Նախքան Խորհրդային Միութեան փլուզումը, Հայոց Ցեղասպանութեան գծով կատարուած հակաքարոզչական յորձանքը կը կատարուէր Անգարայի լծակներով: Այսօր, աւելի քան քսան տարիէ ի վեր, Պաքուն ալ, իր քսակը շատ աւելի լայն բանալով, երազային գումարներ տրամադրելով, ամէնայն նենգամտութեամբ եւ հակաքարոզչական բոլոր կեղծիքները օգտագործելով միացած է արշաւին:
…Եւ այս մթնոլորտն ու կացութիւնը ստեղծուած է Լեմքինեան հասկացողութեամբ, բացատրութեամբ եւ բանաձեւութեամբ, անցեալ դարու առաջին ցեղասպանութեան` ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ հարիւրամեակի սեմին:
Մէկ կողմէն, փոխանակ “Ցեղասպանութիւն“ բառի գործածութիւնը…“1915-ի դէպքեր“ը հարցադրող, ծածկող ու մէկուսացնող, իսկ միւս կողմէն բոլորովին Արցախեան իրականութիւն մը զեղծելով եւ շինծու Խոճալուի ջարդ մը կեղծելով, թշնամի հակաքարոզչական մեքենան կայտառօրէն եւ…կատաղիօրէն կը գործէ:
Գործ ունինք կատարելիք…Գո՜րծ, եւ այդ ալ ամենայն զգօնութեամբ եւ զգուշութեամբ: Մարտահրաւէր եւ այդ ալ որքա՜ն կարեւոր ու առաջնահերթ:
Այսպէս, հայութիւնը պարտադրանքի տակ կը գտնուի պայքարը տարբեր ճակատներու վրայ մղելու: Այս գծով, յստակ է թէ ուժերը բոլորովին անհաւասար են, սակայն այս հակահայ յորձանքին դէմ, կազմ ու պատրաստ են անխտիր, Հայ Դատի ի նպաստ բոլոր կազմակերպութիւնները, որոնք քաջատեղեակ են թէ թշնամին կը շարունակէ իր ուրացման, մոռացութեան եւ “հարցը ծածկելու“ քաղաքականութիւնը:
Դեռ աւելին կայ շատ աւելի դժուար ու փշոտ ճամբան, որ բազմիցս կը մոռցուի կամ ալ դիտմամբ կ՛աղաւաղուի: Իրաւազրկուած հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին կողքին, նոյնքան առաջնահերթ կը նկատուի հողերու պահանջատիրութեան ու հատուցման հարցը:
Հաւանաբար տասնեակ մը տարի առաջ, երազային եւ “չքաստանային“ (utopic) նկատուէր թէ, Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող նիւթական եւ բարոյական հատուցումներէն անկախ` յաջորդ հանգրուանը պիտի ըլլար հողային պահանջատիրութեան խնդիրն ու վերաբնակեցնումը:
Սակայն, ցայսօր շատ բան փոխուած է եւ հետզհետէ արմատացած ու ծիլ ստացած` ՀՈՂին եւ ԱԶԳին հաւաքն ու միակամութիւնը:
Այս զարգացումներու լոյսին տակ, ակներեւ է, որ վերջերս, հետզհետէ աւելի կը նշուին Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշող ձեռնարկներ…Հո՛ն, Արեւմտահայաստան կոչեցեալ հողին վրայ: Տերսիմ, Տիգրանակերտ, Ատանա…հետզհետէ շարքը կը բազմանայ, հասնելով նոյնիսկ Պոլիս, ուր հետզհետէ բազմացած է այլախոհներու ալիքը: Այնքան մը, այլախոհ բառն ալ անյարիր է գործածելը, որ շատ աւելի ճիշտ պիտի ըլլայ ներկայացնել իբրեւ “արդարամիտներու ալիք“:
Այսպէս, ակն ընդ ական Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակին առթիւ, մէկ կողմէն պիտի սաստկանան հաւաքներն ու բողոքի ցոյցերը, միեւնոյն ժամանակ թշնամիին յարուցած հակաքարոզչական յորձանքը: