100 ՏԱՐԵԿԱՆ… ՍԱԿԱՅՆ Հ.Օ.Մ.Ը ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ Է

0 0
Read Time:13 Minute, 33 Second

Ստո­րեւ լոյս կ’ըն­ծա­յենք Հ.Օ.Մ.ի Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.ի 89րդ Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղո­վի աւար­տին, ըն­կե­րու­հի Ար­փի Գիլ­եա­նի փո­խան­ցած խօս­քը.-

 

Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թիւնը իր մաս­նա­ճիւ­ղե­րով եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ եւ սրտի մեծ գո­հու­նա­կու­թեամբ կը ներ­կա­յա­նայ Հայ ժո­ղո­վուր­դի առաջ, յա­ռա­ջի­կայ տա­րին մեծ շու­քով տօ­նե­լու 100ամ­եա­կը կա­նա­ցի այս մեծ, բայց հա­մեստ կազ­մա­կեր­պու­թեան, կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը, որ անվ­հատ ու ան­յու­սա­հատ 100 տա­րի­ներ առանց դա­դա­րի, նուի­րու­մի եւ ծա­ռա­յու­թեան սքան­չե­լի ոգի­ով ու­նե­ցաւ իր այն­քան կեն­սա­կան դե­րը Հայ կեան­քի իրա­կա­նու­թեան մէջ:

100 տա­րի­ներ շա­րու­նակ իր հիմ­նադ­րու­թեան թուա­կա­նէն մին­չեւ այ­սօր, այս պատ­կա­ռե­լի կազ­մա­կեր­պու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ մնալ հա­ւա­տա­րիմ իր կո­չու­մին, որ­պէս բա­րե­սի­րա­կան, ազ­գօ­գուտ եւ ազ­գան­ուէր միու­թիւն մը, որ սրբա­զան առա­քե­լու­թեամբ ծա­ռա­յեց հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­մի­ջա­կան կա­րիք­նե­րը հո­գա­լու, եղաւ հոն, ուր հարկ էր, օգ­նեց ու­սա­նո­ղին, տկա­րին, չքա­ւո­րին, հիւան­դին: Բե­րաւ իր այն­քան կեն­սա­կան մաս­նակ­ցու­թիւնը ար­տերկ­րի ծնած սե­րունդ­նե­րու հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան աշ­խա­տան­քին, անոնց մէջ արթ­նա­ցուց հայ ապ­րե­լու, հա­յօ­րէն մտա­ծե­լու սքան­չե­լի ոգին:

Հարց կու տանք այ­սօր, արդ­եօ՞ք ու­րիշ ազ­գե­րու մէջ գո­յու­թիւն ու­նի նման կա­նա­ցի կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը, որ ծնունդ առած է հայ­րե­նի­քէն հե­ռու, գոր­ծած եւ ծա­ւա­լած օտա­րու­թեան մէջ, 100 տա­րի­ներ գո­յա­տե­ւած եւ տա­կա­ւին կը գո­յա­տե­ւէ նոյն­քան զօ­րեղ եւ կա­յուն, նոյն­քան վճռա­կան, որ­քան իր հիմ­նադ­րու­թեան թուա­կա­նին:

100 տա­րե­կան սա­կայն Հ.Օ.Մ.ը երի­տա­սարդ է:

Իր հիմ­նադ­րու­թեան թուա­կա­նէն 5 տա­րի վերջ հայ ժո­ղո­վուր­դին վե­րագր­ուե­ցաւ ակա­նա­տես ըլ­լալ հա­զա­րա­ւոր տա­րի­նե­րու իր պատ­մու­թեան ամե­նա­ող­բեր­գա­կան էջը: 1915ի գար­նան տաճ­կա­հա­յու­թիւնը կÿապ­րէր բնաջնջ­ման եւ տե­ղա­հան­ման ան­պատ­մե­լի շրջան մը: Ողջ թրքա­հա­յաս­տա­նը եւ արա­բա­կան անա­պատ­ներ դար­ձան գե­րեզ­ման 1.5 միլի­ոն ան­մեղ ժո­ղո­վուր­դին: Բազ­մա­հա­զար ու­րիշ­ներ 4000 տար­ուայ մեր պա­պե­նա­կան հո­ղե­րէն տե­ղա­հան եղան եւ ցրուե­ցան աշ­խար­հի չորս ծալ­քե­րը, ի մաս­նա­ւո­րի արա­բա­կան հիւ­րըն­կալ ափե­րուն:

Մեր հիմ­նա­դիր­նե­րը հոս չընկր­կե­ցան, չյու­սալք­ուե­ցան ընդ­հա­կա­ռա­կը աւե­լի մեծ կո­րո­վով ու վճռա­կա­նու­թեամբ լծուե­ցան աշ­խա­տան­քի՝ օր­ուան պա­հանջք­նե­րու եւ կա­րիք­նե­րու հա­մա­ձայն ծրա­գիր մշա­կե­լու, օգ­նե­լու բե­կոր­ուած եւ որ­բա­ցած տա­րա­գիր հա­յու­թեան:

Վե­րապ­րած հա­յու­թեան կա­րե­ւոր մաս մը հա­սաւ Ամե­րի­կա­յի այս ափե­րը: Որ­բա­նոց­նե­րէ դուրս եկած, ման­կու­թիւն չտե­սած, հո­գե­պէս մա­շած ու քայ­քայ­ուած, սա­կայն բնա­ծին ըն­դու­նա­կու­թեամբ յար­մա­րե­ցան այս նոր երկ­րի պայ­ման­նե­րուն, աշ­խա­տանք գտան, լե­զուն սոր­վե­ցան, կազ­մե­ցին ըն­տա­նիք­ներ, հա­րիւ­րա­ւոր կի­ներ ան­ցան Հ.Օ.Մ.ի շար­քե­րը եւ իրենց բո­վան­դակ կեան­քը նուի­րե­ցին ազ­գի հո­գա­տա­րու­թեան: Կար­ծէք սփո­փանք գտան այդ նուի­րու­մին մէջ:

Շատ ժա­մա­նակ չÿան­ցած բա­րե­սի­րա­կան այս ըն­կե­րու­թիւնը իր թե­ւե­րը պի­տի տա­րա­ծէր ար­տա­սահ­մա­նի բո­լոր հա­յա­շատ գա­ղութ­նե­րու մէջ:

Գո­յու­թիւն ու­նի՞ արդ­եօք նման կա­նա­ցի կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը ու­րիշ ազ­գե­րու մէջ:

Հոս ի մտի կու գայ մեզ­մէ յա­ւէտ բաժն­ուած մաս­նա­ճիւ­ղիս ըն­կե­րու­հի­նե­րէն մին՝ ըն­կե­րու­հի՝ Ով­սան­նա Ար­զու­հալճ­եա­նը: Կը պատ­մէր թէ ինք մատ­ղաշ պար­մա­նու­հի, ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէ ճո­ղոպ­րած, որբ ու անօգ­նա­կան, զա­նա­զան եր­կիր­ներ եւ ճամ­բա­ներ անց­նե­լէ յե­տոյ եր­կա­թու­ղա­յին գնաց­քով կը հաս­նի Շի­քա­կօ: Չէր գի­տեր թէ ո՞վ պի­տի գար դիմ­ա­ւո­րե­լու զինք: Երբ կը հաս­նի կա­յա­րա­նը, գի­տէ՞ք թէ ով­քեր կու գան դի­մա­ւո­րե­լու զին­քը, Շի­քա­կո­յի խա­չու­հի­նե­րը: Այն ժա­մա­նակ պի­տի ըլ­լա­յին ան­շուշտ  մեր հիմ­նա­դիր­նե­րը: Ընկե­րու­հի Ով­սան­նան այդ օր­ուը­նէ իսկ կÿուխ­տէ մի­ա­նալ խա­չու­հի­նե­րուն եւ իր կար­գին ծա­ռա­յել իր ազ­գին: Եւ այդ­պէս ալ եղաւ, ըն­կե­րու­հի Ով­սան­նան մին­չեւ մահ ծա­ռա­յեց եւ մնաց հա­ւա­տա­րիմ խա­չու­հի:

Ըն­կե­րու­հի Ով­սան­նան միայն մէկն էր, հա­րիւ­րա­ւոր ըն­կե­րու­հի­նե­րէն, որոնք իս­կա­պէս ապ­րե­ցան զո­հո­ղու­թեան հա­րա­զատ իմաս­տը եւ երբ մենք եկանք մեզ հա­մար անոնք եղան ներշնչ­ման աղ­բիւր:

Գո­յու­թիւն ու­նի՞ արդ­եօք նման կա­նա­ցի կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը ու­րիշ ազ­գե­րու մէջ:

Սի­րե­լի­ներ, Հ.Օ.Մ.ի 100ամ­եա­կի այս սե­մին, Ամե­րի­կա­յի Արե­ւել­եան շրջա­նի 89րդ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան հան­դի­սու­թեան այս երե­կոյ­եան եր­կիւ­ղա­ծու­թեան եւ երախ­տա­գի­տու­թեան զգա­ցում­նե­րով լի՝ պարտք կը զգանք յար­գան­քի եւ գնա­հա­տան­քի մեր տուր­քը մա­տու­ցա­նե­լու այս կազ­մա­կեր­պու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րուն, որոնք Հ.Օ.Մ.ի ծի­րէն ներս, Հ.Օ.Մ.ի դրօ­շի տակ ծա­ռա­յու­թեան ուխ­տով զի­նուո­րագր­ուե­ցան եւ եր­բեմն դժուա­րին պայ­ման­նե­րու տակ տուին իրենց նիւ­թա­կան, բա­րո­յա­կան, հո­գե­կան աջակ­ցու­թիւնը Հայ կա­րի­քա­ւո­րին: Հայ­րե­նի­քէն հե­ռու վե­րա­կեն­դա­նա­ցու­ցին հայ ար­ուեստն ու մշա­կոյ­թը, հիմ­նե­ցին դպրոց­ներ, օժան­դա­կե­ցին դպրոց­նե­րու:

Կար­միր ջար­դէն ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ, քա­ջօ­րէն պայ­քա­րե­ցան ճեր­մակ ջար­դի դէմ:

Սի­րե­լի ըն­կե­րու­հի­ներ, յար­գե­լի ժո­ղո­վուրդ, մեր հիմ­նա­դիր­նե րը գոր­ծե­ցին հայ­րե­նի­քէն հե­ռու: Անոնք մեզ նման բախ­տա­ւո­րու­թիւնը չու­նե­ցան տես­նե­լու Հա­յաս­տա­նը ազատ եւ իր վե­րել­քին մէջ: Հայ­րե­նի­քը իրենց հա­մար մնաց երազ մը: Մենք այդ երա­զը իրա­կա­նա­ցած կը տես­նենք: Այ­սօր, Հ.Օ.Մ.ը մայ­րա­կան ձեռ­քը եր­կա­րած է Հա­յաս­տա­նի մէջ, Ար­ցա­խի մէջ, Ջա­ւախ­քի մէջ: Հա­մակ գո­յու­թեամբ նուիր­ուած է իր հա­րա­զատ ժո­ղո­վուր­դին:

Բախ­տը ժպտաց մեզ: Մենք կը վա­յե­լենք մեր երկ­րի ար­շա­լոյ­սի ճա­ռա­գայթ­նե­րու ջեր­մու­թիւնը: Սա­կայն բախ­տա­ւոր է նա­եւ հայ­րե­նի­քը, որ կը վա­յե­լէ Հ.Օ.Մ.Ի սէրն ու գուր­գու­րան­քը: Հա­ւա­տա­րիմ իր ուխ­տին՝ Հ.Օ.Մ.ը այ­սօր կը սա­տա­րէ անոր ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան, առող­ջա­պա­հա­կան ընդ­հա­նուր վե­րել­քին:

Բախ­տա­ւոր է նա­եւ Հայ­րե­նի­քը:

Բա­նաս­տեղծ Մու­շեղ Իշ­խան գրած է բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն մը, նուիր­ուած իր մօր յի­շա­տա­կին, »Դուն Մի­ա­ցար Մեր Հո­ղին« խոր­ա­գի­րով, որ կար­ծէք իր խոր­հուր­դով իմաստ կու տայ եւ կÿար­ժե­ւո­րէ նա­եւ Հ.Օ.Մ.ի գո­յու­թիւնը հայ­րե­նի­քէն ներս:

Կար­դամ ձեզ երեք տու­նե­րը.

 

Դուն Մի­ա­ցար Մեր Հո­ղին

 

Մա¯յր իմ, արեւ ու

        հե­ռա­նու¯շ լուսն­կայ,

Դար­ձար նշխար ու

        մի­ա­ցար մեր հո­ղին

Եւ հոն անուշ հայ­րե­նի­քն

                    հնամ­եայ

Քիչ մÿաւե­լի անուշ­ցաւ…

 

Մա¯յր իմ՝ աղ­բիւր սի­րոյ

        ան­հաս հրաշ­քին,

Գա­ցիր ննջել Լու­սա­ւոր­չի

                    աստ­ղին տակ

Եւ սիրտն ան­հուն

  Հա­յաս­տա­նի մայր հո­ղին

Քիչ մÿաւե­լի մայ­րա­ցաւ…

 

Մա¯յր իմ՝ եր­դիկ, մա¯յր իմ՝

        սե­ղան տոհ­մա­կան,

Հա­րա­զատ բառ եւ սուրբ

           բար­բառ մայ­րե­նի,

Մեզ­մով հի­մա աշ­խարհն

               հա­յոց անն­ման

Քիչ մÿաւե­լի հա­յա­ցաւ…

 

Սի­րե­լի­ներ, Հ.Օ.Մ.ը երբ մի­ա­ցաւ մեր հո­ղին, Հա­յոց աշ­խարհ քիչ մÿաւե­լի անուշ­ցաւ, քիչ մÿաւե­լի մայ­րա­ցաւ, քիչ մÿաւե­լի հա­յա­ցաւ:

Ազատ ան­կախ Հա­յաս­տա­նի մէջ Հ.Օ.Մ.ը սէր եւ ան­վե­րա­պահ աջակ­ցու­թիւնը կը բե­րէ հայ­րե­նի­քի մեր ժո­ղո­վուր­դի, բա­րիք կը սփռէ »ժո­ղո­վուր­դիս հետ ժո­ղո­վուր­դիս հա­մար« նշա­նա­բա­նով:

Չկայ, նման կա­նա­ցի կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը, ու­րիշ որե­ւէ մէկ ազ­գի մէջ:

100ամ­եա­կի այս սե­մին, Արե­ւել­եան շրջա­նի 89րդ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի փակ­ման այս հան­դի­սու­թիւնը կը ձօ­նենք մեր կազ­մա­կեր­պու­թեան հիմ­նա­դիր՝ Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան ակա­նա­ւոր գոր­ծիչ Ակ­նունի­ին եւ անոր առաջ­նոր­դու­թեամբ իր կող­քին գոր­ծած բա­նակ մը խա­չու­հի­նե­րուն, որոնք իրենց անձ­նա­կան կեան­քի վրայ իրենց ըն­տա­նիք­նե­րուն կող­քին մի­ա­ցու­ցին Հ.Օ.Մ. ական կեան­քը եւ Հ.Օ.Մ.ի ըն­տա­նի­քը: Շունչ տուին բա­րե­սի­րա­կան այս միու­թեան եւ ահա­ւա­սիկ 100 տա­րի­ներ յե­տոյ Հ.Օ.Մ.ական սե­րունդ­ներ տա­կա­ւին կը տո­ղան­ցեն Հ.Օ.Մ.ի դրօ­շի տակ նոյն շուն­չով, նոյն գա­ղա­փա­րա­կա­նով:

Յար­գանք ձեզ, սի­րե­լի հան­գուց­եալ ըն­կեր­ներ եւ ըն­կե­րու­հի­ներ, կրնաք ննջել հան­գիստ, դուք Հայ կնոջ մէջ ար­թուն պա­հե­ցիք իր մե­ծա­գոյն յատ­կա­նիշ­նե­րը, Հայ կին ըլ­լա­լու, Հայ մայր ըլ­լա­լու Հ.Օ.Մ.ու­հի ըլ­լա­լու:

Այս երե­կոյ կը խո­նար­հինք ձեր յի­շա­տա­կին առաջ.

100ամ­եա­կի այս սե­մին անոնց խոր­հուր­դը եւ ուխ­տը կը վե­րա­նո­րոգ­ուի մեր բո­լո­րի սրտե­րուն մէջ:

Այն ու­ղե­գի­ծը, որ գծե­ցին եւ հե­տե­ւե­ցան հա­ւա­տար­մօ­րէն մենք այ­սօր որ­պէս անոնց հա­ւա­տա­ւոր ժա­ռան­գորդ­նե­րը կը շա­րու­նա­կենք ըն­թա­նալ նոյն ուղի­ով, նոյն ոգի­ով, կը շա­րու­նա­կենք պա­հել կազ­մա­կեր­պու­թեան ամ­բող­ջու­թիւնը եւ ներ­դաշ­նա­կու­թիւնը: Մենք լա­ւա­գոյն ձե­ւով կը շա­րու­նա­կենք իրենց գոր­ծը առա­ւել կամ նուազ դժուա­րու­թիւն­նե­րով: Մեր գո­յու­թիւնը որ­պէս ժա­ռան­գորդ­նե­րը մեր հիմ­նա­դիր­նե­րուն կրնանք լի­ո­վին ար­դա­րաց­նել եւ ար­ժե­ւո­րել:

Այ­սօր 100ամ­եա­կի այս սե­մին Հ.Օ.Մ.ական­նե­րը աշ­խար­հի ծայ­րէ ծայր կրնան կանգ­նիլ Հայ ժո­ղո­վուր­դի առաջ եւ ըսել.

-Ար­ժա­նա­ւոր ժա­ռան­գորդ­ներն ենք մեր հիմ­նա­դիր­նե­րուն:

Մեր խօս­քը փա­կե­լէ առաջ մեր խոր­ին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք գե­րաշ­նորհ Տէր Անու­շա­ւան Դանի­էլ­եա­նին: Սրբա­զա­նը ներ­կայ գտնուե­ցաւ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի բաց­ման հան­դի­սու­թեան եւ տուաւ իր խրա­խու­սիչ պատ­գա­մը:

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն մեր գա­ղու­թի Տէր Հօր.

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն բո­լոր հիւ­րե­րուն եւ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն: Ըն­տա­նե­կան եւ անձ­նա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը կրկին մէկ­դի թո­ղե­ցիք, եկաք ան­գամ մը եւս ձեր օրե­րը տրա­մադ­րե­լու ազ­գին: Կը յու­սանք, որ ձեր այ­ցե­լու­թիւնը հոգ չէ թէ առա­քե­լու­թեամբ մը եղաւ հա­ճե­լի եւ յի­շա­տա­կե­լի: Կը յու­սանք, որ գոհ մնա­ցիք մեր գա­ղու­թի եւ մեր մաս­նա­ճիւ­ղի ըն­դու­նե­լու­թե­նէն:

Պէտք է ըսել, որ Շի­քա­կո­յի գա­ղու­թը միշտ եղած է հիւ­րըն­կալ եւ հիւ­րա­սէր:

Գնա­հա­տան­քի խօսք կÿուղ­ղենք նա­եւ Շի­քա­կո­յի Զա­պէլ Մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան:

Մեր շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք դադ­րող շրջա­նի վար­չու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րուն: Եր­կու տա­րի եւ աւե­լի օրի­նա­կե­լի վար­քով եւ զո­հա­բե­րու­թեամբ ձեզ վե­րա­պահ­ուած առա­քե­լու­թեան գի­տա­կից՝ լի­ո­վին կա­տա­րե­ցիք ձեր գոր­ծը եւ ար­ժա­նա­ցաք մաս­նա­ճիւ­ղե­րու եւ գա­ղութ­նե­րու գնա­հա­տան­քին: Վարձ­քեր­նիդ կա­տար:

Կը շնոր­հա­ւո­րենք նո­րըն­տիր Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւնը: Կը մաղ­թենք ձեզ կո­րով, համ­բե­րու­թիւն եւ քա­ջու­թիւն: Կաս­կած չÿու­նինք, որ ձեր ձեռ­նար­կած ծրա­գիր­նե­րը պի­տի պսակ­ուին յա­ջո­ղու­թեամբ, որով­հե­տեւ ձեր կող­քին միշտ կանգ­նած պի­տի մնայ Հայ ժո­ղո­վուր­դը իր սքան­չե­լի ոգի­ով, ապա­գա­յի յոյ­սով եւ ան­խախ­տե­լի հա­ւատ­քով:

Հ.Օ.Մ.ի աշ­խա­տանք­նե­րը միշտ յա­ջո­ղու­թեամբ կը պսակ­ուին, որով­հե­տեւ Հայ ժո­ղո­վուր­դը միշտ կը նուի­րէ սրտա­բուխ քաջ գիտ­նա­լով, որ իր նուէ­րը կը յատ­կաց­ուի Հայ որբ մը խնա­մե­լու, հայ ու­սա­նող մը կար­դաց­նե­լու, մայ­րա­նոց մը բա­նա­լու, հիւանդ մը բժշկե­լու, եկե­ղեցիին օգ­նե­լու, դպրոց մը կա­ռու­ցա­նե­լու:

Բա­րով եկաք, բա­րով եր­թաք:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles