ՊԻՏԻ ԿԱՍԵՑՆԵ’ՆՔ…

0 0
Read Time:5 Minute, 8 Second

Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրք­իոյ մի­ջեւ դիւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց հաս­տատ­ման ու բա­րի դրաց­նու­թեան զար­գաց­ման մա­սին Օգոս­տոս 31-ի տխրահռ­չակ յայ­տա­րա­րու­թիւնը« հայ­կա­կան ու մի­ջազ­գա­յին որոշ շրջա­նակ­նե­րու մէջ« գտաւ այն ար­ձա­գանգ­նե­րը« որոնց պէտք էր սպա­սել բնա­կա­նա­բար:

Մի­ջազ­գա­յին բե­մին վրայ« ծա­փա­հա­րող­նե­րը բազ­մա­թիւ էին. Ուա­շինկ­թը­նէն ու եւր­ոպա­կան կարգ մը ոս­տան­նե­րէ բարձ­րա­ցան ող­ջոյ­նի ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ« որոնք »աւե­տե­ցին« որ հա­յերն ու թուր­քե­րը հա­սած են պատ­մա­կան ցարդ ան­կամր­ջե­լի մնա­ցող հան­գոյց­նե­րու լուծ­ման սե­մին« ու մատ­նան­շե­ցին« թէ նման քայլ պի­տի նպաս­տէ… եւ­րո­պա­կան ըն­տա­նի­քին Թուրք­իոյ ան­դա­մակ­ցու­թեան քայ­լե­րուն արա­գաց­ման: Սա ար­դէն եր­կար մեկ­նա­բա­նու­թեան չի կա­րօ­տիր…

Նման ար­ձա­գանգ­ներ լսե­լը կա­րե­ւոր է« սա­կայն մեր ակ­նարկ­նե­րը բե­ւեռ­ուած են այ­լուր« որով­հե­տեւ հայ­կա­կան ճա­կա­տին վրայ« պատ­կե­րը բո­լո­րո­վին տար­բեր է ու խո­րա­պէս մտա­հո­գիչ« իրա­կա­նու­թեան հետ ուղ­ղա­կի հա­ղորդ« հե­ռու՝ երա­զա­յին ցան­կու­թիւն­նե­րէ:

Կու­սակ­ցա­կան թէ ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան այլ շրջա­նակ­ներ ահա­զանգ հնչե­ցու­ցին ար­դա­րօ­րէն« որով­հե­տեւ« բա­ցի դիւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց վե­րա­հաս­տատ­ման մա­սին դրա­կան թուա­ցող կէ­տէն« Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւնը ոչինչ ու­նին շա­հե­լիք՝ նման հա­մա­ձայ­նու­թե­նէ« այլ ընդ­հա­կա­ռակն« ի յայտ կու գայ« թէ քա­նի մը շաբթ­ուան մէջ« Հա­յաս­տա­նի° իսկ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն իրո­ղա­կան մեղ­սակ­ցու­թեամբ« կը գտնուինք Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը« Արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նի հո­ղե­րուն մեր իրա­ւա­տի­րու­թիւնը ու մին­չեւ իսկ Ար­ցա­խի տա­րած­քը մի­աս­նա­բար նոյն դա­գա­ղին մէջ դնե­լու եւ գե­րեզ­մա­նե­լու «արա­րո­ղու­թեան» սե­մին:

Ո°չ. ան­կա­րե­լի է: Ըն­դու­նե­լի չէ« որ Թուրք­իա« իր լա­րա­խա­ղա­ցու­թիւն­նե­րով ու դրժում­նե­րով« մեզ դարձ­եալ դնէ ան­դառ­նա­լի պարտ­եա­լի կա­ցու­թեան մէջ:

Հա­յու­թիւնը ար­դէն շարժ­ման մէջ է: Երե­ւա­նի մէջ անց­եալ շա­բաթ սկիզբ առած ցու­ցա­կան շար­ժու­մին՝ իրենց ձայ­նը պի­տի մի­աց­նեն Հա­յաս­տա­նի ու Ար­տերկ­րի բո­լոր զա­ւակ­նե­րը« յա­րան­ուա­նա­կան ու  գա­ղա­փա­րա­կան ի°նչ դրօ­շի ալ տակ գտնուին անոնք: Հա­յաս­տանն ու Սփիւռ­քը պի­տի դառ­նան մի­աց­եալ բռունցք« պի­տի մի­աց­նեն իրենց ձայ­նե­րը« յայ­տա­րա­րե­լու՝ թէ 1915ը կան­խած ու անոր յա­ջոր­դած տաս­նամ­եակ­նե­րուն« Թուրք­իոյ պե­տու­թեան կող­մէ իրա­գործ­ուած սպանդ­ներն ու բռնագ­րա­ւում­նե­րը« ցայ­սօր շա­րու­նա­կուող ու­րա­ցումն ու մեր մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեանց կո­րուստ­ր սա­կար­կե­լի չեն:

Պի­տի թօ­թա­փենք «մենք ի՞նչ կրնանք ընել»ի կրա­ւո­րա­կա­նու­թիւնը ու պի­տի կանգ­նինգ նոյն պատ­նէ­շին վրայ: Որով­հե­տեւ՝ Հա­յաս­տա­նէն մին­չեւ մօ­տա­կայ ու հե­ռա­ւոր ափեր« Հայ ժո­ղո­վուր­դը մի­աս­նա­կան է եղած« ու այ­սօ°ր ալ մի­ա­ձայն է մեր ար­դար պա­հանջ­նե­րուն տի­րու­թեան մէջ: Այս խրա­մա­տին մէջ« չկան արե­ւե­լա­հա­յու« արեւմ­տա­հա­յու« ներ­քին կամ ար­տա­քին սփիւռքցիի տար­բե­րու­թիւն« պի­տի չըլ­լա°յ մի­աս­նու­թեան ջլա­տում« շար­քե­րու թու­լա­ցում ու տարտղ­նում: Հա­յու­թեան մի­աս­նու­թիւնը պի­տի յաղ­թա­հա­րէ նա­եւ այ°ս մար­տահ­րա­ւէ­րը« նե­րուժ ստա­նա­լով ար­դա­րու­թեան ու իրա­ւուն­քի փա­րո­սէն:

Մի­ա°ս­նա­բար« ազ­գո­վի°ն պի­տի կա­սեց­նենք այս վտան­գա­ւոր ըն­թաց­քը: Պի­տի ըսենք Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն« որ կանգ­նին ողջ հա­յու­թեան՝ երէ­կի« այ­սօր­ուան ու վաղ­ուան հա­յու­թեան բո­լո°ր իրա­ւունք­նե­րուն պաշտ­պա­նի դիր­քին վրայ« ցե­ղաս­պան ու բռնագ­րա­ւող պե­տու­թեան չըն­ծա­յեն ան­փո­խա­դարձ պար­գեւ­ներ: Անոնց­մէ պի­տի պա­հան­ջենք« որ չստո­րագ­րեն պարտ­ուո­ղա­կան ու ան­դար­մա­նե­լի հա­մա­ձայ­նա­գիր­ներ: Պի­տի ըսենք անոնց« թէ  պէտք չու­նին հա­մա­ձայ­նա­գի­րը Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րան հասց­նե­լու հանգր­ուա­նին« որով­հե­տեւ Հայ ժո­ղո­վուր­դը« իր բո­լոր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րով« կրօ­նա­կան ու մշա­կու­թա­յին մի­ա­ւոր­նե­րով« իր գրող-մտա­ւո­րա­կան­նե­րով« գի­տու­թեանց ծա­ռա­յող­նե­րով ու ար­ուես­տա­գէտ­նե­րով« մէկ խօս­քով՝ հա­յու­թիւնը բաղ­կաց­նող բո­լոր տար­րե­րով այ­սօ°ր իսկ կը մեր­ժէ անար­դա­րու­թեան նուի­րա­կա­նա­ցու­մը:

Այո°« պի­տի կա­սեց­նենք պատ­րուո­ղա­կան ըն­թաց­քը:

Ս. ՄԱՀ­ՍԷ­ՐԷՃ­ԵԱՆ

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles