ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ՅԱՃԱԽԱԿԻ ԵՒ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՄԻՋԱԴԷՊԵՐ

0 0
Read Time:1 Minute, 36 Second

TOPSHOTS Armenian soldiers of the self-p

Կիզիչ արեւն ու ամառնային շոգը, միշտ ալ երկար շաբաթներու վրայ արձակուրդ պարտադրած են Կովկասեան բարձրաւանդակի տարածաշրջանէն ներս: Նոյնիսկ քաղաքականութիւնը Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն կը թմրի եւ հոն ալ դռները կը փակուին, սպասելով վերամուտին:

Սակայն, այս գոյավիճակը փոխուած կը թուի ըլլալ յատկապէս Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններէն ներս:

Միշտ ալ Ատրպէյճանի սահմանային շրջաններէն ներս է, որ խախտումներ եւ միջադէպեր կը կատարուէին, սակայն Յուլիս 31-ին, համեմատաբար աւելի հանդարտ նկատուող Արեւմտեան սահմանն ալ…դուրս եկաւ ներազգային ու ներշրջանային “All Quiet on the Western Front“ (…Ամէն բան հանդարտ է արեւմտեան ճակատին վրայ) հասկացողութենէն: Արդարեւ, Յուլիսի վերջին օրուայ գիշերուան ժամերուն, հայ-թրքական սահմանին վրայ տեղի ունեցաւ բաւական լուրջ միջադէպ մը, որ աւարտեցաւ արիւնահոսութեամբ:

Զոհը` թուրք  հովիւ մը, որուն արածող անասունները մուտք գործած էին հայկական հողեր եւ տեղւոյն սահմանապահ զինուորները, կրակելով փոխադարձած էին եւ այս միջադէպին արդիւնք, սպանուած էր հովիւը:

Այս միջադէպը բաւական մը մելան հոսեցուցած էր եւ գործի լծած Անգարան, որ Արտաքին Գործոց նախարարութեան խողովակով, պաշտօնական բողոք մը յղած էր Արեւելքի իր դրացի “թշնամի“ին, դատապարտելով հայրենի սահմանապահ ուժերուն արագ եւ մահացու միջամտութիւնն ու կարճ ու կտրուկ պատասխանը, առանց դէպքին ետին գտնուող դրդապատճառները  ներկայացնելու…մանաւանդ որ, ռուս զինուորներ նախքան պատահածը, զգուշացուցած էին սպանուած հովիւն ու այլ գործընկերներ, թէ անոնք մօտեցած էին Հայաստանեան հողաշերտ :

Այս դէպքը հազիւ պատահած, քանի մը օր ետք, այս անգամ արեւելեան շրջանի դիւրաբեկ զինադադարն է որ խախտեցաւ եւ ազերի բանակը, որ ճակատի գիծին մօտ, քանի մը օրուայ տեւողութեամբ, թէ՛ օդուժին եւ թէ՛ ցամաքային ուժերուն մասնակցութեամբ, լայնածաւալ ռազմափորձերու սկսած էր, յարձակումներու ձեռնարկելով, պատճառ դարձաւ որ չորս հայ զինուորներ վիրաւորուին եւ աւելին հայրենի բանակի անդամ մըն ալ գերեվարուի:

Բնականաբար, հայրենի ուժերը անպատասխան չմնացին եւ ձեռնարկեցին հակադարձ գործողութիւններու, որոնց արդիւնք հինգ ազերի բանակայիններ սպաննուեցան:

Երկու սահմաններուն վրայ կատարուած դէպքերը,կը փաստեն թէ Ատրպէյճանէն աւելի Թուրքիան է որ, իր ներքին հարցերու խառնիճաղանչ կացութենէն դուրս գալու համար, կ՛ուզէ ամէն գնով շեշտել երկրի պաշտպանութիւնն ու տարածաշրջանի կայունութիւնը, փոխարէն նախազգուշական խօսք ուղղելով, գայլի աւետարան կարդալով եւ Հայաստանին կոչ ուղղելով, խելամտութիւն ցուցաբերել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու գործընթացին մէջ:

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Պոսթըն

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles