Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. 2013 թուականը հռչակած է “Հայ Ընտանիքի Մօր Տարի“ եւ թելադրած` պատշաճ ձեռնարկներով անդրադառնալ ու խորհրդածել մայրերու կեդրոնական դերի մասին մեր անցեալին ու ներկային:
Այս նիւթը նկատի ունենալով, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը որոշած էր հրապարակային ձեռնարկով մը առիթ ընծայել վեր հանելու հայ կնոջ դերակատարութիւնը որպէս մայր ու արուեստագէտ: Այդ նպատակով, կազմակերպած էր զեկուցաժողով (symposium) մը` “Հայ կիները որպէս մայրեր ու արուեստագէտներ“, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5ի յետմիջօրէին, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ “Փաշալեան“ սրահին մէջ:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Ուսումնական Խորհուրդի անդամ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանի բարի գալուստի խօսքերէն ետք, բացման խօսքը եւ հանդիսավարութիւնը (անգլերէն եւ հայերէն) կատարեց Խորհուրդի անդամներէն օր. Սօսի Էսաճանեան: Ան շեշտեց.
“Թէեւ Ուսումնական Խորհուրդի հիմնական առաքելութիւնը իր իրաւասութեան տակ գտնուող դպրոցներուն աջակցութիւնն ու խորհրդատուութիւնն է, կը հասկնանք, որ ուսման, կրթութեան, դաստիարակութեան գաղափարները շատ աւելի ընդգրկուն են, քան միայն մեր դպրոցները: Այս նիւթը եւ, կը յուսանք, ապագային ուրիշ նիւթեր ներկայացնելու գաղափարը նպատակ ունի նորութիւններ ծանօթացնելու մեր համայնքին` ուսուցիչներէն մինչեւ մասնագէտները եւ ուսանողներէն մինչեւ հետաքրքրասէր հայ անհատը, դաստիարակչական նպատակներով“:
Օրուան առաջին դասախօսը պիտի ըլլար դոկտ. Մելիսա Պիլալ, որ քանի մը ամիս առաջ իր աւարտաճառը պաշտպանած է Շիքակոյի համալսարանին մէջ ու ներկայիս յետ-աւարտական կրթաթոշակով կը գտնուի Գոլումպիա համալսարանը, ուր նաեւ կը դասաւանդէ երաժշտութեան բաժանմունքին մէջ: Դժբախտաբար, առողջական պատճառներով ան չէր կրցած ներկայ գտնուիլ, ուստի օր. Էսաճանեան կարդաց անոր դասախօսութիւնը, որուն կ՛ընկերանային կարգ մը երաժշտական մէջբերումներ: Դոկտ. Պիլալի խիստ հետաքրքրական զեկուցումը կը քննարկէր թէ ինչպէս երգերը, յատկապէս օրօրոցային երգերը, միջոցը կը դառնան մարդկային կորուստի փոխանցման, յատկապէս` Մեծ Եղեռնի պարագային: Ան փաստարկեց, թէ հայ մեծ մայրերու ստեղծած, յիշած եւ երգած օրօրոցայինները` հայերէն եւ թրքերէն, ունկնդիրին կը մատուցեն որոշակի կողմնորոշում` իմանալու եւ զգալու եղանակի մը ուղղութեամբ: Օրորոցային երգը, բազմաթիւ պարագաներու, միաժամանակ լուռ սուգի կարելիութիւնը կ՛ընծայէ:
Յաջորդ բանախօսն էր ուրիշ երիտասարդ ուսումնասիրող մը` Ճէնիֆըր Մանուկեան, որ ներկայիս Գոլումպիա համալսարանի Միջին Արեւելքի բաժանմունքի ուսանող է եւ որ անդրադարձաւ “հայ գրականութեան մեծ տիկին“ Զապէլ Եսայեանի կեանքը եւ անոր դերակատարութեան որպէս մայր ու հանրային գործիչ, ի մասնաւորի Ատանայի ջարդին յաջորդող շրջանին, Մեծ Եղեռնի օրերուն եւ
Սփիւռքի կազմաւորման առաջին տարիներուն: Օր. Մանուկեան, որ իր պսակաւոր արուեստիցի (B.A.) աւարտաճառը գրած է Եսայեանի վաղ շրջանի գրութիւններուն մասին եւ անոր գործերէն մէկ քանին թարգմանած է անգլերէնի, լայնօրէն օգտագործեց նկարներ, ինքնակենսագրական չթարգմանուած գործեր, անձնական նամակներ եւ յուշագրական նիւթեր:
Սուրճի դադարէն ետք, վերջին դասախօսն էր Ուսումնական Խորհուրդի տնօրէն դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, որ անդրադարձաւ քիչ ծանօթ անունի մը` պարուհի, դերասանուհի, գրագիտուհի ու թարգմանչուհի Արմէն Օհանեանի անսովոր կեանքին ու գործունէութեան` Կովկասէն մինչեւ Եւրոպա ու Ամերիկա: Դոկտ. Մատթէոսեան, որ Օհանեանի նուիրուած առաջին հայալեզու հատորին (2007) հեղինակակիցն է, իր շահեկան, պատկերազարդ ներկայացումը կազմած էր բազմալեզու աղբիւրներու օգտագործումով:
Երեք դասախօսներուն զեկոյցները շահեկան այլազանութիւն մը ներկայացուցին` հայ կնոջ տարբեր դերերու մասին, տարբեր ժամանակներու եւ վայրերու մէջ, եւ խորհրդածութեան արժանի բազմաթիւ կէտեր ընդգծեցին:
Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը (ANEC) Ազգ. Առաջնորդարանի եւ Հայ Օգնութեան Միութեան արեւելեան շրջանի միացեալ ծրագիր մըն է, որ Առաջնորդարանի իրաւասութեան տակ գտնուող շաբաթօրեայ եւ ամէնօրեայ դպրոցներուն ուղեցոյց եւ օժանդակութիւն կը մատուցէ: Ուս. Խորհուրդը նաեւ հրատարակութիւններ եւ զանազան դաստիարակչական ձեռնարկներ կը կազմակերպէ: Յաւելեալ տեղեկութիւններուն համար, այցելեցէ՛ք www.armenianprelacy.org/anec կայքէջը, նամակ գրեցէք Armenian National Education Committee, 138 E. 39th Street, New York, NY 10016 հասցէին, հեռաձայնեցէք (212) 689-7231/7810 թիւերուն կամ իմակ գրեցէք anec@armenianprelacy.org հասցէին: