ԼՐՋԱՆԱ՛ՆՔ

0 0
Read Time:6 Minute, 15 Second

 

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Աւե­լի քան եր­կու տաս­նամ­եակ կ՛ըլ­լայ ար­դէն, որ աշ­խար­հը կորսն­ցու­ցած է Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. պա­տե­րազ­մէն ետք իրա­կա­նա­ցած հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւնը եւ կը փնտռէ նո­րը. ցարդ չէ յա­ջո­ղած զայն գտնել, որուն պատ­ճա­ռով առօր­եայ դրու­թեամբ կը վտանգ­ուի երկ­րա­գուն­դի զգա­յուն կէ­տե­րու շրջա­նա­յին խա­ղա­ղու­թիւնը, իսկ յա­ճախ` մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղու­թիւնը:

Խորհր­դա­յին Միու­թեան ինք­նա­հաշ­ուե­յար­դա­րով թեւ առաւ տնտե­սա­կան գե­րա­զա­տա­կա­նու­թիւնը, որ աշ­խար­հի երե­սին շնչող իւ­րա­քան­չիւր էա­կին խոս­տա­ցաւ տնտե­սա­կան բար­գա­ւա­ճում ու բա­րօ­րու­թիւն` հա­ւա­տա­լով բո­լո­րո­վին ազատ շու­կա­յի հրա­շա­գործ յատ­կու­թիւն­նե­րուն: Այ­սօր, եր­կու տաս­նամ­եակ­նե­րու փոր­ձա­ռու­թե­նէ ետք, փոր­ձի ձա­խո­ղու­թիւնը ակն­բախ է: Ոչ միայն ատե­նին “զար­գա­ցող“ (իմա` յե­տամ­նաց) եր­կիր­նե­րը աւե­լի աղ­քատ են, քան` ժա­մա­նա­կին, այլ` ատե­նին ար­դէն զար­գա­ցած պե­տու­թիւն­ներ հա­սած են սնան­կու­թեան սե­մին: Ու­նե­ւո­րի եւ աղ­քա­տի մի­ջեւ վի­հը լայն­ցած ու խո­րա­ցած է, ինչ որ դու­ռը լայն բա­ցած է ծայ­րա­յե­ղա­կան` ազ­գայ­նա­մոլ, կրօ­նա­մոլ ու ցե­ղա­պաշտ շար­ժում­նե­րուն առ­ջեւ. վեր­ջին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին անոնք ամէ­նու­րէք հսկա­յա­կան յա­ռաջ­խա­ղացք ար­ձա­նագ­րած են: Դեռ մօ­տա­ւոր անց­եա­լին մարդ­կու­թիւնը ճա­շա­կած է ծայ­րա­յե­ղա­կան գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւն­նե­րու ար­ձա­կած թոյնն ու անոր հե­տե­ւանք­նե­րը: Իսկ ներ­կա­յիս` Հա­նի­պա­լը դրան առ­ջեւ է. ար­եան հո­տը սկսած է տա­րած­ուիլ:

Հա­յու­թիւնը ի վի­ճա­կի՞ է դի­մագ­րա­ւե­լու պատ­րաս­տու­թեան վեր­ջին փու­լին հա­սած ու­ժեղ ցնցու­մը: Ար­դա­րեւ, ո՞ւր կը գտնուի այ­սօր հա­յու­թիւնը մի­ջազ­գա­յին այս խառ­նի­ճա­ղան­ճին մէջ: Դեռ կը գոր­ծէ՞ արդ­եօք ինք­նա­պահ­պան­ման հա­ւա­քա­կան բնազ­դը, որ զինք նոյ­նիսկ ան­գի­տակ­ցա­բար կրնայ պաշտ­պա­նել հո­րի­զո­նին վրայ ար­դէն երեւ­ցող փո­թո­րի­կէն եւ հու­րէն: Ամէն ինչ ցոյց կու տայ, որ հա­կա­ռակ վեր­ջին եր­կու դա­րե­րու ըն­թաց­քին ձեռք բեր­ուած քա­ղա­քա­կան փոր­ձա­ռու­թեան, կը յա­մե­նանք տա­կա­ւին նստիլ սկսնակ­նե­րուն յա­տուկ նստա­րան­նե­րուն վրայ:

Կաս­կա­ծէ վեր է ան­շուշտ, որ հա­յու­թիւնը իր վեր­ջին եր­կու դա­րե­րու պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին այն­քան ու­ժեղ չէ եղած, որ­քան` այ­սօր: Շատ ման­րա­մաս­նե­լու պէտք չկայ ատի­կա տես­նե­լու հա­մար. կայ ան­կախ պե­տու­թիւն` իր բա­նա­կով մէկ­տեղ. ցնցո­տի­նե­րու եւ խլեակ­նե­րու գաղ­թա­կա­նու­թիւնը շա­տոնց ան­ցած է պատ­մու­թեան. նիւ­թա­կան, մտա­ւոր ու մշա­կու­թա­յին կա­րո­ղա­կա­նու­թիւնը ան­հա­մե­մատ բարձ­րա­ցած է:

Մի­ա­ժա­մա­նակ սա­կայն ան­հա­մե­մատ բարձ­րա­ցած է նա­եւ հա­յու­թեան մե­ռե­լա­թա­ղե­րու` Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Թուրք­իոյ կա­րո­ղա­կա­նու­թիւնը. շատ աւե­լի` քան հա­յու­թեան կա­րո­ղա­կա­նու­թիւնը: Ատր­պէյ­ճա­նը իր աստ­ուա­ծա­տուր տնտե­սա­կան ու­նա­կու­թեամբ սկսած է կա­րե­ւոր դեր խա­ղալ կով­կաս­եան շրջա­նա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ. գի­տենք, որ ու­ժեղ տնտե­սու­թեան տէր եղո­ղը կրնայ ուշ կամ կա­նուխ օժտ­ուիլ նա­եւ հա­սա­րա­կա­կան զար­գաց­ման այլ ստո­րո­գե­լի­նե­րով: Թուրք­իա 20-րդ դա­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան ըն­տա­նի­քին կող­մէ ար­հա­մարհ­ուած Արե­ւել­քի “հիւանդ մարդ“-ը չէ, այլ` Մի­ջին Արե­ւել­քի ամէ­նէն կա­յա­ցած պե­տու­թիւնը եւ նա­խա­պէս զինք ար­հա­մար­հող քա­ղա­քա­կան ու­ժեղ Արեւ­մուտ­քի ու­ժեղ ու յարգ­ուած դաշ­նա­կի­ցը:

Միւս կող­մէն, ներ­կա­յի մի­ջազ­գա­յին չա­փա­զանց ան­բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րուն մէջ հա­յու­թիւնը կը դի­մագ­րա­ւէ լուրջ կա­ցու­թիւն­ներ: Իր­մէ ան­կախ ու ծա­նօթ պատ­ճառ­նե­րով Մի­ջին Արե­ւել­քի հայ­կա­կան բո­լոր գա­ղութ­նե­րը կը մա­շին, կը հա­լին, կը փոք­րա­նան. անոնք սփիւռ­քա­հա­յու­թեան հայ­կա­կա­նու­թեան պահ­պան­ման ող­նա­սիւնը հան­դի­սա­ցած են, երբ հայ­րե­նի­քը այլ ոչ­խար­ներ կե­րակ­րե­լով զբա­ղած էր: Իսկ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւնը իր իշ­խա­նու­թեամբ եւ ժո­ղո­վուր­դով կ՛ապ­րի լուռ տագ­նապ մը, որ յա­տուկ է հի­աս­թափ­ուած, այդ հի­աս­թա­փու­թեան պատ­ճառ­նե­րուն հա­մա­կեր­պած, այդ հա­մա­կերպ­ման պատ­ճա­ռով ամ­լա­ցած ու դան­դաղ քայ­լե­րով դէ­պի ինք­նա­լու­ծա­րում առաջ­նոր­դուող հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րու. տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն ու շքան­շան­ներ` ֆան­ֆար­նե­րով ու կա­թո­ղի­կոս­նե­րով, ինչ­պէս մօ­տա­ւո­րա­պէս պի­տի ըսէր Կոս­տան Զար­եան. փայ­լուն կե­ղե­ւով, ներ­սը` իր սնու­ցած որ­դե­րէն պար­պուող սա­լոր. ան­շուշտ գոյ է տա­կա­ւին առողջ կո­րի­զը, որ մի­ակ յոյսն է շրջա­դար­ձի:

Այդ կո­րի­զը նախ ինք գի­տա­կից պէտք է դառ­նայ առ­կայ ան­մի­ջա­կան վտանգ­նե­րուն, որոնք կը սպառ­նան ո՛չ միայն պե­տու­թեան, այ­լեւ` ազ­գի ֆի­զի­քա­կան գո­յու­թեան: Վտան­գի գի­տակ­ցու­թիւնը իրեն հետ կը բե­րէ լու­ծում­նե­րու ծրա­գիր, առաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու դա­սա­կար­գում, անի­մաստ կամ երկ­րոր­դա­կան հար­ցե­րու հե­տապնդ­ման գէթ առ­ժամ­եայ վեր­ջա­կէտ, ան­տե­ղի ու ան­վեր­ջա­նա­լի վէ­ճե­րու աւարտ: Այդ գի­տակ­ցու­թիւնը ինք­նա­բե­րա­բար կը փո­խանց­ուի հայ­կա­կան ընդ­հա­նուր հա­սա­րա­կու­թեան` կազ­մե­լու հա­մար հա­մա­հայ­կա­կան բռունցք, որուն անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը կրկին կը զգաց­ուի մեր օրե­րուն:

Կա­ցու­թիւնը լուրջ է եւ լրջու­թիւն կը պա­հան­ջէ. կը մնայ լրջա­նալ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles