի­րե­լի Տէր Հօր իրենց վեր­ջին յար­գան­քը ու ող­ջեր­թը ար­տա­յայ­տեն:

Ուր­բաթ, Փետր­ուար 14ին, Սուրբ Սար­գիս Եկե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ տան կար­գի տխուր արա­րո­ղու­թիւնը: Թե­միս Բրձրշ. Առաջ­նորդ, Տ. Օշա­կան Արք. Չօլոյ­եան, եւ Առաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ Տ. Անու­շա­ւան Եպսկ. Դանի­էլ­եան օդի ան­նպաստ պայ­մա­նի պատ­ճա­ռով չի կրցան ներ­կայ գտնուիլ տան կար­գի եւ ննջեց­եալ Տէր Հօր վեր­ջին օծ­ման արա­րո­ղու­թիւննե­րուն: Բա­րե­բախ­տա­բար Գա­նա­տա­յի Թե­մի Բրձրշ. Առաջ­նորդ Տ. Խա­ժակ Արք. Յա­կոբ­եան ներ­կայ գտնուե­ցաւ եւ  Ուր­բաթ երե­կո­յեան նա­խա­գա­հեց տան կար­գի արա­րո­ղու­թեան: Արա­րո­ղու­թեան Արժպ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Գէ­որգ­եա­նի կող­քին իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րին Սան Ֆրանսիս­քո­յի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Արժպ. Տ. Խոր­էն Աւգ. Քհնյ. Հա­պէշ­եան, Ուիս­քանս­նի Ս. Յա­կոբ Եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Արժպ. Տ. Տա­րօն Քհնյ. Ստե­փան­եան, Տիթ­րոյ­թի Ս. Յով­հան­նէս Մկրտիչ Եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հայ­րե­րը` Արժպ. Տ. Կա­րա­պետ Աւգ. Քհնյ. Գո­չակ­եան, եւ Արժպ. Տ. Աբ­րա­համ Քհնյ. Օհան­նէս­եան, Եկե­ղեց­ւոյ սար­կա­ւագ­ներ` Մա­նուկ Տէր Յո­վա­կիմ­եան եւ Անդ­րա­նիկ Գա­րա­տօլ­եան: Լոս Ան­ճե­լըսէն ժա­մա­նած էին ննջեց­եալ Տէր Հօր դուս­տրե­րը իրենց ըն­տա­նի­քով, Անի եւ Տի­րու­հին, եղ­բայ­րը Արժպ. Տ. Նա­րեկ Աւգ.Քհնյ. Շրիգ­եան, որ ֆի­զի­քա­կան տկա­րու­թեան պատ­ճա­ռով չի կրցաւ մաս­նակ­ցիլ տան կար­գի եւ վեր­ջին օծ­ման արա­րո­ղու­թեանց, ներ­կայ էր նա­եւ Ա.Մ.Ն.ի Արե­ւել­եան շրջա­նի թե­մի ազ­գա­յին վար­չու­թեան ատե­նա­պետ Պրն. Ստե­փան Յա­կոբ­եան:

Շա­բաթ, Փետր­ուար 15, 2014ի առա­ւօտ ժա­մը 10:00ին,  Բրձրշ. Խա­ժակ Արք. Յա­կոբ­եան մա­տոյց Ս. պա­տա­րագ: Պա­տա­րա­գին ներ­կայ էր Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Պատ­ուե­լի Շանթ Պար­սում­եան: Եկե­ղեց­ւոյ մէջ առա­ջին շար­քին տեղ առած էին Սուրբ Էջմ­ի­ած­նի թան­գա­րա­նի տե­սուչ` Տ. Փա­ռէն Արք. Աւե­տիք­եան, ննջե­ցեալ Տէր Հօր երէց եղ­բայ­րը Արժպ. Տ. Նա­րեկ Քհնյ. Շրիգ­եան: Ներ­կայ էին Տիթ­րոյ­թի Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան “Ազա­տա­մարտ“ կո­մի­տէ­ու­թեան եւ քոյր միու­թիւն­նե­րու ընկ. ըն­կե­րու­հի­ներ եւ հոծ թիւով հա­ւա­տաց­եալ­ներ: Ող­ջոյ­նի տու­չու­թե­նէ առաջ պա­տա­րա­գը ըն­դհատուե­ցաւ, ներ­կայ գտնուող հո­գե­ւոր հայ­րե­րը Սուրբ խո­րան բարձ­րա­ցան եւ տեղ առին պա­տա­րա­գիչ Սրբա­զան հօր կող­քին կա­տա­րե­լու ննջեց­եալ Տէր Հօր վեր­ջին օծու­մը: Սրբա­զան Հայ­րը նախ­քան օծ­ման արա­րո­ղու­թիւնը ըն­թեր­ցեց Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ  Արամ Ա. Հայ­րա­պե­տին ու­ղար­կած ցա­ւակ­ցա­գի­րը ուղղ­ուած Թե­մի Բրձրշ.Առաջ­նորդ Տ. Օշա­կան Արք. Չո­լոյ­եա­նի, կրօ­նա­կան դա­սուն, ազ­գա­յին վար­չութեան եւ իր հա­րա­զատ­նե­րուն, զո­ր ամ­բող­ջու­թեամբ կը յանձ­նենք մա­մու­լին:

Յըն­թացս պա­տա­րա­գին Սրբա­զան հայրը տուաւ պատ­շաճ քա­րոզ մը նկա­տի ու­նե­նա­լով Սուրբ հոգիի խօս­քը որ կ՛ըսէ.-Երա­նի անոնց որ Տի­րոջ մօտ կը ննջեն, քա­նի որ անոնք իրենց աշ­խա­տանք­ներէն եւ տա­ռա­պանք­նե­րէն հանգս­տա­ցան, եւ իրենց հետ տա­րին բա­րի գոր­ծե­րը: Այ­սօր որ­պէս Ա.Մ.Ն.ի Արե­ւել­եան թե­մի Առաջ­նոր­դու­թիւն, ժո­ղո­վա­կա­նու­թիւն, եկե­ղե­ցա­կան դաս եւ ազ­գա­յին վար­չու­թիւն, յատ­կա­պէս Կրա­նիթ Սի­թի, եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս Տիթ­րոյ­թի Սուրբ Սար­գիս Հա­յց. Առա­քե­լա­կան եկե­ղեցւոյ հա­ւա­տաց­եալ­նե­րու մեծ ըն­տա­նիք, խմբուած ենք հոս մեր վեր­ջին յար­գան­քը եւ ող­ջեր­թի համ­բոյ­րը տա­լու եր­կա­րամ­եայ հո­գե­ւոր հո­վիւ եւ Աս­տու­ծոյ ծա­ռայ Արժպ. Տ. Կո­րիւն Աւգ. Քհնյ. Շրիգ­եա­նի:

Բո­լոր եկե­ղե­ցա­կան­ներն ալ իրենց կեան­քի մէջ օր մը Աս­տու­ծոյ այդ հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռա­ջա­ցած են: Արժպ. Տէր Կո­րիւնն  ալ իր կեան­քին մէջ լսեց Աս­տու­ծոյ այդ հրա­ւէ­րը, որ զինք հրա­ւի­րեց  եկե­ղեց­ւոյ եւ ազ­գի ծա­ռա­յու­թեան, եւ այդ հրա­ւէրին ան­սա­լով անի­կայ եկե­ղե­ցա­կան կո­չում եւ կար­գը ստա­ցաւ: Չի բա­ւեր միայն Աս­տու­ծոյ կան­չը լսել. Քրիս­տո­սի աշակետ­ներն ալ այդ կան­չը լսե­լով գա­ցին եւ աշա­կերտե­ցան Քրիս­տո­սի, եւ քա­րո­զե­ցին քրիս­տո­սի վար­դա­պե­տու­թիւնը: Անհ­րա­ժեշտ է աշա­կեր­տի մը սոր­վիլ ամ­բողջ կեանք մը: Ես վստահ եմ որ Արժպ. Տէր Կո­րիւն Աւգ Քհնյ. Շրիգ­եան մին­չեւ իր կեան­քին վեր­ջին պա­հը մնաց յա­ւեր­ժա­կան ու­սա­նո­ղը, եւ ու­սու­ցի­չը: Մեծն Նա­րե­կա­ցին կ՛ըսէ.-Անոնք որոնք ամ­բողջ իրենց կեան­քին ըն­թաց­քին կեան­քը կ՛ու­սա­նին ճշմար­տու­թեան գի­տու­թեան չեն անց­նիր, ծա­րաւ կը մնան Աստ­ուա­ծա­յին ճշմար­տու­թեան գի­տու­թեան հաս­նե­լու, եւ այդ ծա­րա­ւը զի­րենք կը մղէ յա­ւի­տե­նական եւ մշտա­կան ու­սա­նո­ղու­թեան: Արժպ. Տ. Կո­րիւն եղաւ հազ­ուա­գիւտ հո­գե­ւո­րա­կան ու­սա­նող­նե­րէն որ իր յա­ռա­ջաց­եալ տա­րի­քին մէջ նոյ­նիսկ հե­տապն­դեց ու­սա­նո­ղու­թիւնը: Հա­սաւ մին­չեւ կրթա­կան բարձրա­գոյն տիտ­ղո­սի Տոք­թո­րայ աս­տի­ճան: Ու­սա­նո­ղու­թիւնը, ու­սա­նե­լու սի­րոյն հա­մար, եւ կամ քե­զի հա­մար անար­ժէք ու­սա­նո­ղու­թիւն է, եթէ քու ու­սա­նո­ղու­թիւնդ եւ ստա­ցած գի­տու­թիւնդ չես փո­խան­ցեր ու­րիշ­ներու անար­ժէք է: Քա­հա­նան ոչ միայն Աս­տու­ծոյ ճշմար­տու­թիւնը օրէնք­նե­րը եւ Ճա­նա­պարհ­նե­րը, ու­սու­ցա­նե­լու, այլ կոչ­ուած է ու­սու­ցիչ դառ­նա­լու: Արժպ. Տէր Կո­րիւն իր կեան­քին ըն­թաց­քին եղաւ հո­վիւ, դաստ­ի­ա­րակ, կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի ան­դամ, քրիս­տո­նէ­ա­կան դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան պա­տաս­խանա­տու, գրող եւ մտա­ւո­րա­կան, իր կեա­նքին 33 տա­րի­ներ եւ աւե­լի Սուրբ Սար­գիս Եկե­ղեց­ւոյ ծա­ռա­յու­թեան ընթաց­քին, շա­տեր իրենց քրիս­տո­նէ­ա­կան հա­ւատ­քը, ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թիւնը, Աստ­ուա­ծա­բա­նական գի­տու­թիւնը, ծի­սա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը կը պար­տին ննջեց­եալ Տէր Կո­րիւն Քա­հա­նա­յին: Ոչ միայն այս եկե­ղեց­ւոյ Ս. Խո­րա­նէն իր քա­րոզ­նե­րով, այլ եւ իր գրած յօդ­ուած­նե­րով անի­կայ եղաւ ու մնաց բա­րին իս­կա­կան առու­մով ուսու­­ցիչ ամէ­նուն հա­մար: Մեր բա­նաս­տեղծ­նե­րէն մէ­կը ըսած է.- Ու­սու­ցիչ ըլ­լալ կը նշա­նա­կէ երկ­րորդ ծնողք ըլլալ, հայր մայր ըլ­լալ բո­լոր զա­ւակ­նե­րուն: Տէր Կո­րիւն, ջա­նաց ըլ­լալ իր հո­գե­ւոր խնամ­քին յանձն­ուած ժո­ղո­վուր­դին հայ­րը, դաստ­ի­ա­րա­կը, ու­սու­ցի­չը եւ առաջ­նոր­դը:

…Տէր Հօր դա­գա­ղը փո­խադր­ուե­ցաւ գե­րեց­մա­նոց, ցուրտ օդին պատ­ճա­ռով թաղ­ման կար­գը կա­տար­ուե­ցաւ պատ­րաստ­ուած յա­տուկ տեղ մը, որ­մէ ետք ներ­կա­նե­րը ուղղ­ուե­ցան Սուրբ Սար­գիս Եկե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից “Լի­լի­յըն Առա­քել­եան“ սրա­հը ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ ի յի­շա­տակ Տէր Հօր հո­գե­ճա­շը: Ապա, հո­գա­բար­ձու­թեան փոխ ատե­նա­պետ  Մայ­քըլ Յա­կոբ­եան ըն­թեր­ցեց ու­ղղարկ­ուած ցա­ւակ­ցա­գիր­ե­րը:

Տիթ­րոյ­թի Հ. Յ. Դաշ­նակ­ցու­թեան “Ազա­տա­մարտ“ կո­մի­տէ­ու­թեան հեր­թա­պահ ընկ. Րաֆ­ֆի Ուրլ­եա­նը, որ կո­մի­տէ­ու­թեան եւ քոյր միու­թիւն­նե­րու կող­մէ ցա­ւակ­ցու­թիւն յայտ­նե­լէ ետք, հա­մա­ռօտ գի­ծե­րու մէջ անդ­րա­դար­ձաւ Տէր Հօր հո­գե­ւոր եւ ազ­գա­յին ար­ժա­նիք­նե­րուն, յատ­կա­պէս Հայ Կեդ­րո­նի պար­տա­մուր­հար­կի շիջ­ման, Հա­յաս­տա­նի ահ­ռե­լի երկ­րա­շար­­ժին եւ Ար­ցա­խի ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին բե­րած նպաս­տին ու աշ­խա­տանք­նե­րուն: Տէր Հա­յրը եղաւ քաջ հո­վիւ եւ կազ­մա­կեր­պիչ, ան համ­բե­րու­թեամբ եւ գործ­նա­կան աշխա­տան­քով, կրցաւ իր շուրջ հա­մախմ­բել գա­ղու­թին զա­ւակ­նե­րը, որ­պէս մէկ եւ ան­բա­ժա­նե­լի հա­մայնք:

Ապա, խօսք առաւ Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Պատ­ուե­լի Շանթ Պար­սում­եան: Վե­րա­պատ­ուե­լի Տոքթ. Վա­հան եւ Երէց­կին Ռոզէթ Թու­թիկ­եան­նե­րու, եւ իր ցա­ւակ­ցու­թիւնը յայտնե­լէ ետք, ըն­թեր­ցեց Վե­րա­պատ­ուե­լի Թու­թիկ­եա­նի ուղ­ղար­կած ցա­ւակ­ցա­գի­րը, որուն մէջ Վե­րա­պատ­ուե­լի Թու­թիկ­եան կ՛անդ­րա­դառ­նար ննջեց­եալ Արժ. Տ. Կո­րիւն Աւգ. Քհնյ. Շրիգ­եա­նի հետ տաս­նամ­եակ­ներ ան­շա­հախն­դիր եւ ան­կեղծ գոր­ծակ­ցու­թեան Տիթ­րոյ­թի Եկե­ղե­ցա­կան եւ ազ­գա­յին մար­զե­րէն ներս: Տէր Կո­րիւն սի­րեց ու­սու­մը, եւ ուս­ման  հան­դէպ իր սէ­րը զինք առաջ­նոր­դեց ուս­ման բարձ­րա­գոյն տիտ­ղո­սը նուա­ճե­լու: Որ­պէս ուղ­ղա­միտ օրի­նա­պահ հո­գե­ւո­րա­կան, մտա­ւո­րա­կան, կազ­մա­կեր­պիչ քաջ հո­վիւ մը եղաւ Սուրբ Սար­գիս հա­մայն­քին, կրցաւ յար­գանք պար­տադ­րել, օրէն­քը յար­գել տալ, եւ իր հո­գե­ւո­րա­կա­նի կո­չու­մը ար­ժե­ւո­րել: Յար­գանք իր կո­չու­մին եւ վաս­տա­կին: Որ­մէ ետք խօսք առաւ ննջեց­եալ Տէր Հօր զար­մի­կը Արժպ. Տէր Խո­րէն Աւգ. Քհնյ. Հա­պէշ­եան. Ան ար­ժե­ւո­րե­լէ ետք Տէր Հօր հո­գեմ­տա­ւոր, Եկե­ղե­ցա­կան եւ ազ­գա­յին եր­կա­րամ­եայ ծա­ռա­յու­թիւնը Ա.Մ.Ն.ի Արե­ւել­եան թե­մին մէջ, սկսեալ Կրա­նիթ Սիթիի Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Եկե­ղեցի­էն, եւ ապա Տիթ­րոյթի Սուրբ Սար­գիս Եկե­ղեց­ւոյ, կրցաւ ար­ժե­ւո­րել հո­գե­ւոր հո­վիւ եւ մտա­ւո­րա­կա­նի կո­չու­մը, Եկե­ղե­ցական եւ ազ­գա­յին բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս: Եւ յա­րեց եթէ ննջեց­եա­լը ծնած ըլ­լար այլ ժա­մա­նակ մը, եւ այլ պայ­ման­նե­րու մէջ,  իր նկա­րագ­րով եւ գոր­ծե­լա­կեր­պով եւ ուղ­ղամ­տու­թեամբ վստա­հա­բար պի­տի ըլ­լար ան­ուա­նի ֆե­տա­յա­պետ մը, եւ ազ­գա­յին գոր­ծիչ:

Այ­նու­հե­տեւ խօսք առաւ Թե­մի ազ­գա­յին վար­չութ­եան ատե­նա­պետ Պրն. Ստե­փան Յա­կոբ­եան: Ան առա­ջին հեր­թին անդ­րա­դար­ձաւ Տէր Հօր ծա­ռա­յու­թիւնը Կրա­նիթ Սիթիի Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Եկե­ղեցի­էն, որ կրցաւ եկե­ղեց­ւոյ կի­րակ­նօր­եայ վար­ժա­րա­նին յար­կին տակ հա­մախմ­բել հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րը, անոնց ու­սու­ցա­նել Հայ Եկե­ղեց­ւոյ օրէնք­նե­րը, ծէ­սը, Մես­րոպ­եան ոս­կե­տա­րե­րով գրել ու կար­դալ: Ես, ու իմ սե­րն­դա­կից­ներս շատ բան կը պար­տինք ննջեց­եալ Տէր Հօր:

Որ­մէ ետք խօսք առաւ Եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Գէ­որգ­եան, ան յա­րեց թէ­եւ ննջեց­եալ Տէր Հօր հետ հայ­րե­նա­կից­ներ էինք եւ փոքր տա­րի­քէս Այն­ճար հայ գիւ­ղա­ւա­նին մէջ  լսած էի Տէր Հօր անու­նը որ­պէս բա­ցա­ռիկ քա­հան­ա­նե­րէն մին որ տի­րա­ցած էր Տոք­թո­րայ տիտ­ղո­սին: Աստ­ուած այն­պէս դա­սա­ւո­րեց, որ քա­հա­նայ ձեռ­նադր­ուե­լէս ետք, երբ ան­ձիս վի­ճակ­ուե­ցաւ Տիթ­րո­յիթ Ս. Սար­գիս եկե­ղեց­ւոյ եւ հա­մայն­քին ծա­ռա­յու­թեան, երբ եկայ Տիթ­րոյթ առա­ջին հեր­թին զինք այ­ցե­լե­լու գա­ցի, այդ օրե­րու իր երեց եղ­բայ­րը Արժ. Տէր Նա­րեկ Քհնյ. Շրիգեա­նը եւս Լոս Ան­ճե­լը­սէն եկա­ծ էր Տէր Հօր այ­ցե­լու­թեան, անոր եւս ծա­նօ­թա­ցայ: Ա­մէն հան­դի­պու­միս Տէր Կո­րիւնը զիս խրա­տեց եւ գոր­ծե­լու ուղ­ղու­թիւն տուաւ: Թէ­եւ կարճ եղաւ իրար հետ մեր ծա­նօ­թու­թիւնը, բայց եւ այդ­պէս հո­գե­կան մեծ ու­րա­խու­թիւն մը եղաւ: Երախ­տա­պարտ եմ իր տուած խրա­տա­կան­նե­րուն եւ գոր­ծե­լու ուղ­ղու­թիւ­ննե­րուն:

Խօսք առաւ նա­եւ ննջեց­եալ Տէր Հօր երէց եղ­բայ­րը, Արժպ. Տ. Նա­րեկ. Աւգ Քհնյ. Շրիգ­եա­նը, որ քա­նի մը դրուագ­ներ պատ­մեց Տէր Հօր կեան­քէն, եւ կեդ­րո­նա­ցաւ անոր հո­գեմ­տա­ւոր գոր­ծու­նէ­ու­թեան, Եկե­ղեց­ւոյ եւ ազ­գա­յին ծա­ռա­յու­թեա­ն, յատ­կա­պէս 33 տա­րի­նե­րու ծա­ռա­յու­թիւնը Սուրբ Սար­գիս Եկե­ղեց­ւոյ եւ հա­մայն­քին: Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ներ­կա­նե­րուն, եւ խօսք առ­նող անձ­նա­ւո­րու­թիւննե­րուն որոնք հա­մես­տօ­րէն ար­ժե­ւո­րե­ցին ննջե­ցեալ Տէր Հօր ար­ժա­նիք­նե­րը:

Ապա Ննջեց­եալ Տէր Հօր թոռ­նու­հին օրդ. իր եւ զար­միկ­նե­րու կող­մէ անդ­րա­րա­ձաւ Մեծ Հօր հետ իրենց ու­նե­ցած մտեր­միկ եւ տպա­ւո­րիչ զրոյց­նե­րուն եւ խրա­տա­կան­նե­րուն որոնք դրօշմ­ուած են ու պի­տի մնան իրենց հո­գիին եւ մտքին մէջ:

Վեր­ջին խօսք առ­նո­ղը եղաւ իր որ­դին Մով­սէս Շրիգ­եան, ան` իր քոյ­րե­րու եւ իր կող­մէ շնոր­հակա­լու­թիւն յայտ­նեց Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Արամ Ա. Հայ­րա­պե­տին, Ա.Մ.Ն.ի Արե­ւել­եան Թե­մի Բրձրշ. Առաջ­նորդ Տ. Օշա­կան Արք. Չօ­լոյ­եա­նի, Առաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ Գրշ. Անու­շա­ւան Եպսկ. Դանի­էլեա­նի, Հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն, Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան: Եւ յատ­կա­պէս Գա­նա­տա­յի Թե­մի Բրձրշ. Առաջ­նորդ Տ. Խա­ժակ Արք. Յա­կոբ­եա­նի որ իր ներ­կա­յու­թեամբ Ուր­բաթ երե­կոյ նա­խա­գա­հեց տան կար­գի արա­րո­ղու­թեան եւ Շա­բաթ օր պա­տա­րա­գեց եւ կա­տա­րեց ննջեց­եալ հօրս` Տէր Կո­րիւն Աւգ. Քհնյ. Շրիգ­եա­նի վեր­ջին օծու­մը եւ թաղ­ման արա­րո­ղու­թիւնը, եւ բո­լոր ներ­կա­նե­րուն որ իրենց վեր­ջին յար­գանքը եւ ող­ջեր­թը յայտ­նե­ցին իրենց եր­կա­րամ­եայ սի­րե­լի ննջեց­եալ հո­գե­ւոր հովիւին: Ապա, ան հա­մա­ռօտ գի­ծե­րու մէջ դրուագ­ներ փո­խան­ցեց իրենց ման­կու­թեան, պա­տա­նե­կու­թեան եւ երի­տա­սար­դու­թեան կեանքի Հայր, եւ զա­ւակ­ներ յա­րաբե­րու­թեան: Եւ յա­րեց.- “Մայրս, եւ յատ­կա­պէս Հայրս խիստ եւ օրի­նա­պահ հայր մըն էր, բայց եր­բէք մեզ չի զրկե­ցին ոե­ւէ բա­նէ որ մենք կը ցան­կա­յինք ու­նե­նալ: Ինչ­պէս ինք ու­սուն­մա­տենչ էր, իրենց ցան­կու­թիւնն էր որ մենք եւս հե­տե­ւինք իր ուս­ման իր ուղ­ղիին, եւ իրա­պէս մենք իր այդ ցան­կու­թիւնը իրա­գոր­ծե­ցինք ստա­նա­լով բարձր ու­սում որու հա­մար մենք երախ­տա­պարտ ենք մեր ծնո­ղաց:

Սրբա­զան հօր Պահ­պա­նի­չով եւ “Կի­լիկ­իա“ մաղ­թեր­քով ներ­կա­նե­րը ուղղ­ուե­ցան իրենց բնա­կա­րան­նե­րը:

 

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles