ԵՐԵՒԱՆ.- Արմաւիրի “Բաղրամեան“ զօրանոցին մէջ տեղի ունեցող “Արձագանգ-2013“ ռազմավարական մարզումներով, Հայաստան վերատեսութեան եւ քննարկման ենթարկեց պետական եւ ռազմական կառավարման մարմիններու աշխատանքի ներդաշնակութեան մակարդակը:
“Պետութեան բարձրագոյն պաշտօնատար անձանց աշխատանքը ռազմաքաղաքական որոշումների կայացման ժամանակ“ նիւթով մարզումներուն ներկայ եղան Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, պետական կառավարման համակարգի եւ զինուած ուժերու բոլոր բարձրաստիճան պաշտօնեաները:
Ներկաները հետեւեցան հետախոյզներուն, յատուկ ջոկատայիններու ցուցադրական վարժանքներուն, որոնք փաստեցին Հայաստանի զինուած ուժերու մարտական պատրաստուածութեան բարձր մակարդակը: Կառավարութեան բոլոր անդամները տարբեր զինատեսակներով կարելիութիւն ունեցան ստուգելու իրենց կրակային պատրաստակամութեան աստիճանը, ծանօթացան վարժանքներուն ներկայացուած զինուորական սարքերուն եւ սպառազինութեան:
Կառավարութեան ներկայացուցիչները հետեւեցան զօրավարժութիւններուն ընթացքին:
Հոկտեմբեր 8-ին տեղի ունեցած կառավարութեան արտակարգ նիստին կառավարութեան անդամներ այս ռազմավարժութիւններուն վերաբերող առաջարկներ ներկայացուցին վարչապետին` հաւանական սպառնալիքներու չէզոքացման ու հանրապետութեան պաշտպանութեան նախապատրաստութեամբ ուղղուած քայլերուն վերաբերեալ: