ԵՐԵՒԱՆ.- Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, Սեպտեմբեր 24-27-ին, Մայր աթոռ Սուրբ Էջիմածինի մէջ գումարուած Եպիսկոպոսաց ժողովը ամփոփեց իր աշխատանքները: Եպիսկոպոսաց ժողովը արդիւնքներու ամփոփման հանգրուանին մտահոգութեամբ անդրադարձաւ նաեւ հայ ժողովուրդի ազգային, եկեղեցական կեանքէն ներս առկայ ընկերային, տնտեսական, ժողովրդագրական եւ տարաբնոյթ այլ մարտահրաւէրներուն ու դժուարութիւններուն: Նշեալ մարտահրաւէրներուն ու հիմնախնդիրներուն ընդառաջ, եպիսկոպոսաց դասը, ելնելով Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծառայական ոգիէն, օրհնութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի, որոշեց հաստատել հիմնադրամ` Հայաստանի ու Արցախի եւ սուրիահայութեան կարիքաւոր զաւակներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Հիմնադրամի գործունէութեան մեկնարկի համար հաստատուեցաւ երկու միլիոն տոլարի նախնական դրամագլուխ, իսկ հիմնադրամի ընթացիկ աշխատանքներու կազմակերպման համար ստեղծուեցաւ յատուկ յանձնախումբ: Ժողովի աւարտին եպիսկոպոսաց դասը գոհունակութեամբ արձանագրեց ժողովի արդիւնաւէտ ընթացքը եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին` Մայր Աթոռի մէջ եպիսկոպոսաց եղբայրական սիրով համախմբման հնարաւորութեան համար:
Բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք, եպիսկոպոսաց դասը քննարկեց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ սրբադասման աւանդութեան վերականգնման հարցը եւ այդ ծիրէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման խնդիրը: Այս առնչութեամբ Սրբադասման յանձնախումբի կատարած աշխատանքներու եւ ուսումնասիրութիւններու մասին զեկոյցներ ներկայացուեցան, ապա Եպիսկոպոսաց ժողովը որոշեց.-
1/ Որդեգրել Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակների հաւաքական սրբադասման սկզբունքը:
2/ Յանձնարարել Սրբադասման յանձնախումբին` շարունակել նահատակներու անհատական եւ խմբային սրբադասման ուսումնասիրութիւնը:
3/ Յանձնարարել Սրբադասման յանձնախումբին մշակել սրբադասման կանոնակարգը եւ արարողակարգը` Եպիսկոպոսաց առաջիկայ ժողովին ներկայացնելու համար:
Յաջորդ օրերու ընթացքին Եպիսկոպոսաց ժողովի մասնակիցները քննութեան առին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաջին երկու խորհուրդներու` Ս. Մկրտութեան եւ Դրոշմի առնչութեամբ Ծիսական յանձնախումբի կողմէ կատարուած աշխատանքները: Զեկոյցներ ներկայացուցին յանձնախմբի անդամները, ապա քննարկումներէն ետք ժողովը ընդունեց Ս. Մկրտութեան եւ Դրոշմի խորհուրդներու միօրինակ բնագիր: Քննարկման նիւթ դարձան Ս. Մկրտութեան խորհուրդի հետ առնչուած հարցերու ուղեցոյցը եւ Ս. Մկրտութեան խորհուրդի խրատական-ուսուցողական ձեռնարկը, որոնց առնչութեամբ Ծիսական յանձախումբին յանձնարարուեցաւ շարունակել լրամշակման աշխատանքները: Կարեւորութեամբ քննարկուեց նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական լեզուի խնդիրը եւ այլ հարցեր, որոնց վերաբերեալ անհրաժեշտութիւն կար յաւելեալ ուսումնասիրութիւններու: Յաջորդ օրակարգը Հայ Եկեղեցւոյ այժմէական մարտահրաւէրներն էր: Այս մասին զեկոյցներ տրուեցան, ապա քննարկելով ներկայացուած մարտահրաւէրները, որոնք կը վերաբերէին Եկեղեցւոյ ծիսական, քարոզչական կեանքին եւ կրթա-դաստիարակչական ու ընկերային առաքելութեան, հայապահպանութեան խնդիրներու` ժողովականները որոշեցին անոնք առաջնահերթութեան սկզբունքով համապարփակ քննութեան առարկայ դարձնել յառաջիկայ ժողովին: