ԵՐԵՒԱՆ.- Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը յառաջիկային կը պատրաստուի վերջնական խմբագրել եւ հրապարակել “Մենք ապրելու ենք մեր տանը“ արտագաղթի կասեցման ծրագրի ամբողջական բնագիրը: Նշենք թէ Հ.Հ. կառավարութիւնը ընդունեց կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան մշակած ծրագրին քանի մը կէտերը:
“Ի հարկէ, գաղափարը կառավարութեան կողմից ընդունելի է, սակայն կատարման տեսանկիւնից դեռ եւս թերութիւններ կան: Մենք մտադիր ենք ծրագիրը վերջնական տարբերակով հրապարակել եւ անդրադառնալ այդ թերութիւններին` առաջարկելով կառավարութեանն ապահովել ծրագրի առաւել խորքային եւ ամբողջական իրականացումը:… Սակայն այստեղ երկու խնդիր կայ, որ մեր առաջարկն ընդունելու տեսակէտից մենք ոչ լիարժէք ենք համարում: Մասնաւորապէս հանրային ծառայութիւն հասկացութեան ճշգրիտ սահմանումը, մեր կարծիքով, պէտք է երեք մակարդակի լինի: Դրա մէջ պէտք է մտնեն ոչ միայն պետական եւ համայնքային ծառայութիւնները, այլ նաեւ բոլոր այն կազմակերպութիւնները, որոնք պետական մարմիններ չեն, սակայն իրականացնում են պետականին բնորոշ գործառոյթներ“, յայտնեց Ազգային Ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը:
Ան ընդգծեց, թէ ծրագիրով իրենց կողմէ առաջարկուող կարեւոր դրութիւններէն մէկը հանրային ծառայութեան վարձատրութեան միասնական համակարգ գործադրելու մասին էր, որուն վերաբերեալ կառավարութիւնը արդէն յատուկ նախագիծ ներկայացուցած է Ազգային ժողովի քննարկման
Ծրագիրը արդէն հասած է հանրային քննարկումներու հանգրուան եւ ներկայացուած է պատկերասփիւռով եւ մամուլով: