ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԻՒՆ` ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

0 0
Read Time:2 Minute, 35 Second

P1 erdoghan1-30  ՊՈԼԻՍ.- Դեկտեմբեր 17-էն սկսեալ, Թուրքիան ցնցուած է աւելի քան յիսուն աղմկայարոյց ձերբակալութիւններով, որոնք ցնցած են երկիրը:

Երեք հանգրուաններով տեղի ունեցած ձերբակալութիւններուն ընթացքին հսկողութեան տակ առնուածները կը մեղադրուին “դրամ մաքրագործելու“, զեղծարարութիւններ իրականացնելու, պաշտօնի չարաշահում կատարելու, կաշառակերութեան ու ոսկիի մեծաքանակ մաքսանենգութեան յանցանքներով: Հսկողութեան տակ առնուած են պետական պաշտօնեաներ, յայտնի գործարարներ ու ներքին գործոց, բնապահպանութեան եւ տնտեսութեան նախարարներուն զաւակները, ինչպէս նաեւ “Հալքպանք“ պետական դրամատան նախագահ Սիւլէյման Ասլանը:

Հետաքրքրական է, որ երեք դատախազներ, որոնց հսկողութեան ներքեւ կը կատարուէին այս հարցին հետապնդումները, գաղտնօրէն գործակցած էին` Պոլսոյ գլխաւոր դատախազի գլխաւորութեամբ: Նոյնիսկ արդարադատութեան նախարարը լուր չունէր այս հետապնդումէն:

Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրանսիս Ռիքարտոնէ հերքեց թրքական լրատուամիջոցներու տարածած այն լուրը, թէ փտածութեան շուրջ հետաքննութեան ետին Միացեալ Նահանգները կը կանգնին: Այդ լուրը կը յաջորդէր Էրտողանի այն յայտարարութեան, թէ գայթակղութեան կազմակերպման մէջ կը մեղադրէ “մութ ուժերը“, որոնք կը գործեն արտերկրէն:

Ռիքարտոնէ ըսաւ, որ “Միացեալ Նահանգներ  որեւէ ձեւով չեն առընչուած հետաքննութեան եւ կաշառքի շուրջ ընթացող հետաքննութեան; Ոչ ոք պէտք է Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները անհիմն պընդումներով  վտանգէ“:

Վարչապետ Էրտողան խստօրէն քննադատեց ձերբակալութեանց արշաւը` զայն իր կառավարութեան դէմ դաւադրութիւն մը եւ “աղտոտ գործողութիւն“ որակելով:

Ան յայտարարեց, որ “վերջերս կարգ մը դեսպաններ հետաքրքրական  կերպով գրգռիչ արարքներ կը կատարեն: Ձեր գործերով զբաղեցէք: Մենք ստիպուած չենք ձեզ մեր երկրին մէջ պահել: Եթէ ձեր երկիրներուն մէջ գտնուող մեր դեսպանները որեւէ խաղի առնչուին, դուք եւս մեզ պէտք է տեղեակ պահէք, մեր դեսպանները տուն կը կանչենք“, շեշտեց ան:

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը դեսպանին հրապարակած հաղորդագրութեան իբրեւ պատասխան յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց.- “Մենք Միացեալ Նահանգներու դեսպանին յայտարարութիւնը բաւարար կը նկատենք: Զինք այս հարցով նախարարութիւն կանչելու որեւէ ծրագիր չկայ“:

Ոմանց կողմէ “թրքական պատմութեան ամենէն կարեւորը“ որակուած է վերջին մեծ գայթակղութիւնը, որ ի յայտ եկած է Թուրքիոյ տարածքին: Ձերբակալուած են մեծ թիւով քաղաքացիներ, կաշառակերութեան դէմ պայքարին ծիրէն ներս:

Անոնցմէ ոմանց տունը գտնուած են միլիոնաւոր տոլարներու համապատասխանող գումարներ:

Երեւոյթը Էրտողանի եւ իր ընդդիմադիրներուն միջեւ հաշուեյարդարի մը բոլոր տուեալները կը  պարունակէ:

Թրքական “Միլլիյէթ“ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը որոշած է պաշտօնազրկել Պոլսոյ նահանգի եւ անոր շարք մը քաղաքներու ապահովութեան բաժանմունքներու 25 տնօրէններ, որոնց շարքին`  Ֆաթիհ քաղաքամասի ապահովութեան պատասխանատուն: Իսկ ելեւմուտքի նախարարութիւնը կը պատրաստուի  ընդհանուր հետաքննութեան ենթարկել “Պանք- Ասիա“-ն, որ նՋՌԱտելֆիա հաստատուած, այլախոհ Ֆեթհուլլա Կիւլենի շարժումին պատկանող դրամատուներէն մէկն է:

“Սապահ“ օրաթերթը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ներքին Գործոց նախարարութիւնը որդեգրած է որոշում մը, որ լրագրողներուն կ՛արգիլէ մուտք գործել Թուրքիոյ բոլոր քաղաքներուն ոստիկանական կեդրոնները:

Մինչ այդ, ապահովական ուժերը Անգարայի մէջ ոստիկանութեան կազմակերպուած ոճիրներու դէմ պայքարի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէնին դիակը յայտնաբերեցին անոր ինքնաշարժին մէջ: Ան անյայտ պատճառներով անձնասպանութիւն գործած է, սակայն կը կարծուի, որ ան փտածութեան հարցով պաշտօնազրկուած անձերէն մէկն է:

Էրտողանի Որդին Փախած է Պաքու: Հարցաքննութենէն խուսափելու նպատակով, Թուրքիոյ վարչապետին զաւակը` Պիլալ Էրտողան, փախած է Ատրպէյճանի մայրաքաղաք: Կը նշուի, որ Պիլալ Էրտողան անօրինական շինութիւններ կառուցելու արտօնութիւն ստացած է: Նախապէս տեղեկութիւն տարածուած էր, որ փտածութեան գայթակղութեան ծիրին մէջ գաղտնի կերպով լսուած է նաեւ վարչապետ Էրտողանի հեռախօսը: Ըստ “Ճումհուրիյէթ“ օրաթերթին, Պոլսոյ Ֆաթիհ շրջանի ղեկավարը գործարարական կապեր ունի վարչապետի որդիին հետ, որ Ֆաթիհի քաղաքապետարանի կառավարման խորհուրդի անդամ է:

Յստակ չէ, թէ Էրտողան ինչպէ՞ս ընտրեց պաշտօնազուրկ հռչակուած նախարարները, բայց անոնց մէջ կան իրենց անուններով կամ իրենց զաւակներուն անունով ամբաստանուողները:

Վարչապետ Էրտողանի կողմէ կազմուած նոր դահլիճը ներքին ու արտաքին շրջանակներու կողմէ նկատուեցաւ պայքարի կառավարութիւն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles