ՊՈՍԹԸՆ.- ՌՈՒԲԷՆ ՀԱԽՎԵՐՏԵԱՆ ՄՈՌՆԱԼՈՎ ԻՐ … “ՀԻ~Ն ԸՆԿԵՐԸ“, ԵՐԳԵՑ ԻՐ ՆՈԲՐ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

0 0
Read Time:2 Minute, 8 Second

hakhverdian3

 

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

Պոսթընահայ կեանքէն ներս աննախընթաց համերգ մըն է որ կազմակերպեց քաղաքի նորակազմ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը: Արդարեւ, Յունիս 22, 2013, Շաբաթ օր երեկոյեան, Պելմոնթի Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ սրահը լեցուն էր հայորդիներով, որոնք եկած էին հաղորդուիլ հայրենի ցաւերը երգող, հայու հոգիին ու սրտին ա՛յնքան խօսող երգերը Ռուբէն Հախվերտեանին:  Եկած էր ան մասնաւորաբար հրաւէրովը Թ.Մ.Մ.-ի:  Այդ երեկոյ, 250է աւելի երկրպագուներ, օրեր առաջ արդէն ապահոված էին իրենց տոմսերը … կարելի էր նոյնիսկ կրկնապատիկ մեծութեամբ սրահ մը ամբողջ լեցնել, բոլոր փափաքողներուն յագուրդ տալու միտումով:

Թէքէեանի նորանշանակ տնօրէնուհին Պայծիկ Գալայճեան հաստատակամ շեշտով յայտարարեց, թէ նորակազմ մասնաճիւղը երկա~ր բացակայութենէ ետք կը վերադառնայ իր համայնքին աւելի ինքնավստահ, շարունակել ծառայելու հայ մշակոյթին եւ վերահաստատելու ամուր կապերը մեր հայրենիքի մշակութային կեանքին հետ: Թէքէեանը տասնամեակներէ ի վեր եղած է օրինակ ամէն արուեստի որակի, մակարդակի:  “Մեր անցեալի փառքովն է որ կը վերադառնանք աւելի ուժեղացած, բոլորուած մեր հին ընկերներով, երբեմնի բարեկամներով ու հաւատաւոր թէքէեանականներով:“hakhverdian2

Ի յառաջագունէ կը շնորհաւորենք այս ձեռնարկը կազմակերպող այն հաւատաւոր տղոց` Տէր եւ Տիկին Վաչէ եւ Մարալ Տէր Թորոսեաններուն, Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Սիլվա Անդրէասեաններուն, Մարինէ Գաւլաքեանը եւ Տիկին Սօսի Եողուրդճեանը:  Հիւրաբար  ներկայ էր մաէսթրօ Կոնստանդին Պետրոսեանը:

Հախվերդեան, ընկերակցութեամբ երգահան Գեղամի Մարգարեանի եւ Արտիոմ Մանուկեանի, մօտ երեք ժամեր հրամցուց իր յայտագիրը:  Իւրաքանչիւր երգէ առաջ տալով տուեալ երգին յօրինման տուն տուող պատճառները:  Ինք, որ մասնակից էր դարձած Ղարաբաղեան շարժումին իր ընկերներու կողքին, ինք որ տեսած էր Երկրաշարժի աղէտն ու անոր յաջորդող ցուրտ ու մութ գիշերները Երեւանի, ինք որ ունէր իր քաղաքական արեւելումներն ու հայրենասիրական  խորունկ զգացումներով առլեցուն, իԲնք որ երբեմն չի բաժնէր իշխանութեան եկող սա կամ նա սակաւապէտն ու շատ անգամ հայրենիքը տնտեսապէս քամել ուզող վաշխառուները, ու դեռ ինք, ինք, ինք … որ կը յուզուի մեր ձախողութիւններով, մեր անմիաբանութեամբ … ան երգեց բոլոր այս թեմաներուն վրայ:

 

hakhverdianԺողովուրդին երգիչը, ի վերջոյ, երգելու է մեր ցաւերը:  Այդ է որ ան ըրաւ:

Այլեւս իր քաղաքական հասունութեամբ ան սկսած է ալ տեսնել Սփիւռքը իր խաւերով, իր քաղաքական շարժումներով, որուն համար ուրախ էին մեզմէ շատեր, որովհետեւ, Սփիւռքը միատեսակ չէ, ունի իր շերտաւորումները, գուցէ ան կը տեսնէր միայն մէկը … Եւ այդ երեկոյ ան երգեց իր նո~ր գտած ընկերներուն համար: Վստահ եմ, որ ան գիտցաւ թէ այդ նոր ընկերները, իրականութեան մէջ Հայաստանի իր հի~ն ընկերներն էին, որոնք վառ պահեցին հայրենասիրութիւնը, որոնք տասնամեակներ շարունակ դարձան իրաւ կամուրջը մեր ժողովուրդի այդ երկու հատուածներուն:  Գիտցաւ, որ այս նոր ընկերները եղած էին սրտակից բարեկամը իր պատուական հօր, գրականագէտ Լեւոն Հախվերտեանին, որ եկած էր արտասահման հրաւէրովը Թէքէեան Մշակութային Միութեան:

… Ու ան յուզուած ալ յիշեց հօրը` Լեւոն Հախվերտեանը, որպէսզի մենք վկայակոչէինք անոր, թէ Ռուբէնը ունի իր սիրողները եւ այդքան ալ “անբոյթ“ մէկը չէ, այլ ունի ըսելիք, երէկի, այսօրուան եւ վաղուան համար:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles