ՊՈՍ­ԹԸ­ՆԻ ՄԷՋ.- ՍԱ­ՅԱԹ ՆՈ­ՎԱ­ՅԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 300-ԱՄ­ԵԱ­ԿԻ ՆՇՈՒՄ

0 0
Read Time:6 Minute, 42 Second
Լուսանկ­ար­ները` ՎԻԳԷՆ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ
Լուսանկ­ար­ները`
ՎԻԳԷՆ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ

Թղթա­կից Կի­րա­կի, Հոկ­տեմ­բեր 6-ին, Մեծն Պոս­թը­նի մէջ նշուե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­զու­գա­կան աշոյղ` Սա­յաթ Նո­վա­յի ծննդեան 300ամ­եա­կը: Ուա­թըր­թաու­նի Հայ Մշա­կու­թա­յին Կեդ­րո­նի սրա­հէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ “Ամա­րաս“ հիմ­նար­կին, գոր­ծակ­ցու­թեամբ տեղ­ւոյն “Սա­յաթ Նո­վա“ պա­րա­խում­բին: Թէ­եւ բազ­միցս ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ պատ­րաստ­ուած են այս հան­րա­ծա­նօթ ար­ուես­տա­գէ­տին մա­սին, բայց հա­կա­ռակ ասոր, հա­յոց բա­նա­սի­րու­թիւնը դեռ ամ­բող­ջա­կան լոյ­սի տակ առած չէ այս ան­զու­գա­կան աշուղ-բա­նաս­տեղ­ծին կեանքն ու ժա­ռան­գու­թիւնը: Սա­յաթ Նո­վա­յի կեան­քէն բազ­մա­թիւ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ, հիմ­նա­կան փու­լեր ու ծալ­քեր ցայ­սօր դեռ չեն լու­սա­բան­ուած եւ կը մնան անյս­տակ: Նոյ­նիսկ յստակ չէ անոր ծննդեան թուա­կա­նը, որ կը տա­րու­բե­րի քսան տա­րի­նե­րու վրայ…1712էն 1732ի մի­ջեւ:DSC_9880 Աւա­զա­նի անու­նով Յա­րու­թիւն Սա­յա­թեան, ծնած Յու­նիս 14, 1722ին Սա­նա­հի­նի մէջ, որ ծննդա­վայ­րը եղած էր նա­եւ մօ­րը` Սա­րա­յի` մե­ծա­նուն հայ բա­նաս­տեղծ Նա­ղաշ Յով­նա­թա­նի թոռ­նուհի­ին: Անոր հայ­րը` Կա­րա­պե­տը, Պոլ­սոյ հայ-թրքա­կան աշուղա­կան դպրո­ցի ծա­նօթ դէմ­քե­րէն` Սալ­մաստ­ցի Ղուլ-Յա­րու­թիւն աշու­ղի որ­դին է, որուն ծննդա­վայ­րը հա­ւա­նա­բար եղած է Հա­լէ­պը կամ Ատա­նան: Սա­յա­թեան­նե­րու ըն­տա­նի­քը տե­ղա­փոխ­ուած է Թիֆ­լի­սի մեր­ձա­կայ գիւղ մը, ուր մա­նուկ Յա­րու­թիւն ջուլ­հա­կու­թիւն սոր­ված է ծնող­քին կամ­քով: Այս պատ­ճա­ռով, ընդ­հան­րա­պէս օտար­ներ, նա­եւ խորհր­դա­հայ աղ­բիւր­ներ Թիֆ­լի­սը կը նշեն իբ­րեւ ծննդա­վայրն ու նա­հա­տա­կու­թեան վայ­րը “Կով­կա­սի Եր­գի Թա­գա­ւո­րը“ հռչակ­ուած ար­ուես­տա­գէ­տին: DSC_0028  Օր­ուան հան­դի­սա­վարն էր Լու­սի­նէ Այան­եան, որ բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լէ ետք, յայտ­նեց թէ իր գրա­կա­նու­թեամբ եւ իր կեան­քով` խորհր­դա­ւոր յոյ­զե­րու եւ սի­րոյ ալե­կո­ծում­նե­րու հան­ճա­րեղ շնչա­ւո­րու­մը եղած է Սա­յաթ ­Նո­վա, որուն եր­գերն ու բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը, երեք հա­րիւր դա­րէ ի վեր, ամե­նայն թար­մու­թեամբ կը հնչեն: Նշենք թէ, ցայ­սօր Սա­յաթ¬Նո­վա­յէն մնա­ցած է, գրա­ւոր պահ­ուած, աւե­լի քան 230 հա­յե­րէն բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն: Նա­եւ գո­յու­թիւն ու­նի այն հա­մո­զու­մը, որ տա­կա­ւին ցի­րու­ցան կը մնան մեր ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ բա­նա­ւոր պահ­պան­ուած հայ հան­ճա­րեղ աշու­ղին բա­զում ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, որոնք պէտք է հա­ւաք­ուին ու գրի առն­ուին: Հա­զիւ երի­տա­սարդ, Նո­վա հրա­ժա­րե­ցաւ ջուլ­հա­կա­գոր­ծու­թե­նէ եւ ամ­բող­ջա­պէս նուիր­ուե­ցաւ աշու­ղի կեան­քին: Ճամ­բոր­դեց Պարս­կաս­տան եւ հա­սաւ մին­չեւ Հնդկաս­տան: Շրջե­ցաւ Օս­ման­եան Կայս­րու­թեան տի­րա­պե­տու­թեան են­թա­կայ տար­բեր եր­կիր­ներ: Եւ ամէ­նու­րեք, տար­բեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աւանդ­նե­րուն մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լով` հարս­տա­ցուց թէ՛ իր գի­տե­լիք­նե­րու պա­շա­րը, թէ՛ բա­նաս­տեղ­ծա­կան մշակ­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը:DSC_9908 Ապա Նո­վա­յի գոր­ծե­րը ար­տա­սա­նե­ցին Անի Առա­քել­եանց-Աւագ­եան եւ Պերճ Չե­քիճ­եան: Անոնց մեկ­նա­բա­նու­թեամբ, ցոյց տուին թէ կեան­քի եւ սի­րոյ, տեն­չան­քի ու տա­ռա­պան­քի, վշտի եւ ու­րա­խու­թեան, իմաս­տու­թեան եւ յու­սա­խա­բու­թեանց` մարդ­կա­յին ամէ­նէն իրա՛ւ ու խո­րա­խոր­հուրդ ապ­րում­նե­րուն հան­ճա­րեղ եր­գի­չը որ­քա՜ն ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած է: Ամէ­նու­րեք Նո­վա­յի երգն ու բա­նաս­տեղ­ծու­թիւնը տա­րած­ուե­ցաւ: Գրե­թէ հա­զա­րի շուրջ աշու­ղա­կան իր եր­գերն ու խա­ղե­րը, երեք լե­զու­նե­րով (հա­յե­րէն, վրա­ցե­րէն եւ …ազեր­ի­ա­կան թրքե­րէն) տա­րած­ուե­ցան բեր­նէ բե­րան, ջեր­մա­ցու­ցին եւ ծաղ­կե­ցու­ցին ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին թէ ու­րախ եւ թէ տխուր պա­հե­րը: Յստակ չէ Նո­վա­յի ապ­րած սի­րոյ ող­բեր­գու­թիւնը, որ ազ­դեց իր եր­գե­րուն եւ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան վրայ: Ար­դա­րեւ, ար­դէն իսկ ըն­տա­նիք կազ­մած ու զա­ւակ­նե­րու տէր բա­նաս­տեղ­ծը սի­րա­հար­ուե­ցաւ Վրաց թա­գա­ւո­րի դստեր կամ քրոջ` Ան­նա­յին:  Ան­յոյս այդ սէ­րը այն­քան մեծ էր ու խոր, որ Սա­յաթ Նո­վա մին­չեւ իր մա­հը տա­ռա­պե­ցաւ ու եր­գեց անոր ներշն­չու­մով: Եւ ար­ժա­նա­ցան յա­ւեր­ժու­թեան: 1795-ին, Հա­յաս­տա­նի վրայ ար­շա­ւած Աղա Մո­համ­մէտ խա­նի զի­նուոր­նե­րը, Հաղ­բա­տի վան­քին մէջ սպան­նե­ցին հան­ճա­րեղ Սա­յաթ Նո­վան: Հա­կա­ռակ կա­տար­ուած սպառ­նա­լի­քին, ան դուրս չէր եկած վան­քէն եւ վեր­ջին շուն­չը աւան­դած էր յայտ­նե­լով.- Դուրս չեմ գար եկե­ղեցի­էն, չեմ հրա­ժա­րիր աղօթ­քէն:say mouss DSC_9926  Քա­ման­չա­յի վրայ, ելոյթ ու­նե­ցաւ յա­տուկ Փրո­վի­տեն­սէն ժա­մա­նած Դա­ւիթ Այր­եան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ տու­տու­կա­հար Մար­թին Յա­րու­թիւն­եա­նի: Գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տագ­րին մաս կը կազ­մէ­ին նա­եւ Պոս­թը­նի հայ­կա­կան երգ­չա­խում­բը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ մա­էսթ­րօ Ար­թիւր Վա­րան­եա­նի, “Սա­յաթ Նո­վա“ պա­րա­խում­բը, որոնք եր­գե­րով եւ պա­րե­րով ներ­կա­յա­ցու­ցին, հայ­կա­կան ակունք ու­նե­ցող հան­ճա­րեղ գու­սա­նին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը: Անոնք իրենց գոր­ծե­րով, ցոյց տուին թէ Նո­վա առան­գած է ոչ միայն ըն­տիր հա­յե­րէնն ու բա­նաս­տեղ­ծա­կան մշա­կու­մի ար­ուես­տը, այ­լեւ` հայ ժո­ղովր­դա­կան երգ ու պա­րի աւանդ­նե­րը: Իւ­րա­յա­տուկ էր ար­դի ճազ կշռոյ­թով, Սա­յաթ Նո­վա­յի գոր­ծե­րուն ներ­կա­յա­ցու­մը, շնոր­հիւ հան­րա­ծա­նօթ “Մու­սա­ներ“ հա­մոյ­թին, ղե­կա­վա­րու­թեամբ Արա Սար­գիս­եա­նի: Այս ան­գամ, այս խում­բին հետ կ՛ըն­կե­րակ­ցէր յա­տուկ Գա­նա­տա­յէն ժա­մա­նած Ալեք­սան Յա­րու­թիւն­եան: Հոծ բազ­մու­թիւն մը ներ­կայ էր այս ձեռ­նար­կին, որ մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցաւ ներ­կա­յաց­ուած պա­րե­րուն, աս­մունք­նե­րուն, եւ նուա­գա­յին տար­բեր եռանգ­նե­րուն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles