ԹԵՀՐԱՆ.- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Օգոստոս 4-ին Իրանի նորընտիր նախագահ շէյխ Հասան Ռուհանիի երդման արարողութեան մասնակցեցաւ: Այս գծով, Հայաստանի նախագահին պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ հանդիպման սկիզբը Ռուհանի շնորհակալութիւն յայտնեց Սարգսեանին հրաւէրը ընդունելու եւ իր երդմնակալութեան արարողութեան մասնակցելու համար:
Երդման արարողութեան, Հայաստանի նախագահի նկատմամբ յատուկ վերաբերմունք ցուցաբերուած էր: Իրանի նորընտիր նախագահի ձախին նստած էր նախկին նախագահ Աքպար Հաշեմի Ռաֆսանժանին, իսկ աջին` այլ բարձրաստիճան հոգեւորական մը, որուն կողքին Աֆղանիստանի նախագահ Համիտ Քարզայ, իսկ անոր կողքին` նախագահ Սարգսեանը: Այսպէս, ան օտար հիւրերու շարքին երկրորդ դիրքը գրաւած էր: Երդման արարողութեան ներկայ էին 11 նախագահներ, 6 խորհրդարանի նախագահներ, 2 վարչապետներ եւ 11 արտաքին գործոց նախարարներ:
Առաջին անգամն էր, որ Իրանի նախագահի մը երդման արարողութեան նման հրաւէրներ կ՛ուղղարկուէին: Նախագահներ Մոհամէտ Խաթեմիի եւ Մահմուտ Ահմատինեժատի երդման արարողութիւններուն օրինակէն շեղող այդ քայլին նպատակը` հակառակ միջազգային պատժամիջոցներուն Իրանի միջազգային քաղաքական լաւ կապեր ունենալն ու մեկուսացած չըլլալը ցոյց տալն էր, ինչպէս նաեւ ուրիշներուն բացուելու եւ երկխօսութիւն ծաւալելու քաղաքականութիւն մը վարելու նորընտիր նախագահին յանձնառութեան արտայայտութիւնը:
Թուրքիան ներկայացուած էր միայն Արտաքին Գործոց նախարար` Ահմետ Տաւութօղլուով: Նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի արարողութենէն բացակայութիւնը` Սուրիոյ եւ Իրաքի հարցերով երկու երկիրներուն լարուած յարաբերութեան ակներեւ ցուցանիշն էր: Թրքական իշխանութիւնները հաւանաբար նաեւ չուզեցին նեղացնել Արեւմուտքը:
Ատրպէյճանի ներկայացուցիչն էր խորհրդարանի նախագահ Օքթայ Ասատով: Հոս ալ յիշատակելի է նախագահ Իլհամ Ալիեւի բացակայութիւնը:
Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Իրանի նորընտիր նախագահին հետ եւ անգամ մը եւս շնորհաւորեց իրանցի իր գործընկերը եւ մաղթեց բեղմնաւոր աշխատանք ու յաջողութիւն այդ բարձր եւ պատասխանատու պաշտօնին համար: Այդ առիթով ալ կայացաւ միջնախագահական հանդիպում: Հետեւելով լրատուութիւններուն` երկու երկիրներու նախագահները հանդիպման ընթացքին քննարկեցին երկու կողմերու յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:
Զրուցակիցները ընդգծեցին, որ հայ-իրանական համագործակցութեան օրակարգը բաւական հարուստ է եւ կը վկայէ շարք մը մեծ նախագիծերու իրականացման մասին:
Նախագահները անդրադարձան նաեւ շրջանային խնդիրներուն, մասնաւորաբար` Արցախի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթի ներկայ վիճակին: Այս գծով, կարեւոր է Իրանի կեցուացքը, մանաւանդ որ, տարածաշրջանին եւ յատկապէս Հարաւային Կովկասի մէջ Իրանը զսպիչ գործօնի դեր վերցուցած է Թուրքիոյ ազդեցութեան գօտիի տարածման յարձակողական քաղաքականութեան մէջ:
Նաեւ, նախագահները յիշեցին ազգային ապահովութեան խորհուրդներու քարտուղարներու մակարդակով իրենց հանդիպումները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին նոյն ոգիով աշխատելու հայ-իրանական համագործակցութեան խորացման ուղղութեամբ:
Գոհունակութիւն յայտնելով երկու երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած աւանդական դարաւոր բարեկամութեան վրայ հիմնուած համագործակցութեան բարձր մակարդակին համար` երկու նախագահները ընդգծեցին այդ համագործակցութիւնը նոր` աւելի բարձր հանգրուանի հասցնելու անհրաժեշտութիւնը: