ԹԻԹՕ ՏԸ ԼՈՒՔԱ
(Իտալացի Լեռնագնաց, գրական ծածկանունով Ազատ Վարդանեան)
… Երբ կը կորսնցնենք մեր մտերիմ ընկերը, որդին կամ ծնողքը` դատարկութեան եւ լքուածութեան զգացում մը կ՛ապրինք: Կեանքիս գրեթէ կէսը նուիրած եմ պատմա-հնագիտական հետազօտութիւններուն, եւ այդ տարիներու ընթացքին յաճախ կորսնցուցած եմ ինծի համար թանկ ու հարազատ ընկերներ: Անոնց հեռանալուն պէս ինքզինքս զգացած եմ դատարկ, միայնակ եւ անկարող` շարունակելու համար ապրիլ ու գործել: Կը յիշեմ մօրս խօսքերը, որոնք նման պահերուն զիս քաջալերելով եւ կարծես խոր քունէն արթնցնելով ոտքի կը հանէին: Սակայն ինձմէ հեռացաւ նաեւ մայրս` թողելով զիս անասելի դատարկութեան եւ խոր լռութեան մէջ: Չէ որ մայր կորսնցնելը բոլորովին այլ բան է: …Այսպէս, որոշեցի երկար տարիներու յուշերս յանձնել թուղթին եւ ներկայացնել ընթերցողին:
… Երազներուս մէջ յաճախ կը տեսնեմ Արարատ լերան հարաւային կողմը` երեք հազար մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող քրտական այն վրանը, որ ինծի պատահած ողբերգական իրադարձութիւններէն յետոյ դարձած էր առաջին տունս: Ընտանիքի մայրը, որ հիւանդութիւններու պատճառով կորսնցուցած էր իր ութ զաւակները, դեռ ունէր վեց դուստր եւ մէկ որդի: Անոր մեծ մայրը հայ էր: Փրկուած էր 1915-ի կոտորածի ժամանակ քիւրտ հովիւներու կողմէ: Ուսումնասիրութեանս համաձայն` հայերու Ցեղասպանութեան տարիներուն` Արարատ լերան վրայ ապրող շատ հայեր բռնի կերպով իսլամացած եւ քիւրտ ընտանիքներու մաս կազմած են: Ամենեւին հեշտ չէր արգիլուած գօտիի մէջ հետազօտութիւններ կատարելը, ուր թրքական զօրքի եւ քիւրտերու միջեւ ռազմական բախումները շարունակական բնոյթ կը կրեն, եւ հրաձանաձգութիւններն ու ձերբակալութիւնները կարծես վերջ չունին: Խաղաղութիւնս կը գտնէի ինծի ծանօթ քիւրտ ընտանիքի մը վրանին մէջ:
Արարատի հարաւային կողմը` 3500 մեթր բարձրութեան վրայ այս ընտանիքը ունէր ամենաբարձր արօտադաշտը: Անոնց համար գնեցի դիմակաւոր ոչխարներ: Գիշերները կովկասեան հուժկու քամիի սուլոցին հետ` ականջիս կը հասնէին հինգ հարիւր ոչխարներուս մայիւնը: Կէսօրին, երբ կը մագլցէի վայրի լեռը, լաւաշի անոյշ բոյրը կարծես զիս կ՛արթնցնէր քունէն, ստիպելով հայեացքս պահ մը դարձնել լերան հիւսիս-արեւմտեան կողմը, ուր Արաքս գետէն այն կողմ բարեբեր Հայաստանն էր` երկրորդ հայրենիքս: Այնտեղ եւս հացը նոյնն էր, նոյն անունն ունէր, եւ կեանքն ալ հայ հովիւներուն համար Արագած լերան վրայ դիւրին չէր այնպէս, ինչպէս Արարատ լերան վրայ իմ քիւրտ ընկերներուս համար: Ձուկերով հարուստ Արաքսը` գետի ափերուն պտղատու ամէն տեսակ իր ծառերով, դարձած է անիմաստ եւ աւելորդ, անանցանելի սահման երկու ժողովուրդներու միջեւ: Քսանհինգ դար շարունակ Արարատը յանձնուած էր իր հայ խնամակալներուն, որոնք լերան` մինչեւ 2500 մեթր բարձրութեան վրայ ժամանակին հողամշակութեամբ կը զբաղէին, որու մասին կը վկայեն լերան բարձունքներուն իմ կողմէս յայտնաբերուած հսկայական ալրաղացները: Տխուր փաստ է այն, որ այդ տեղանքները այսօր անմշակ են եւ բնակեցուած սողուններով: …Առաջին տարիներու կատարած հետազօտութիւններս պարզեցին, որ հայաստանեան թանգարաններու մէջ եւ, յատկապէս, Վենետիկի Ս. Ղազար հայոց կղզիին մէջ Արարատի եւ Նոյեան Տապանի վերաբերեալ բազմաթիւ հին ձեռագիր մատեաններու եւ քարտէսներու մէջ մատնանշուած է Նոյեան Տապանի ճշգրիտ վայրը, ուր հայերու կողմէ դարեր շարունակ գաղտնի կերպով ուխտագնացութիւններ իրականացուած են` քահանաներու ուղեկցութեամբ: Այս հին ձեռագիրներն էին, որ զիս ուղղորդեցին դէպի աստուածաշնչական լերան քարանձաւները: Գրի առի այն հայ հովիւների վկայութիւնները, որոնք 1915 թուականէն սկսեալ մասնակցած էին նման ուխտագնացութիւններու: Անոնց վկայութիւններէն շատերը կը զուգադիպէին իրարու, եւ ես փորձեցի գտնել լերան վրայ գտնուող համապատասխան այդ վայրերը, յատկապէս` 1916 թուականին, ցար Նիկոլայ երկրորդի` շուրջ 150 մարդոց վկայութիւնները Արարատի վրայ սեւ խորխորատի վերաբերեալ: Ասոնք մարդիկ են, որ զիրար չեն ճանչցած իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին, սակայն անոնց պատմած մանրամասնութիւնները ակնյայտ նոյնանման էին: Օրինակ այն, որ տեղանքը միակողմանի ուղղաձիգ կիրճ էր, որուն ծայրը` տապանն էր կամ տապանի մնացորդները…:
Շատ հետաքրքիր էր լսել 1970 թուականին մահէն քիչ առաջ, հայ հովիւի` Գէորգ Յակոբեանի վկայութեան ձայնագրութիւնը այն մասին, թէ ինչպէս երեխայ ժամանակ` 1902 եւ 1904 թուականներուն, երկու անգամ Տապանի վրայ եղած է: Ուխտագնացութեան ժամանակ` հօրեղբօր հետ միասին, յաջողած է քալել աստուածաշնչական տապանի տանիքին վրայ: Պարզեցի, որ այդ տեղանքը Ահոր եւ Պառոտ կոչուող կիրճերու միջեւ է, որ ժամանակին հետազօտած եմ: Ցաւալի պատահարը, որ տեղի ունեցաւ լերան 4000 մեթր բարձրութեան վրայ, կանգնեցուց զիս, սակայն յաջորդ տարի վերսկսելով հետազօտութիւններս, վերջապէս կրցայ գտնել հայերու գաղտնի կայքը: Այդ կախարդական վայրի յիշողութիւնը` 1915 թուականին, լերան վրայ քրիստոնեայ հայերու բնաջնջումէն յետոյ անհետացած էր: Մինչ այս, անցեալին փայտէ զանազան հին գերաններ գտած էի լերան բարձունքներուն: Հետաքրքրաշարժ է այն փաստը, որ բոյսերէ զուրկ այս լեռը, աւելի քան 4300 մեթր բարձրութեան վրայ կը կրէ միջագետքի բնորոշ բոյսերու մնացորդներ, 2700 տարուայ հնադարեան նետեր եւ հինաւուրց կուռք` աւելի քան 4000 մեթր բարձրութեան վրայ: Պատմական հնագոյն ձեռագիրները եւ այս դաշտին մէջ կատարած հետազօտութիւններս խաչուելով իրարու` վերջապէս ցոյց տուին իրենց անհաւատալի արդիւնքները: Կազմակերպուեցան շարք մը գիտաժողովներ նաեւ` միջազգային:
Արարատին նուիրուած ցուցահանդէսները` սկսած Վենետիկ քաղաքէն, այս ամէնը, կարող էին ըլլալ տարիներու կատարած աշխատանքիս վարձատրութիւնները: … Լերան վրայ իմ կողմէս յայտնաբերուած ալրաղացները միակը չէին, որ կը վկայէին հայ հին ժողովուրդի մասին, այլ գտայ նաեւ գիւղեր եւ փոքրիկ քաղաքներ Արարատի բոլոր լանջերուն` մինչեւ իսկ լերան բարձունքները: Գիւղերէն մէկուն մէջ, լերան 2700 մեթր բարձրութեան վրայ յայտնաբերեցի կարպետներէ պատրաստուած մանուկի օրօրոց, որով ցեղասպանութենէն առաջ հայ հովիւները ձիերու վրայ երեխայ տեղափոխած են: Լերան այլ տեղանքներու մէջ գտայ նաեւ զանազան զարդեր, ապարանջաններ եւ յուռութներ: Հնագոյն քրիստոնէական եկեղեցիները, ոռոգման ջրատարները, ախոռները եւ բակերը կը խօսէին լաւ կազմակերպուած եւ զարգացած քաղաքակրթութեան մասին: Հնագոյն եկեղեցիներու ոճը նոյն էր` ինչ որ տեսած էի Հայաստանի մէջ: Քրիտոնէական այս կառոյցները շատ են Անատոլուի մէջ մինչեւ Վանայ լիճ: Անոնցմէ շատերը այսօր ալ լաւ պահպանուած վիճակի մէջ են: …Քիւրտ զինեալներու ուղեկցութեամբ այցելեցի այն քարանձաւները, որ ծառայած էին որպէս զանգուածային գերեզմանոցներ: Ահա աչքիս առջեւ էր այն, ինչ որ շուրջ մէկ դար արդէն կը թաքցնեն թուրքերը: Հազարաւոր հայերու` կիներու եւ երեխաներու ոսկորներ … : Այդ քարէ սպանդանոցին մէջ` հայերէն շատերը սպաննուած էին հիմնականին դաշոյններով:
Այս ամէնը լուսանկարեցի եւ տեսանկարեցի, քարտէսագրեցի այդ տեղանքները, ինչ որ յետագային ներկայացուցի տարբեր մակարդակի գիտաժողովներու ընթացքին: Բոլորը կ՛ապշէին, երբ կը տեսնէին քանի մը տարուան հաւաքած աշխատանքիս պտուղներու լուսանկարները եւ փաստերը: Հայ ժողովուրդը կատարելապէս անտեղեակ էր Արարատի վրայ նման տեղանքներու եւ այնտեղ կատարուած ողբերգական մանրամասնութիւններու մասին: …Մեծագոյն ուրախութիւն էր ինծի համար ջերմօրէն ընդունուիլ հայ հասարակութեան մէջ, հայկական համալսարաններու մէջ, Վեհափառ հօր` Կաթողիկոսի մօտ: Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը ամենեւին ալ մարած չէ եւ արիւնն ալ, որ թափուած է այդ աստուածշնչական Սուրբ լերան վրայ, այլեւս չի կրնար լռել, այլ այսօր արդէն յետմահու արդարութիւն կը պահանջէ:
… Արարատ լերան վրայ վերջին հետազօտութիւններու ժամանակ յայտնաբերեցի պատմական հին ձեռագիրներու մէջ յիշատակուող Սուրբ Յակոբի հնագոյն աղբիւրը: Կը պատմուի, որ մինչ Նոյեան Տապանի մնացորդներուն հասնիլը, հայ ուխտաւորները կը խմէին այդ աղբիւրէն: Այս զարմանահրաշ աղբիւրի ջուրը յայտնի էր իր բուժիչ յատկութիւններով: Ըստ աւանդութեան, ան կը բուժէր նաեւ մարդոց ամլութիւնը: Աղբիւրը կը գտնուի Ահոր կոչուող տեղանքին մէջ, ուր քիչ հեռու ալ ճգնաւոր Յակոբ Մծբնեցի Հայրապետի գերեզմանն է: Ըստ աւանդութեան, դէպի Նոյեան Տապան ուղեւորուող ուխտաւորները սովորութիւն ունէին քար դնել Ս. Յակոբի գերեզմանի մօտ ու խնդրել իրեն, որ դիւրացնէ Տապան տանող դժուարանցանելի ճանապարհը: Գերեզմանէն քիչ հեռու խաչքար է, ուրկէ ալ կը սկէր Տապան տանող ուղին:
Արդէն հրատարակուած կան շարք մը գիրքեր, որոնց կարգին “Արարատ, խորհրդաւոր լեռը“ խորագրով` իտալերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Նոյն խորագրով թողարկուեցաւ փաստավաւերագրական տեսաժապաւէն մը` իտալերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Շուտով պատրաստ կ՛ըլլան նաեւ սպաներէն եւ հայերէն: Ժապաւէնի բեմադրիչն է Ռոպերթօ Սորամայէն: Ֆիլմին մէջ հաւաքուած են, աւելի քան քսան տարիներու հետազօտութիւններս Արարատ լերան վերաբերեալ: Մանրամասն տեղեկութիւններու համար այցելել www.noahsark.it