ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ԵՒՐՈՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔ` ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ

0 0
Read Time:19 Minute, 14 Second

brussels_participants1  ՊՐԻՒՔ­ՍԷԼ.- Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի գրա­սեն­եա­կը, հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ մը կը տե­ղե­կաց­նէ թէ, մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ կա­տար­ուե­ցաւ Եւ­րո­պա­հա­յե­րու եր­րորդ հա­մա­գու­մա­րը, որուն բա­ցու­մը կա­տա­րեց Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ` Գաս­պար Կա­րա­պետ­եան:

Ապա, իրենց ներ­կա­յու­թեամբ ­հա­մա­գու­մա­րը պատ­ուե­ցի­ն եւ ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով հան­դէս եկան Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Վե­հա­փա­ռ Ա­րամ Ա, Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­-թեան նա­խա­գահ` պրն. Բա­կօ Սա­հակ­եան, Հ.Հ. Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի ­նա­խա­գահ պրն. Յո­վիկ Աբ­րա­համ­եան, Ար­ցա­խի ­փոխ ­վար­չա-­պետ պրն. Ար­թուր Աղա­բէկ­եան, ար­տա­քին գոր­ծոց ­նա­խա­րար պրն. Կա­րէն Միր­զոյ­եան, Ֆրան­սա­յի­ հա­յո­ց ա­ռաջ­նորդ Նոր­վան Արք. Զա­քար­եան, իբ­րեւ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չ ա­մե­նայն ­հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի եւ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ Յա­կոբ Տէր Խա­չա­տուր­եան:brussels_aram_

Հա­մա­գու­մա­րի առա­ջին ­նիս­տը եղաւ ի տես ­Հայ­կա­կան ­Ցե­ղաս­պա-­նու­թեան հա­րիւ­րամ­եա­կի­ն Եւ­րո­պա­հա­յու­թեան կող­մէ առն­ուե­լիք նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն, եւ այդ ուղ­ղու­թեամբ զե­կու­ցե­ցին Միհ­րան Տա­պաղ (Գեր­ման­իոյ­Պո­խում քա­ղա­քի ­հա­մալ­սա­րա­նի Սփիւռք­-ներ­ու եւ ­ցե­ղաս­պա­նու­թեան­ց ուս­մանց ­հիմ­նար­կի ­վա­րիչ) եւ Կի­րօ Մա­նոյ­եան (Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի Հայ Դա­տի եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու գրա­սեն­եա­կի տնօ­րէն): Ապա ներ­կա­յաց­ուե­ցան թուրք եւ ազե­րի մի­աց­եալ հա­կա­հայ ար­շա­ւան­քի հար­ցը Եւ­րո­պա­յի մէջ եւ մեր հա­կազ­դե­ցու­թեան եւ նա­խա­յար­ձակ ըլ­լա­լու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը, որ ներ­կա­յաց­ուե­ցաւ Մի­քա­յէլ Քամ­պէ­քի (Հա­յաս­տա­նի եւ­րո­պաց բա­րե­կամ­նե­րու ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար, Պել­ճի­քա) եւ Հրաչ Վար­ժա­պետ­եա­նի (Ֆրան­սա­յի Հայ Դա­տի գրա­սեն­եա­կի վա­րիչ-տնօ­րէն) կող­մէ: Եր­րորդ հիմ­նա­կան հար­ցը որ քննուե­ցաւ Եւ­րո­պա­հա­յու­թեան եւ հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յի իրա­կա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցումն էր, որ կա­տար­ուե­ցաւ Արա Ման­կոյ­եա­նի (Յու­նաս­տան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ատե­նա­պետ) Յա­կոբ Ասատր­եա­նի (Չեխ­իա, “Օրեր“ ամ­սա­թեր­թի խմբա­գիր) կող­մէ: Օրա­կար­գե­րու ըն­թաց­քին ­տե­ղի ու­նե­ցաւ լայն զրոյց եւ առա­ջարկ­նե­րու ներ­կա­յա­ցում, ապա­գա­յին կա­տար­ուե­լիք­նե­րու մա­սին: Ջա­ւախ­քի հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ­խոր­հուր­դի ­հա­մա­կար­գող` պրն. Ար­տակ Գաբրի­էլ­եա­նի կող­մէ ­ներ­կա­յաց­ուե­ցաւ ջա­ւա­խա­հա­յու­թեան դի­մագ­րա­ւած դժուա­րու-­թիւն­նե­րը, որ­մէ ետք կա­տար­ուած զ­րոյ­ցէն եզ­րա­կաց­ուե­ցաւ ­թէ, նպա­տա­կա­յար­մար է մօտ յա­ռա­ջի­կա­յին հրա­ւի­րել յա­տուկ հա­մա­գու­մար ­մը, ջա­ւա­խա­հա­յու­թեան հար­ցե­րուն շուրջ: Ներ­կա­յա­ցում­ներ կա­տար­ուե­ցան նա­եւ պրն. Աշոտ Գրի­գոր­եա­նի կող­մէ (Սլո­վաք­իա, “Եւ­րո­պա­յի ­հա­յե­րի ­միու­թեան ­ֆո­րում“ի նա­խա­գահ) Մ.Ա.Կ.-ի մէջ հայ­կա­կան յու­շա­կո­թող­նե­րու աշ­խա­տան­քին եւ գիր­քի հրա­տա­րա­կու­թեան եւ պրն. Գա­գիկ Մե­լիք­եա­նի կող­մէ (Ռուս­իա, “Վան“ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­գահ), “Armenian Genocide by Ottoman Turkey, 1915. Testimony of Survivors, collection of documents“ հրա­տա­րա­կած գիր­քին մա­սին:

brussels_giro manoyianԱպա, Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ ­Գաս­պար Կա­րա­պետ­եան կար­դաց Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան շ­տա­պ օգ­նու­թեան­կեդ­րո­նա­կան ­մարմ­նի նա­մա­կը ուղղ­ուած Հա­մա­գու­մա­րին, ուր կը ներ­կա­յաց­ուէ­ին գա­ղու­թին դի­մագ­րա­ւած դժուա­րու­թիւն­նե­րը եւ կո­չը ­Եւ­րո­պա­հա­յու-­թեան, որ օժան­դա­կէ տնտե­սա­պէս ներ­կա­յիս ահա­ւոր վի­ճա­կի մէջ գտնուող ­սուր­ի­ա­հայ ­հա­մայն­քը: Կա­րա­պետ­եա­նը ­ամ­փոփ ­ձե­ւով ­ներ­կա­յա­ցուց Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի ­յանձ­նա­խում­բի կա­տա­րած յա­րա­բե­րու­թիւն­ներն ու աշ­խա­տան­քը թէ՛ նիւ­թա­կան օժան­դա­կու­թիւն ապա­հո­վե­լու Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան կող­մէ եւ թէ՛ ­սուր­ի­ա-­հա­յու­թեան ֆի­զի­քա­կան ապա­հո­վու­թիւնն երաշ­խա­ւո­րե­լու:

Յա­ջորդ օրը շա­րու­նակ­ուե­ցաւ Եւ­րո­պա­կան Խորհր­դա­րա­նէն ներս: Եւ­րո­պա­յի ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բի ­նա­խա­գահ Գաս­պար Կա­րա­պետ­եա­նի բա­րի գա­լուս­տի խօս­քէն ետք, ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով հան­դէս եկան “Եւ­րո­պա­յի Ժո­ղովր­դա­կան Կու­սակ­ցու­թիւն“ (հա­մա­գու­մա­րի հո­վա­նա­ւոր) քա­ղա­քա­կան խում­բի նա­խա­գահ Ժո­զէֆ Տօլ, Եւ­րո-երես­փո­խան եւ Եւրո-խորհր­դա­րա­նի ­մէջ ­Հա­յաս-­տա­նի հետ ­բա­րե­կա­մու­թեան խում­բի նա­խա­գահ տի­կին. Էլե­նի Թէ­ո­խա­րուս, Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ պրն. Բա­կօ Սա­հակ­եան, Հ.Հ. Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի ­նա­խա­գահ պրն. Յո­վիկ Աբ­րա­համ­եան, Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ եւ Հայ Դա­տի ­յանձ­նա­խում­բե­րու համա­կար­գող` պրն. Յա­կոբ Տէր Խա­չա­տուր­եան: Իր ող­ջոյ­նի խօս­քէն ետք, Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կոս Արամ Ա. անդ­րա­դար­ձաւ Թուրք­իոյ կող­մէ բռնագ­րաւ­ուած հայ­կա­կան եկե­ղե­ցա­կան կալ­ուած­նե­րու վե­րա­դարձ­ի ­անհ­րա­ժեշ­տու­թեան ­մա­սին:brussels_hovik aprahamian

Տօլ դի­տել տուաւ, թէ Հա­յաս­տա­նը կանգ­նած է խաչ­մե­րու­կի եզ­րին եւ պէտք է որո­շէ` թէ ո՛ր ուղ­ղու­թեամբ պէտք է յա­ռա­ջա­նայ: Հա­յաս­տա­նը եւ­րո­պա­կան կո­չում ու­նի իմ կար­ծի­քով, ըսաւ Տօլ` աւելց­նե­լով, որ կը կար­ծենք, թէ Հա­յաս­տան կ՛ընտ­րէ եւ­րո­պա­կան ու­ղին, որ խոստմ­նա­լից է իրեն հա­մար:

Ան օրի­նակ բե­րաւ Սերպ­իոյ պա­րա­գան` նշե­լով, թէ տասն­հինգ տա­րի­ներ առաջ պա­տե­րազմ եւ ճնշում կար երկ­րէն ներս: “Ներ­կա­յիս առա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րած է եր­կի­րը, ինչ որ ես ինքսկա­րո­ղա­ցայ հաս­տա­տել, իմ կա­տար­ած նոր այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին“: Ան ըսաւ, թէ Եւ­րո­պա­կան ցա­մա­քա­մա­սի մէջ խա­ղա­ղու­թիւն կը տի­րէ, պայ­ման` որ կ՛օգ­նէ եր­կիր­նե­րու տնտե­սու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման:

Տօլ շեշ­տեց, թէ “Հա­յաս­տա­նի կո­չումն է մնա­լու ա՛յս կող­մը: Կան ան­շուշտ բա­րի դրա­ցիու­թեան սկզբունք­նե­րը եւ կա­րե­ւոր է լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­նալ տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս: Մենք շատ լաւ կը հասկ­նանք այդ պա­րա­գան: Նոյն պա­հուն կը տես­նենք հայ­կա­կան սփիւռ­քի զօ­րա­ւոր ներ­կա­յու­թիւնը Եւ­րո­պա­յի մէջ, եւ պէտք է լսե­լի դառ­նայ այս ձայ­նը, որ­պէս­զի Հա­յաս­տա­նը օրի­նա­կե­լի եր­կիր դառ­նայ տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս, իր զար­գաց­մամբ ու յա­ռաջ­դի­մու­թեամբ“, -ըսաւ Տօլ, որ մե­ծա­պէս կա­րե­ւո­րեց նման հա­ւաք­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման առիթ­նե­րը:

brussels_pako-sahakianԱն մեկ­նե­ցաւ ժո­ղո­վէն` նոր մա­հա­ցած ղե­կա­վար Վիլֆ­րետ Մար­թեն­սի յի­շա­տա­կին տխուր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րու բեր­մամբ: Եւ­րո­պա­կան Խորհր­դա­րա­նի դահ­լի­ճէն ներս կա­յա­ցած նիս­տե­րու ըն­թաց­քին քննարկ­ուե­ցան եր­կու հիմ­նա­կան օրա­կար­գեր:

Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ եւ Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բե­րու հա­մա­կար­գող Յա­կոբ Տէր-Խա­չա­տուր­եան բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց բո­լո­րին` Եւ­րո­պա­հա­յու­թեան Գ. խորհր­դա­ժո­ղո­վին: Ան անդ­րա­դար­ձաւ մեր ազ­գա­յին հար­ցե­րը հա­մա­կար­գե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան` նշե­լով, թէ նման հա­ւաք­ներ կը հան­դի­սա­նան կազ­մա­կերպ­ուե­լու եւ հար­ցե­րու խո­րա­թա­փանց քննարկ­ման առիթ­ներ:

Ֆրան­սա­յի առաջ­նորդ Նոր­վան Արք. Զա­քար­եան իր ող­ջոյ­նի խօս­քին մէջ նշեց, թէ մեր ժո­ղո­վուր­դը ան­ցած տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ապա­ցու­ցա­նած է, որ չի պարտ­ուիր, որ­քան ալ դժուա­րին կա­ցու­թիւն­նե­րու մատն­ուած ըլ­լայ: Այս կը նշա­նա­կէ թէ ճշմար­տու­թիւնն ու ար­դա­րու­թիւնն են, որ չեն պարտ­ուիր: Ան աւել­ցուց, թէ մեր եկե­ղե­ցին մարդ­կա­յին բարձր ար­ժէք­նե­րով կը դաստ­ի­ա­րա­կէ իր զա­ւակ­նե­րը, որ­պէս­զի անոնք եր­բեք չընկր­կին դժուա­րու­թիւն­նե­րուն առ­ջեւ:

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Յո­վիկ Աբ­րա­համ­եան, իր ող­ջոյ­նի խօս­քին մէջ, առաջ­նա­հերթ նկա­տեց ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խնդիր­նե­րը: Ան նշեց թէ այ­սօր կը դի­մագ­րա­ւենք շրջա­փա­կում եւ յար­ձա­կո­ղա­պաշ­տու­թիւն, ներ­քին խնդիր­ներ, Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի մէջ իրա­վի­ճա­կի բե­րու­մով բար­դա­ցած կա­ցու­թիւն­ներ եւ բազ­մա­պի­սի մար­տա-հ­րա­ւէր­ներ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ:

Ան աւել­ցուց, թէ մեր հիմ­նա­կան գրա­ւա­կա­նը կը հան­դի­սա­նայ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան հետ Հա­յաս­տա­նի մեր­ձեց­ման հար­ցը: “Բայց ոչինչ ամ­բող­ջա­կան կը լի­նի առանց հա­մայն հա­յու­թեան ու­ժին: Օգ­տա­գոր­ծենք մեր նե­րու­ժը: Մենք հպարտ ենք, որ այ­սօր գո­յու­թիւն ու­նին տա­րա­ծաշր­ջա­նի մէջ եր­կու հայ­կա­կան պե­տու­թիւն­ներ: Այ­սօր աշ­խար­հի տար­բեր խորհր­դա­րան­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ կ՛այ­ցե­լեն Ար­ցախ, ճանչ­նա­լով որ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը ազատ ապ­րե­լու իրա­ւունք ու­նի եւ բո­լո­րի ճա­նաչ­ման ար­ժա­նի է“,- ըսաւ Հ.Հ. Ա.Ժ. նա­խա­գա­հը` եզ­րա­փա­կե­լով, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի անվ­տան­գու­թե­նէն կախ­ուած են Հա­յաս­տա­նի անվ­տան­գու­թիւնն ու ապա­հո­վու­թիւնը:brussels_panel_theoxarous

Ար­ցա­խի նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հակ­եան իր խօս­քին մէջ նշեց, թէ Ար­ցա­խի պե­տու­թիւնը առանձ­նա­կի կա­րե­ւո­րու­թեամբ կը դի­տէ Եւ­րո­պա­յի հա­յու­թեան հետ շփու­մի հար­ցը ու անոր աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւնը Ար­ցա­խի զար­գաց­ման գոր­ծին: Ան անհ­րա­ժեշտ նկա­տեց պահ­պա­նել եւ զար­գաց­նել հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնը` գի­տակ­ցե­լով, թէ ամ­բողջ հա­յու­թեան հա­մար Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը ու­նի մեծ նշա­նա­կու­թիւն: Ան անդ­րա­դար­ձաւ Ա.Մ.Ն. չորս նա­հանգ­նե­րու եւ Աւստ­րալ­իոյ Նոր Ուելս նա­հան­գի կող­մէ Ար­ցա­խի ճա­նաչ­ման փաս­տի մեծ յա­ջո­ղու­թեան` նշե­լով, թէ նոյն քա­ղա­քա­կան մա­կար­դա­կը պէտք է պահ­պան­ուի Եւ­րո­պա­յի եր­կիր­նե­րու հետ եւս:

Նա­խա­գահ Սա­հակ­եան ընդգ­ծեց, որ անընդ­հատ զար­գա­ցող եւ փո­փո­խուող աշ­խար­հը կը թե­լադ­րէ հա­մա­պա­տաս­խան շտկում­ներ մտցնել նա­եւ Սփիւռք-Ար­ցախ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մէջ` պահ­պա­նե­լով եւ աւե­լի խո­րաց­նե­լով ձե­ւա­ւոր­ուած աւան­դա­կան փոխ­գոր­ծակ­ցու­թեան տար­րե­րը, մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նե­լով նոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն եւ գա­ղա­փար­նե­րուն վրայ:

Այս պա­րու­նա­կին մէջ Բա­կօ Սա­հակ­եան առանձ­նա­ցուց Սփիւռ­քի տար­բեր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ Ար­ցա­խի ու Հա­յաս­տա­նի շա­հագր­գիռ կա­ռոյց­նե­րու մի­ջեւ հա­մա­կարգ­ուած աշ­խա­տան­քին կա­րե­ւո­րու­թիւնը Լ.Ղ.Հ. մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման, երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման, Ար­ցա­խը աւե­լի ճա­նա­չե­լի դարձ­նե­լու, մեր եր­կի­րը իբ­րեւ անվ­տանգ եւ կա­յուն զար­գա­ցող պե­տու­թիւն ներ­կա­յաց­նե­լու, ներդ­րում­նե­րու հա­մար ամե­նագ­րա­ւիչ ոլորտ­ներն ու ծրա­գիր­նե­րը պատ­շաճ կեր­պով մա­տու­ցե­լու եւ կեղ­ծի­քի ու սու­տի վրայ հիմն­ուած հա­կա­ռա­կոր­դին կող­մէ տա­րուող սադ­րիչ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ար­ձա­գան­գե­լու ուղ­ղու­թիւն­նե­րը:

Արամ Վե­հա­փառ իր խօս­քին մէջ ըսաւ, թէ Եւ­րո­պան կա­րե­ւոր տա­րա­ծաշր­ջան մըն է մե­զի հա­մար: “Հա­ւա­քա­կան ար­ժէք­ներ, հա­ւա­քա­կան շա­հեր, հին դա­րե­րէն սկսեալ մե­զի կա­պած են Եւ­րո­պա­յի: Հե­տե­ւա­բար նման հա­ւաք­ներ Եւ­րո­պա­յի մէջ ես կը նկա­տեմ թէ Հա­յաս­տա­նի, թէ՛ Հայ Դա­տի զօ­րաց­ման նա­խա­պայ­ման­ներ“:

brussels-hay-doun1 Ան երեք կէ­տե­րու մէջ ամ­փո­փեց իր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րը.-

“Ա.- Յիս­նամ­եա­կէն յե­տոյ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, Հայ Դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րը երեք ուղ­ղու­թիւն ստա­ցան: Հայ Դա­տի այժ­մէ­ա­կա­նա­ցում, քա­ղա­քա­կա­նա­ցում եւ մի­ջազ­գայ­նա­ցում: Այս երեք բա­ռե­րը սոսկ լո­զունգ­ներ չե­ղան: Անց­նող տաս­նամ­եակ­նե­րու ըն­թաց­քին մեր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, մեր Հայ Դա­տի մար­մին­նե­րը սքան­չե­լի գործ կա­տա­րե­ցին այդ ուղ­ղու­թեամբ եւ այ­սօր կա­րե­ւոր իրա­գոր­ծու­թիւն­ներ կա­տար­ուած են: Այ­սօր Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցը մի­ջազ­գա­յին օրա­կար­գի հարց կը կազ­մէ, քա­ղա­քա­կան ծի­րէն ներս մուտք գոր­ծած է, փաս­տօ­րէն դար­ձած է այժ­մէ­ա­կան քա­ղա­քա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին հարց: Ես կը խո­րիմ, որ ժա­մա­նակն է, որ­պէս­զի մենք իբ­րեւ ազգ, պե­տու­թիւն, Հայ Դա­տի մար­մին­ներ, առանց ան­տե­սե­լու ճա­նաչ­ման հար­ցը, յա­տուկ շեշտ դնենք հա­տուց­ման վրայ: Հա­տու­ցում եւ Ճա­նա­չում զի­րար կ՛ամ­բող­ջաց­նեն:

“Բ.- Մենք որ­պէս ազգ պի­տի գիտ­նանք` ե՛րբ մի­ա­ձայն պի­տի խօ­սինք եւ ե՛րբ բազ­մա­ձայն: Մէ­կը միւ­սը չի հա­կա­սեր, մէ­կը միւ­սը կ՛ամ­բող­ջաց­նէ, ներ­դաշ­նա­կու­թիւն կ՛ու­զենք ստեղ­ծել մեր կեց­ուած­քին մէջ: Իւ­րա­քան­չիւ­րը կրնայ իր շեշ­տը ու­նե­նալ, բայց մենք մի­ա­ձայն պէտք է ըլ­լանք:

“Գ.- Մենք կը գտնուինք հա­րիւ­րամ­եա­կի սե­մին: Հա­րիւ­րամ­եա­կը միայն ձեռ­նարկ­նե­րու ամ­բող­ջու­թիւն մը պէտք չէ ըլ­լայ: Մենք հա­րիւր տա­րի մոմ վա­ռե­ցինք, հա­րիւր տա­րի հո­գե­հան­գիստ ըրինք: Բնա­կա­նա­բար պի­տի շա­րու­նա­կենք: Սա­կայն վա՜յ մե­զի, երբ հա­րիւր տա­րի­ներ յե­տոյ նոյն ըն­թաց­քը շա­րու­նա­կենք: Տար­բեր մօ­տե­ցում, տար­բեր ոճ, տար­բեր ռազ­մա­վա­րու­թիւն, տար­բեր մար­տա­վա­րու­թիւն պէտք է որ­դեգ­րենք:

Ա՛յս է մար­տահ­րա­ւէ­րը հա­րիւ­րամ­եա­կին: Յու­սա­խաբ չդարձ­նենք մեր նոր սե­րուն­դը, այլ նոր ոճ տանք մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թեան“,- ըսաւ վե­հա­փա­ռը` եզ­րա­կաց­նե­լով, թէ մեր դա­տը պէտք է ներ­կա­յաց­ուի երեք հիմ­նա­կան շրջագ­ծե­րու մէջ` Մի­աց­եալ Ազ­գե­րու Կազ­մա­կեր­պու­թեան, Մի­ջազ­գա­յին Դա­տա­կան Ատ­եա­նին եւ Եւ­րո­պա­յի Մարդ­կա­յին Իրա­ւանց Ատ­եա­նին մօտ:

brussels-hay-doun2  Ապա, քննուե­ցաւ առա­ջին օրա­կար­գը “Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը եւ Մի­ջազ­գա­յին Օրէն­քը“ նիւ­թը, որու ըն­թաց­քին ակա­նա­ւոր մաս­նա­գէտ­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին Հայ­կա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ հա­տու­ցում­նե­րու հար­ցը: Այս զրո­յցին ելոյթ ու­նե­ցան Եա­յիր Օրոն (Իս­րա­յէլ), Թէ­ո­ֆա­նիս Մալ­քի­տիս (Յու­նաս­տան), Վլա­տի­միր Վար­դան­եան (Հա­յաս­տան), Հան­րի Թերիօ (Մ.Ն.): Նա­եւ ելոյթ ու­նե­ցաւ Քիրս­թէն Մէյրս­խարթ (Հո­լան­տա): Զրու­ցա­վար­ներն էին եւ­րո-երես­փո­խան Ֆրանք Էն­կել (Լիւք­սեմ­պուրկ, Եւ­րո­պա­յի Ժո­ղովր­դա­կան Կու­սակ­ցու­թիւն եւ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի ­մէջ­Հա­յաս­տա­նի հետ ­բա­րե­կա­մու­թեան խում­բի ­փոխ­նա­խա­գահ) եւ Յա­կոբ Տէր Խա­չա­տուր­եան (Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ, Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բե­րու հա­մա­կար­գող):

Երկ­րորդ օրա­կարգն էր “Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի հե­ռան­կար­ներ“ նիւ­թը, ուր իրենց զե­կու­ցում­նե­րով հան­դէս եկան Եւ­րո­նես­թի մարդ­կա­յին իրա­ւանց եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հար­ցե­րու փոխ-նա­խա­գահ եւ­րո­ե­րես­փո­խան Քնութ Ֆլե­քընշ­թայն (Գեր­ման­իա, Սոց­ի­ալ դե­մոկ­րատ­նե­րու խմբակ­ցու­թիւն) Եւ­րո­պա­կան Խորհր­դա­րա­նի ար­տա­քին գոր­ծե­րու յանձ­նա­խում­բի փոխ-նա­խա­գահ, պուլ­կար եւ­րո­ե­րես­փո­խան Անտ­րէյ Քո­վա­չեւ (Եւ­րո­պա­յի Ժո­ղովր­դա­կան Կու­սակ­ցու­թիւն), Կիպ­րո­սի Լետ­րա քո­լէ­ճի նա­խա­գահ դոկտ. Իո­ա­նիս Խա­րա­լամ­պի­տիս, Մ.Ա.­Կ.ի ներ­քին ար­դա­րա­դա­տու­թեան խոր­հուր­դի ան­դամ, Մեծն Բրի­տան­իոյ իրա­ւա­բան եւ ար­քա­յա­կան պա­լա­տի խորհր­դա­տու Ճէ­օֆ­րէյ Ռո­պերթ­սըն եւ Մինս­կի խում­բի ֆրան­սա­ցի նախ­կին հա­մա­նա­խա­գահ Պեր­նար Ֆասիէ, եւ Եւ­րո­նես­թի փոխ-նա­խա­գահ, Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ Վա­հան Յով­հան­նիս­եան:

Այս եր­կու օր­ուան օրա­կար­գե­րուն քննարկ­ման ըն­թաց­քին օտար երես­փո­խան­նե­րը, քա­ղա­քա­գէտ­նե­րը եւ մաս­նա­գէտ­նե­րը, ինչ­պէս նա­եւ Եւ­րո­պա­յի զա­նա­զան գա­ղութ­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը քննար­կե­ցին Հա­յաս­տա­նի եւ­րո­պա­կան հա­մարկ­ման հար­ցի տար­բեր երես­նե­րը, Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան յա­ռա­ջըն­թաց­քը, Եւ­րո­պա­յի հայ գա­ղութ­նե­րու դի­մագ­րա­ւած դժուա­րու­թիւն­ներն ու կա­րո­ղա­կա­նու­թիւնը, Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­տուց­ման հար­ցերն եւ իրա­ւունք­նե­րու հե­տապնդ­ման նոր քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մը մշա­կու­մը: Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի գրա­սեն­եա­կի նա­խա­գահ Գաս­պար Կա­րա­պետ­եան ըսաւ.- “Եւ­րո­պա­հա­յու­թեան եր­րորդ հա­մա­գու­մա­րը պատ­մա­կան կա­րե­լի է հա­մա­րել այն պատ­ճա­ռով, որ Պրիւք­սե­լի մէջ, եւ յատ­կա­պէս Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի մէջ մէկ­տեղ­ուած Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի, սփիւռ­քի կրօ­նա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան – քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը մի­ա­ձայ­նու­թեամբ իրենց վճռա­կա­մու­թիւնը յայտ­նե­ցին ի շահ Հա­յա­սա­տա­նի զար­գաց­ման, Ար­ցա­խի ճա­նաչ­ման, եւ սփիւռ­քի գո­յա­տեւ­ման սրբա­զան առա­քե­լու­թեանց“:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles