Գլխաւոր

ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ … ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ

Diyarbekir1 Տիգրանակերտի Սուր շրջանի քաղաքապետարանի մուտքին զետեղուած է չորս լեզուներով ցուցատախտակ, որուն վրայ քրտերէն, թրքերէն, ասորերէն եւ հայերէն  գրուած է ʼʼՍուրի քաղաքապետարանʼʼ:

Սուրի փոխքաղաքապետ, քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ Նաքշի Սայար ցուցատախտակի տեղադրման կապակցութեամբ յայտարարած է, որ ատիկա աննախադէպ իրադարձութիւն է, եւ Թուրքիոյ մէջ երբեք այդպիսի բան չէ եղած: Ըստ անոր, քաղաքապետարանին մէջ սրտանց կ՛ուզէին, որ ցուցատախտակը գրուած ըլլար նաեւ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող այլ լեզուներով` ատիկա որակելով իբրեւ երախտագիտութեան դրսեւորում:

Յիշեցնենք, որ Սուրի քաղաքապետ Ապտուլլահ Տեմիրպաշի նախաձեռնութեամբ Սուր մտնող ճամբուն վրայ գրուած է ʼʼԲարո՛վ եկաքʼʼ, նաեւ Տիարպեքիրի զբօսաշրջական ուղեցոյցը թարգմանուած է հայերէնի:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button