Ժամանակը կը զուգադիպի Հայաստանի անկախութեան վերականգման 18-ամեակին (Սեպտեմբեր 21, 1991)…
Սակայն Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2009-ին, Հ.Ե.Դ.-ի կազմակերպած հաւաք-ցոյցը, բոլորովին տարբեր բնոյթ եւ նպատակ ունի:
Արդարեւ, այդ օր, մեր՝ բոլոր ամերիկահայերուս ժամադրավայրը պիտի ըլլայ Նիւ Եորքի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան՝ Հայաստանի հանրապետութեան ներկայացչատան մօտ, ուր կէսօրուան ժամը 12:00-ին, ազդանշանը պիտի տրուի երեք ժամ տեւողութիւն ունեցող այդ հաւաքին:
Ի գին արդարութեան հաւաք մը, որուն նպատակն է պայքարիլ ազգային-պետական շահերը հարուածող– եւ առանց նախապայմաններու, հայ-թրքական յարաբերութիւնններու բնականոնացման– որոշումին դէմ:
Հաւաք մը, որուն միտք բանին է ահազանգել, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը անվտանգութեան երաշխիքի հարց է եւ թէ բարի դրացիութեան յարաբերութիւն կարելի է հաստատել միա°յն ու միա°յն նոյն այդ Եղեռնի պատշաճ ճանաչումէն ետք:
Հաւաք մը, որ պիտի պարզաբանէ թէ ճամբու քարտէսի մը մութ ծալքերը որքա¯ն լեցուն են խոտոր անակնկալներով, որ նոյնիսկ կը ցնցէ «Մենք եւ Մեր Լեռներ»ը՝ Արցախն ու Արցախահայութիւնը:
Հաւաք մը, որ պիտի մերկացնէ Անգարայի լոպիինկի հետեւողական աշխատանքը, դիւանագիտական ճնշումներն ու որդեգրուած քաղաքականութեան իսկական նպատակը՝ բազմամակարդակ եւ ամբողջական առճակատում մը:
Հաւաք մը, որ անգամ մը եւս պիտի փաստէ, թէ կատարուածը Թուրքիոյ կիրարկած իւրայատուկ ոճն է , որ կը միտի հասնիլ Եւրոպայի Միութեան լիիրաւ անդամակցութեան եւ շարունակել Եղեռնի մոռացման քաղաքականութիւնը:
Հաւաք մը որ իր տարողութեամբ պիտի ցուցադրէ թէ կատարուած անցուդարձերը առաջնահերթ են եւ ո°չ թէ միայն կը մտահոգեն հայորդին, այլ լուրջ հարցադրումներու առջեւ կը դնեն Հայաստանի ներկայ արտաքին քաղաքականութիւնը:
Եւ Վերջապէս հաւաք՝ որուն նմանօրինակները կը կատարուին Սփիւռքի զանազան գաղութներու եւ Հայաստանի մէջ, մասնակցութեամբ բազմաթիւ կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ կուսակցութիւններու, որոնք իրենց կարգին կը հետեւին Հ.Յ. Դաշնակցութեան օրինակին: