ՃՈՐՃ ԱՂՃԱՅԵԱՆ
(Թարգմանեց՝ Ն. Պարսումեան)
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու հրապարակումը արդէն իսկ մատնուած է թէ դրական եւ թէ ժխտական քննադատութիւններու զանազան աղբիւրներու կողմէ: Դժբախտաբար, արձանագրութիւններու սկզբնական քննադատումները մակերեսային ակնարկներու արդիւնքն են:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի եւ Գանատայի հրապարակած հաղորդագրութիւնը ապշեցուցիչ է: Այնպէս կը թուի, որ Ռ.Ա.Կ. գոհացած է դիւանագիտական յարաբերութիւններու յայտարարութիւնով եւ տակաւին չպարզուած հարցերու նկատմամբ »յանձնարարութիւններու բանաձեւման« խոստումը բաւարար է »Հայաստանի քաղաքական յաղթանակ« մը ապահովելու: Ալելուիա… հիմա կրնանք հաւատալ որ »վերջապէս Թուրքիան հասկցած է որ քաղաքակրթուած աշխարհէն ներս բարեկամական կապերը երկու երկիրներուն ի նպաստ են«: Այսպիսի խօսքեր մտածել կու տան թէ Ռ.Ա.Կ.-ի պատասխանատուները իսկապէս կարդացա՞ծ են արձանագրութիւնները:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի պատասխանը աւելի զգոյշ եւ քննադատական էր: Հ.Յ.Դ.ն կը պնդէ թէ արձանագրուած նախագիծերը »Հայկական Ցեղասպանութեան ճշմարտախօսութիւնը հարցման տակ կը դնեն« եւ, առանց բացայայտօրէն պահանջելու, Թուրքիան կը շարունակէ Արցախի՝ Ատրպէյճանի վերադարձը պայմաններէն մէկը սեպել:
Հաւանական է որ ամիսներ տեւող բանակցութիւններու ընթացքին, երբ նախագիծերու բառապաշարը որոշուեցաւ, թէ° Թուրքիոյ եւ թէ° Հայաստանի կողմէ կարգ մը բառերու մերժումն ու վերջնական ձեւաւորումը տեղի ունեցաւ: Ուրեմն, երբ վերջնական վաւերագիրը լոյս ընծայուի, եւ երկու երկիրներու համաձայնութեամբ ներփակ կէտերը հրապարակուին, որոշ դիտակի տակ, կը փաստուի նաեւ իւրաքանչիւր երկրի դիւանագիտական ազդեցութիւնը:
Այդ լոյսին տակ, պարզապէս պէտք է հարցադրել թէ իւրաքանչիւր երկրի շահը, եւ ապա կորուստը ի՞նչ է: Արձանագրութիւններուն կարգ մը կէտերը այնպիսի բնոյթ ունին, որ իրենց ներառման պատճառները անհասկնալի են: Օրինակի համար, ի՞նչ հարկ կայ »ամէն ձեւի ահաբեկչութիւնները, բռնութիւններն ու ծայրայեղութիւնը դատապարտելու«: Ո՞ր մէկ երկիրը պահանջեց որ այդ ներփակուի, եւ ի՞նչ նպատակով: Ես կը կասկածիմ որ այդ Թուրքիոյ պահանջն էր, եւ իրենց զէնք պիտի դառնայ Արցախի պայքարի նկատմամբ: Իրականութիւնները մէկդի դրած, փաստուած է որ թէ° Թուրքիան եւ թէ° Ատրպէյճանը Արցախի հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը կը ներկայացնեն իբր ահաբեկչութիւն: Շրջանի քարիւղատարերու ապահովութիւնը, այլ ակներեւ նպատակակէտ մըն է:
Վերստին, արձանագրութիւնները հայկական ակնոցով քննելու համար, պէտք է որ իւրաքանչիւր յայտարարութիւն, իր ամենափոքր մասնիկէն սկսեալ քննարկութեան ենթարկել, մասնաւոր ուշադրութիւն դարձնելով Թուրքիոյ հաւանական պատճառաբանութիւններուն, որ սերմանուած են արձանագրութիւններուն մէջ եւ պիտի թոյլատրեն՝ նոյնինքն Թուրքիան, որպէսզի հեռու մնայ իր խոստումներէն: Ճիշտ ի՞նչ են այդ խոստումները ( այսինքն՝ Թուրքիան ի՞նչ զիջումներ ըրած է): Արձանագրութիւններու վերաքննում մը ցոյց կու տայ թէ միայն մէ°կ կէտ մը կայ, որ կրնայ ի նպաստ Հայաստանի ըլլալ կամ Հայաստանի փափաքն է… այդ ալ սահմաններու բացումն է եւ անոր արդիւնք՝ առեւտուրը:
Հարցը այն է, որ սահմաններու բացումն ու փակումը հեշտօրէն եւ անմիջապէս կրնան կատարուիլ: Արդարեւ, եթէ Հայաստանի որեւէ մէկ փոքր շարժումը՝ սոյն արձանագրութիւններուն ի վնաս նկատուի… սահմանները անմիջական փակման վտանգի կÿենթարկուին: Այսպէս Թուրքիոյ ակնոցով, աւելի նպաստաւոր է որ Հայաստանը միջ-սահմանային առեւտուրի գերի դառնայ:
Դժբախտաբար, Հայաստանը իր զիջումներուն դժուար թէ վերատիրանայ: Օրինակի համար, Հայաստան շարունակաբար կը հաստատէ ներկայիս սահմաններու արդարացիութիւնը, եւ պատմագիտական յանձնախումբի մը կազմութիւնը:
Պատմագիտական յանձնախումբի անորոշ նպատակակէտերը երբե°ք չեն ոգեւորեր- »խօսակցութիւն մը սկսիլ վերահաստատելու համար փոխադարձ վստահութիւն«… Առաւել, »գիտական անկողմնակի քննութեան« խոստումը երաշխաւորուած չէ: Անշուշտ չյիշուած »գոյատեւող խնդիրը« Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումն է, եւ ինչպէս շատեր մատնանշած են, այդ արդէն միջազգայինօրէն ընդունուած է:
Վերջապէս,»հաստատելով իրենց յանձնառութիւնը ձեռնպահ մնալ բարիդրացիական յարաբերութիւնների ոգուն չհամապատասխանող քաղաքականութիւն վարելուց« պէտք է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման լոյսին տակ քննուի: Կամ Թուրքիան պիտի պնդէ որ միջազգային սրահի մէջ թափուած ամէն ճիգ հայկական ցեղասպանութեան նկատմամբ »բարիդրացիական յարաբերութիւնների” ընդդէմ ընթացք մըն է, եւ կամ, ինչ որ աւելի յարմար է, Հայաստանը պէտք է պահանջէ, որ Թուրքիան ցեղասպանութեան ուրացման ամէն ճիգերու վերջակէտ մը դնէ, քանի որ ճանչցուած ցեղասպանութեան մը ուրացումը կը նուաստացնէ հայերը եւ կը վտանգէ Հայաստանը:
Յստակօրէն, Ռ.Ա.Կ.ի հաղորդագրութեան ի պատասխան, սոյն նախագիծերը աղէտ մըն են Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան համար: