ՆԱ­ՀԱ­ՏԱԿ­ՈՒԱԾ ԶԻ­ՆՈՒՈՐ ԱՐ­ՄԷՆ ՅՈՎ­ՀԱՆ­ՆԻՍ­ԵԱՆ Կ՛ԱՐ­ԺԱ­ՆԱ­ՆԱՅ ՅԵՏ ՄԱ­ՀՈՒ ՄԵ­ՏԱ­ԼԻՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 40 Second

p1 armen-med  ԵՐԵՒԱՆ.- Բանակի օրուան առ­թիւ, Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եա­նի հրա­մա­նա­գի­րով պե­տա­կան բարձր պար­գեւ­նե­րու ար­ժա­նա­ցած են Ար­ցա­խի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ հե­տա­խու­զա­կան բնոյ­թի յար­ձա­կում կա­տա­րող հա­կա­ռա­կորդ խում­բե­րու ներ­թա­փանց­ման փոր­ձը փոք­րա­թիւ ու­ժե­րով կա­սե­ցու­ցած եւ անոնց ետ մղած բա­նա­կա­յին­նե­րը:

Հայ­րե­նի­քին մա­տու­ցած ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րի հա­մար առա­ջին աս­տի­ճա­նի մե­տա­լով պար­գե­ւատր­ուած է նա­հա­տակ զի­նուոր Ար­մէն Լե­ւո­նի Յով­հան­նիս­եա­նը:

Անոնք պար­գե­ւատր­ուած են հայ­րե­նի­քի սահ­ման­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան իմաս­տով ցու­ցա­բե­րած բա­ցա­ռիկ խի­զա­խու­թեան եւ անձ­նա­կան արիու­թեան, մաս­նա­գի­տա­կան բարձր պատ­րաստ­ուա­ծու­թեան, կեան­քին սպառ­նա­ցող վտան­գը դի­մա­կա­յե­լով ծա­ռա­յո­ղա­կան պարտ­քը կա­տա­րե­լու ատեն ցու­ցա­բե­րած անձն­ուի­րու­թեան հա­մար:

Յուն­ուար 22-ին, հայ­րե­նի հո­ղին յանձն­ուած էր Ար­մէն Յով­հան­նիս­եա­նը: Հե­րոս զի­նուո­րին յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւնը կա­տար­ուե­ցաւ զի­նուո­րա­կան կար­գով` Ար­ցախ­եան ազա­տա­մար­տին ըն­թաց­քին զոհ­ուած քա­ջե­րուն կող­քին: Թաղ­ման թա­փօ­րը ուղղ­ուե­ցաւ “Եռաբ­լուր“ զի­նուո­րա­կան պան­թէ­ոն, ուր հա­ւաք­ուած էին բազ­մա­թիւ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ` հրա­մա­նա­տար­ներ եւ քա­ղա­քա­յին պաշ­տօն­եա­ներ` իրենց վեր­ջին յար­գան­քը փո­խան­ցե­լու:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles