Կարելի է այդպէս համարել, անշուշտ առանց վերջնական եզրակացութեան մը յանգելու:
Խօսքը, անցեալ Փետրուար 18-էն ի վեր ծայր առած ընդդիմադրութեան մասին է, որ շաբաթներ շարունակ շարունակեց իր հաւաքները…մինչեւ Ապրիլ 9-ը, ուր տեղի ունեցաւ, կամ աւելի ճիշդը տեղի ունեցան երդման արարողութիւնները: Ապա, հայորդիին համար յստակ են դէպքերու ընթացքն ու անցուդարձերը:
Բազմիցս կատարուեցան վերլուծումներ, որոնց մէկ մասը հաւանաբար կրկնուին, սակայն տարբեր ակնոցով դիտուած:
Առաջին հերթին, որքան ժամանակը կը թաւալէր, այդքան իրադարձութիւնները ի վնաս ընդդիմութեան կ՛ընթանար:
Բնականաբար հաւաքները, հետզհետէ կը կորսնցնէին իրենց ոյժն ու հետաքրքրութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ, սակայն ընդդիմադրութեան տիպարին` Րաֆֆի Յովհաննէսեանի շուրջ գտնուող խմբաւորումներուն միջեւ համախոհական մթնոլորտ գոյութիւն չունէր:
Այս իրադարձութիւններու լոյսին տակ, Հ.Յ.Դաշնակցութեան համար, դէպի անել տանող այս կացութեան միակ բանալին, յառաջիկայ շաբաթներու Երեւանի քաղաքապետութեան ընտրութիւններն էին, ուր նոյնինքն Րաֆֆի Յովհաննէսեանի թեկնածութիւնը կրնար յեղափոխութիւն ստեղծել, ուր հնարաւորութիւնը պիտի ըլլար հանգրուանային յաջողութիւն մը արձանագրելու, իշխանութիւններուն արմատական խորքային բարեփոխումներու մղելով:
Այսպէս, ընդդիմադիր միասնական ցուցակ մը, գլխաւորութեամբ նոյնինքն Րաֆֆի Յովհաննէսեանի կրնար իսկական կացութիւն մը ստեղծել: Սակայն, ան փոխանակ այլընտրանքներու եւ ազդեցիկ միջոցառումներու դիմելու, մնաց կամ փորձեց մնալ միշտ իբրեւ “տը ֆաքթօ“ ընտրուած նախագահ:
Ան դիմեց հացադուլի, միջոց մը որ ընդհանրապէս քաղաքական բեմահարթակէն աւելի ռազմական միջավայրէն ներս կը գործածուի, ուր Պապի Սենտցի (իրլանտացի այլախոհ) նման զօրաւոր կամքի տէր տիպար մը միայն կրնայ երթալ մինչեւ ծայրայեղութիւն: Մինչ այդ Յովհաննէսեան արդէն իսկ …երկրորդ անգամ ըլլալով դիմած էր հացադուլի:
Յովհաննէսեան “Ես եմ երկրին նախագահ“ի հաստատումը շարունակեց եւ այնքան մը որ, նոյնիսկ երբ Սերժ Սարգսեան “տը ժիւրէ“ կը կատարէր իր երդման պաշտօնական արարողութիւնը, “Կարէն Տէմիրճեան“ մարզահամալիրէն ներս, այլ արարողութիւն մըն ալ կը կատարուէր “Ազատութիւն“ հրապարակին վրայ, ուր ապահովութեան պատասխանատու ոստիկանապետ` Վլատիմիր Գասպարեան այնքան մը հմտութեամբ կրցաւ կացութեան տէր դառնալ, որ կրնայ ապագային դառնալ այլ ժողովրդականութիւն վայելող քարիզմա մը:
Այս կացութեան լոյսին տակ, բնականաբար դժուար պիտի ըլլան Երեւանի քաղաքապետութեան ընտրութիւնները:
Ահաւորը այն է թէ “Զուարթնոց“ օդակայանի մեկնողներու երկար շարքին կանգնած կրնան ըլլալ, մասնաւորաբար օրեր շարունակ “Ազատութիւն“ հրապարակին վրայ հաւաքուած հայորդիներ…