Լուսանկարներ` ՌՈՊԵՐԹ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆի
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ապրիլ 21-ին, անգամ մը եւս, Հայոց Ցեղասպանութեան 98-րդ տարեդարձը նշուեցաւ, քաղաքի սիրտն ու կեդրոնը հանդիսացող “Թայմզ“ հարապարակին վրայ:
Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յիշատակուեցան մէկ ու կէս միլիոն նահատակ հայերու եւ Պոսթընի մէջ վերջերս զոհ գացած քաղաքացիներու յիշատակին, որմէ ետք բացման աղօթքը կատարեց Արեւելեան Ամերիկայի Կիլիկեան Թեմի առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեան:
Վերապրող երեք հայուհիներ` Փերուզ Գալուստեան (104 տարեկան), Ազնիւ Գալուստեան (103 տարեկան) եւ Շարլոթ Քեչիճեան (101 տարեկան) ժամանած էին Նիւ Եորքի հայկական ծերանոցէն: Անոնք դիմաւորուեցան յոտընկայս ծափողջոյններով:
Օրուան հանդիսավարներ էին Հարաւային Քընեթիքըթ նահանգային համալսարանի նախագահ Դոկտ. Մէյրի Փափազեան եւ փաստաբան Արմէն ՄքՕմպըր, որոնք ամէնայն հմտութեամբ վարեցին հանդիսութիւնը:
Պոսթընէն հրաւիրուած էր Մասաչուսէց նահանգի Միտըլսեքս շրջանի շերիֆ Փիթըր Գութուճեան:
Երկու ժամ տեւողութեամբ յայտագրին հետեւեցան նաեւ հրապարակի վրայ եղող հազարաւոր զբօսաշրջիկներ ու անցորդներ: