Հայաստանի պետական ռատիոկայանը կը հաղորդէ, որ Նոյեմբեր 7-ին, Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դէմոյեան, Գանատայի Ուինիփէկ քաղաքին մէջ համագործակցութեան համաձայնագիր մը պիտի ստորագրէ Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանի ներկայացուցիչներուն հետ: Ըստ համաձայնագրին, երկու կողմերը դաստիարակչական ծրագրեր ու արխիւային փաստագրրական նիւթեր պիտի փոխանակեն իրարու: Համաձայնագրի ստորագրութեան ներկայ պիտի ըլլայ Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան:
Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին մէջ պիտի ներկայացուի մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու պատմականը, յատուկ շեշտ դնելով հրէական, հայկական, ռուանտական ցեղասպանութեանց, ուքրանական սովասպանութեան եւ Սրեպրինիքայի ջարդին վրայ:
Թանգարանը նաեւ յատուկ դաստիարակչական ծրագիր մը մշակելու ընթացին մէջ, որուն նպատակն է Գանատայի վարժարաններու բարձրագոյն դասարաններու մէջ մարդկային իրաւանց եւ ցեղասպանութեանց պատմութիւնը ուսուցանել:
Մոնրէալի մէջ լոյս տեսնող “Հորիզոն“ը կը նշէ, որ Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան բաժանմունքի կառուցման գծով, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հրաւէրով 2012-ին Մոնրէալի եւ Թորոնթոյի հայ կեդրոնները այցելեցին թանգարանի հանրային յարաբերութեանց պատասխանատուներ Անժելա Քասի եւ տոքթ. Քլինթ Քըրլ: Պաշտօնական այս հանդիպումներուն նպատակն էր գանատահայութեան հասարակական, քաղաքական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն ծանօթացնել Մարդկային իրաւանց թանգարանին առաքելութիւնը:
Թանգարանը կը գտնուի Մանիթոպա նահանգի Ուինիփէկ քաղաքին մէջ: Կառուցման աշխատանքները սկսած են 2007-ին եւ պիտի աւարտին 2014-ին: 2007-ին, վարչապետ Հարփըր թանգարանը հռչակեց ազգային թանգարաններուն շարքին գործող թանգարան: անատայի Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայիս աշխատանք կը տանի նահանգային կրթական ծրագիրներուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ուսուցումը ներառելու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ կը ծրագրէ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ծրագիրները` Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Գանատայի միացեալ մարմնի համագործակցութեամբ:
Նշենք, որ Գանատայի խորհրդարանը 2004-ին ճանչցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը, իսկ ներկայ վարչապետ Սթիվըն Հարփըր 2006-ի Ապրիլ 19-ին հրապարակած հաղորդագրութեամբ մը հաստատած է Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: