ՃԷՅՄՍ ՈՒՈՐ­ԼԻՔ` ՄԻՆՍ­ՔԻ ԽՈՒՄ­ԲԻ ՆՈՐ ՀԱ­ՄԱ­ՆԱ­ԽԱ­ԳԱՀ

0 0
Read Time:4 Minute, 7 Second

p1 b  ՈՒԱ­ՇԻՆԿ­ԹԸՆ.- ԵԱՀԿ-ի Մինս­քի խում­բէն ներս, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու նոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչն է Պուլ­կար­իոյ մօտ նախ­կին դես­պան` Ճէյմս Ուոր­լի­քը:

Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րին 57-ամ­եայ դիւա­նա­գէ­տին այս պաշ­տօ­նին նշա­նա­կե­լու մա­սին յայ­տա­րա­րու­թեամբ հան­դէս եկաւ, հե­տեւ­եալ խօս­քե­րով: “Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն հա­ւա­տա­րիմ մնալ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի խնդրի խա­ղաղ եւ յա­րա­տեւ լուծ­ման հա­մար կող­մե­րուն օժան­դա­կե­լու իր յանձ­նա­ռու­թեան վրայ: Յու­նիս 18-ին նա­խա­գահ­ներ Օպա­ման, Փու­թի­նը եւ Հո­լան­տը իրենց հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ար­դէն իսկ նշե­ցին, որ կող­մե­րը պէտք է նոր եռան­դով կեդ­րո­նա­նան դեռ եւս չլուծ­ուած խնդիր­նե­րու վրայ, ինչ­պէս նա­եւ սե­փա­կան ժո­ղո­վուրդ­նե­րը նա­խա­պատ­րաս­տեն խա­ղա­ղու­թեան, եւ ոչ թէ պա­տե­րազ­մի: Դես­պան Ուոր­լի­քին բնո­րոշեց փոր­ձա­ռու­թիւնը եւ առողջ դա­տե­լու կա­րո­ղու­թիւնը“,  նշեց Ճոն Քե­րի շեշ­տե­լով թէ Ուոր­լի­քը ամե­րիկ­եան դիւա­նա­գի­տա­կան հա­մա­կար­գի ամէ­նա­փոր­ձա­ռու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն է:

Ուոր­լիք, նա­խա­պէս Մոսկ­ուա­յի մէջ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու գլխա­ւոր հիւ­պա­տո­սի պաշ­տօ­նը ստանձ­նած է, նա­եւ քա­նի մը տա­րի աշ­խա­տած` Պերլի­նի ամե­րիկ­եան դես­պա­նա­տան մէջ: Ան պաշ­տօն­ներ վա­րած է նա­եւ Պաղ­տա­տի, Աֆ­ղա­նիս­տա­նի ու Փա­քիս­տա­նի հար­ցե­րու կա­պակ­ցու­թեամբ: 2010-էն ստանձ­նած է Պուլ­կար­իոյ մէջ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նի պաշ­տօ­նը:

Սթեն­ֆոր­տի եւ Թաֆթ հա­մալ­սա­րան­նե­րու իրա­ւա­բա­նա­կան ճիւ­ղի շրջա­նա­ւարտ` Ուոր­լիք ամե­րիկ­եան դիւա­նա­գի­տա­կան հա­մա­կար­գի ամե­նա­փոր­ձա­ռու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն կը նկատ­ուի: Ան այն եզա­կի ամե­րիկ­եան դես­պան­նե­րէն է, որու կի­նը եւս բարձ­րաս­տի­ճան դիւա­նա­գէտ է:

Այս առ­թիւ, Հայ Դա­տի Ուա­շինկ­թը­նի գրա­սեն­եա­կի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Արամ Համ­բար­եա­նը յայտ­նած է նո­րա­պաշ­տօն Ուոր­լի­քին առաջ­նորդ­ուիլ Պա­րաք Օպա­մա­յի` նա­խա­պէս տրուած խոս­տու­մի հի­մամբ:

“Մենք չենք կրնար աւե­լի օգ­տա­կար խոր­հուրդ­ներ տալ հա­մա­նա­խա­գահ Ուոր­լի­քի, որ նման կա­րե­ւոր պաշ­տօն կը ստանձ­նէ, քան այն խօս­քե­րը, զորս ըսած է մեր նա­խա­գա­հը, որ Սպի­տակ տուն մտած է` հրա­պա­րա­կաւ վստա­հեց­նե­լով հա­յե­րուն, թէ պի­տի աշ­խա­տի յօ­գուտ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պի խնդի­րի վստա­հե­լի ու եր­կա­րա­տեւ լուծ­ման` մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ու ինք­նո­րոշ­ման սկզբունք­նե­րուն“, եզ­րա­կա­ցուց Արամ Համ­բար­եան: Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Էլ­ման Ապ­տու­լա­յեւ, մեկ­նա­բա­նե­լով Ուոր­լի­քի նշա­նա­կու­մը, յոյս յայտ­նեց, որ Մինս­քի խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը Ար­ցա­խի տագ­նա­պի լուծ­ման իրենց ջան­քե­րը ամ­րապն­դեն եւ այդ ուղ­ղու­թեամբ աւե­լի վճռա­կան եւ պատ­շաճ մօ­տե­ցում մը ցու­ցա­բե­րեն: Ան նշեց, որ իւ­րա­քան­չիւր հա­մա­նա­խա­գա­հող եր­կիր իր մօ­տե­ցու­մը ու­նի եւ այդ մօ­տե­ցու­մը ան­փո­փոխ կը մնայ իբ­րեւ հա­մա­նա­խա­գահ գոր­ծող դիւա­նա­գէ­տին փո­փո­խու­թե­նէն ան­կախ: Բան­բե­րը աւել­ցուց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պը տա­կա­ւին չէ լուծ­ուած Հա­յաս­տա­նի ապա­կա­ռու­ցո­ղա­կան կեց­ուած­քին պատ­ճա­ռով, եւ Ատր­պէյ­ճան մտա­հոգ է, որ ատոր նկատ­մամբ մի­ջազ­գա­յին հա­մայն­քին կող­մէ պատ­շաճ հա­կազ­դե­ցու­թիւն մը չկայ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles